ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՕՁ

- Պարոն, մարդ մը ինչպէ՞ս 13 տարի կրնայ ապրիլ օձերու մէջ։

- Հաւատքի ոյժով եւ հրաշքով... Վերջինները դուք էք, մի՛ վախնաք, իջէք, այսօր վիրապի մէջ օձեր չկան։

Աշակերտական խումբով, Յունիսի այս շոգ օրը հասած ենք Խոր Վիրապ։ Բոլոր պատանիները համարձակ գտնուած ու իջած են այն վիրապը, որուն մէջ 1700 տարի առաջ դատապարտեալները կը նետուէին- քստմնելի մահապատիժ, քանզի Արտաշատ մայրաքաղաքի շրջակայ բլուրներու վրայ գտնուող այս վիրապները բնակեցուած կ՚ըլլային օձերով։ Այսօր օձեր չկան։ Այսօր, ամառնային օրերուն, արեւածագէն մինչեւ մայրամուտ Խոր Վիրապը ողողուած է... զբօսաշրջիկներով եւ ուխտաւորներով։ Իջնելու կարգը եկած է Կաթիլին եւ Վէմին։ Կը նկատեմ, թէ վերջինը աղջկան ձեռքը բռնած էր, որպէսզի քաջալերէ անոր։ Երբ անոնք երկաթեայ սանդուխէն վար կ՚անհետանան, իր գլուխը դուրս կը ցցէ «օձ» բառը։

Յարգելի ընթերցող լաւ չէ օձի լեզու ունենալ, բայց ուրախ ենք, որ մեր լեզուն ունեցեր է «օձ»։ Հանդարտ միավանկ է ան, երեւոյթով անմեղ եւ անվտանգ։ Սակայն, եթէ ստուգենք պատմութիւնը, կը տեսնենք, թէ «օձ»ը իր ետին ձգեր է ոլորապտոյտ թունաւոր արահետներ։

Բնիկ հայկական բառ է ան։ Որպէս շրջահայեաց, խորամանկ եւ իմաստուն գոյական, ան հայկական գրական լեզուէն ներս սողացող առաջին բառերէն մէկը եղեր է։ Ահա, թէ 5-րդ դարուն պատմիչ Ագաթանգեղոսը ի՛նչ կ՚ըսէ Խոր Վիրապի մասին. «Իսկ այլ մարդիկ որ միանգամ իջուցեալ էր անդր ամենեքեան մեռեալ էին վասն դժնդակ չարաշունչ դառնութեան տեղւոյն վասն կարակում տղմին օձախառն բնակութեան»։ Նոյն դարուն Ղազար Փարպեցին օգտագործեր է մէկ այլ զարհուրելի բառ՝ «օձաշունչ»։ Զգուշութեամբ պէտք է բանալ նաեւ Աստուածաշունչի էջերը, քանի որ «օձ» կայ անոր 59 էջի մէջ։ Հոն կը բանկին նաեւ «օձամարտ» եւ «օձահար» բառերը։ Դիւրութեամբ յարմարելով մեր լեզուի ջերմ միջավայրին, ան սկսեր է վխտալ հայոց ոսկեդարեան եւ ուշ միջնադարեան բառապաշարի մէջ։ 6-րդ դարուն ունեցեր ենք «օձակալ» եւ «օձաձեւ», 9-րդ դարուն՝ «օձահալած» եւ «օձաշունչ», իսկ 10-րդ եւ 11-րդ դարերուն՝ «օձաբնակ» եւ «օձակերպ» ածականները։ Ահա վերջինին համար երկու օրինակ. «Գաւազանն Մովսէսի օձակերպ եղեւ» «Օձակերպ բերանովն համբուրեաց զնայ»։ Սակայն, յարգելի ընթերցող, ամենէն սարսափազդուն 14-րդ դարն էր։ Ո՛չ թէ միայն «օձաբար», «օձաբարոյ» եւ «օձախաղաց» բառերը յայտնուեցան, այլ նաեւ Ասիոյ աւազուտներէն Հայաստան թափանցեց իշխանաւոր մը, որ իր չարագործութիւններով նման էր օձի։ Լենկթեմուրն էր ան։ Տեսնենք, թէ Յովհաննէս Թումանեանը ինչպէս նկարագրեր է այդ անօրէնը. «Լենկթեմուրն եկաւ, հուրն ու սուրն եկաւ / Անօրենն եկաւ, եկա՜ւ ու եկա՜ւ. / Հաւաքեց, կիտեց մեր ազգը Հայոց / Փաթաթեց, պատեց, ինչպէս վիշապ-օձ»։ Կը տեսնէք, բառը արդէն ստացաւ փոխաբերական իմաստներ, ինչպէս՝ նենգաւոր, խարդախ, թունոտ մարդ։ Ընդունիլ պէտք է, որ բառերու հարստութիւն մըն է «օձ» արմատը։ Հարիւրէն աւելի բարդ եւ ածանց բառ ունինք «օձ»ով շինուած։ Յիշենք անոնք, որոնք առաւել պատկերալից են. օձաբերան, օձաբնոյթ, օձագլուխ, օձադեղ, օձազգի, օձալեզու, օձահմայութիւն, օձամաշկ, օձաշշուկ, օձապաշտութիւն, օձասպան։ Յիշել կ՚արժէ նաեւ անոնց տեսակները. պղնձօձ, սահնօձ, պսակաօձ, կատուաօձ, վիշապօձ։ Մեր նախահայրերը նկատելով այդ բոլորը մտածեր էն նոյնքան պատկերալից դարձուածքներ եւ արտայայտութիւններ. «օձ աւազակ», «քաղցրութեամբ օձն ի ծակէն ելանէ», «օձի լեզու» ճարտար եւ չար լեզու, «օձի պէս պաղ», մարմինը սառած, անարտայայտիչ դէմքով, «օձի կծած» սաստիկ չար եւ անգութ, շատ փորձառու... Իսկ եթէ մէկը չափազանց ագահ է եւ կեղեքող՝ «օձէն եօթը կաշի հանող» մարդ է ան։

Աշակերտները վիրապէն ապահով դուրս կ՚ելլեն ու կը վկայակոչեն, թէ չկային օձեր։ Բայց ես կը լսեմ անոնց ձայները, հեռու եւ մօտիկ, բարբառային տարբերակներով. Մշոյ մէջ՝ օծ, Զէյթունի մէջ էօ՝ծ, Հաճընի մէջ՝ էձ, Արցախի մէջ՝ օ՝խծը, Մուսա լերան վրայ՝ ուց, իսկ Ագուլիսի մէջ՝ աղձ։ «Օձ» բառը, զարմանալի չէ, որ միշտ ներկայ է եղած մեր գրականութենէն ներս։ Գրիգոր Նարեկացին մտայղացեր է օձի երեք նկարագրութիւն. «օձ յաղթանդամ», «օձ ցամաքային անճոռնի» եւ «օձք մեծամեծք ցամաքայինք»։ Ներսէս Շնորհալիի համար սրբուհի Հռիփսիմէին նուիրուած տաղի ներշնչում էր ան. «Օձասպան արագիլ դու արդար. / Հրեշտակ հրաշագեղ Հռիփսիմէ»։ «Օձ» բառը յարմար եկաւ նաեւ նախորդ դարու հայ հեղինակներու համար։ Գրիգոր Զոհրապ անով նկարագրեց գեղատեսիլ Վոսփորը. «Վոսփորը կ՚երեւար, կ՚ընդհատուէր յանկարծ, նորէն կը սկսէր, կը դառնար, կը գալարէր, տիտանեան օձի մը պէս»։ Նոյն հեղինակը աղջկան մը գալարուն մազերը դիտեց որպէս օձ. «Շուշանի մը ճերմկութեամբ, նրբահասակ աղջիկ մըն էր. մազերը իրենց անսովոր ու ծայրայեղ դեղինի մը սաստկութեանը մէջ, գլխուն վրայ ամփոփուած, ինքն իր վրայ գալարուած ոսկեձոյլ օձի մը մորթին շլացումը կու տային»։ Նոյն տպաւորութիւնը ունեցաւ Լեւոն Շանթը. «Ա, իր նուրբ ճկուն մէջքը կանացի. / Եւ թիկունքէն վար սեւ գիսակը ճոխ՝ / Օձի պէս սողուն ու աչքի կառչող»։ Յակոբ Պարոնեանի համար պոլսոյ թաղ մըն էր օձը. «Արտաքին Քում Քաբուն բոլորովին տարբեր է ներքին Քում Քաբուէն, ինչպէս որ ամեն մարդու ներքինն տարբեր է արտաքինէն։ Քում Քաբուի ներքինն օձ է, իսկ արտաքինն աղաւնի»։ Իսկ Վահան Տէրեանի գրչին տակ օձը դարձաւ կանացի թովչութիւն. «Կայ խորհրդաւոր մի հըրապուրանք / Քո շարժումների անխօս զրոյցում, / Ինչ-որ օձային ինքնահիացում», «Օձեղէն մարմնով փարուել ես կրծքիս»։ Սակայն օր մը, «օձ» բառը դուրս ելաւ իր բունէն ու փորձանք բերաւ մեր գլուխին։ Այդ օր լռեցին գեղեցիկը եւ բարին պաշտող մեր բանաստեղծներու եւ նորավիպագիրներուն քնարը։ Անոր ահռելի երեսը առաջին տեսնողը Եղիշէ Չարենցն էր, երբ որպէս կամաւոր զինուոր Վան կ՚երթար քաղաքը պաշտպանելու համար։ Ճամբուն վրայ հայու դիակներ ու դիակներ... Տղան հասկցաւ, թէ այդ ճամբան չէ՛ այնքան աննենգ, այնքան ոսկեգոյն եւ այնքան ողջունող, որքան կը կարծէին։ «... Ճամբան, անծայր իրանը փռած, թաւալւում էր մի հսկայ օձի պէս»։ Սիամանթոյի համար օձը հայուհիներ սպաննող հարբած շուայտներու սուրն էր. «Քսան հարսներն գեղադէմ գետին ինկան պարտասած... / «Ոտքի ելէք», գոռացին, մերկ սուրերնին օձերու պէս շարժելով»։ Պարոյր Սեւակը տագնապի մէջ տեսաւ Կոմիսատը եւ հայրենիքը. «Օդում կախուեց աշխարհակուլ մի պատերազմ / Իսկ գարուն էր…/ Լեռնաշխարհի կատարներին / Ձիւնը... գալարքով վիշապ օձի / Ձոր ու կիրճ էր իրեն գցում»։

Այսօր Խոր Վիրապի մէջ օձեր չկան։ Այսօր կան սփիւռքահայ պատանիներ, որոնք սէր կ՚որոնեն։ Այսօր Աշուղ Ճիւանիի սիրային երգի մը իմաստուն խօսքերով հրաժեշտ տանք Խոր Վիրապին եւ օձերուն.

Գիշերը հանգիստ, խաղաղ նստենք մի տեղ, զրոյց անենք,

Իմ գեղեցիկ, իմ գովելի, երեկոյեան դէմ արի,

Շոգերին դուրս է գալիս իւր բնիցը վատ սողունը,

Թունաւոր օձը, գարշելի, երեկոյեան դէմ արի։