«Եթէ քու առջեւ նպատակ կը դնես, ապա անպայման կը հասնիս այդ նպատակին...»

«Ակօս»ի նախորդ թիւերուն վրայ ծանօթացուցած էինք Կիլիկիան թագաւորութեան պատմական անցեալը նիւթ առնող ժապաւէնի մասին։ Այս թիւով մեր ընդերձողներուն ուշադրութեան կը յանձնենք Սարիկ Սեւադայի շահեկան հարցազրոյցը ֆիլմի բեմադրիչ եւ սցենարի հեղինակ Աշոտ Առաքելեանի հետ։

ՍԱՐԻԿ ՍԵՒԱԴԱ

 

Ողջոյն Աշոտ, խօ­­սինք «Կի­­լիկիա. Առիւծնե­­րի եր­­կիր» ֆիլ­­մի ստեղծման մա­­սին։ Ինչպէս առա­­ջացաւ նա­­խագ­­ծի ստեղծման գա­­ղափա­­րը։

Այս նա­­խագի­­ծը կեան­­քի կո­­չուած է «Գո­­հար» սիմ­­ֆո­­­նիկ նո­­ւագախմբի եւ երգչախմբի հիմ­­նա­­­դիր՝ Խա­­չատու­­րեան ըն­­տա­­­նիքի, մաս­­նա­­­ւորա­­պէս, լի­­բանա­­նահայ Յա­­րութ Խա­­չատու­­րեանի նա­­խաձեռ­­նութեամբ։ Ֆիլ­­մը նպա­­տակ ու­­նի սե­­րունդնե­­րու մէջ վառ պա­­հել եր­­բեմնի հզօր եւ հպարտ թա­­գաւո­­րու­­թեան ժա­­ռանգնե­­րը ըլ­­լա­­­լու գա­­ղափա­­րը։ Կի­­լիկիայի պատ­­մութիւ­­նը ներ­­կա­­­յաց­­նող ֆիլ­­մը մեծ ար­­ձա­­­գանգ գտաւ յատ­­կա­­­պէս լի­­բանա­­նահա­­յերու ու աշ­­խարհաս­­փիւռ հա­­յերու շրջա­­նին, քա­­նի որ անոնց մե­­ծամաս­­նութիւ­­նը իր ար­­մատնե­­րով հէնց այնտե­­ղէն կը սե­­րէ։ Կի­­լիկիոյ դրօշ­­նե­­­րը, որոնք բազ­­միցս ծա­­ծանո­­ւած են «Գո­­հար»ի հա­­մերգնե­­րու ժա­­մանակ բազ­­մա­­­հազար հան­­դի­­­սատե­­սի կող­­մէ, այժմ ծա­­ծանուելու են էկ­­րա­­­նէն այն կողմ՝ պատ­­մա­­­կան հե­­րոս­­նե­­­րու ձեռ­­քե­­­րուն։ Պէտք է նշեմ, որ շատ հե­­տաքրքիր եւ միեւ­­նոյն ժա­­մանակ պար­­տա­­­ւորեց­­նող է «Գո­­հար»ի հետ աշ­­խա­­­տիլը, քա­­նի որ ար­­դէն եր­­կար տա­­րիներ բազ­­մա­­­թիւ նա­­խագի­­ծեր իրա­­կանա­­ցու­­ցած ենք եւ այդժամ՝ հա­­մագոր­­ծակցու­­թիւնը մատ­­նո­­­ւած եղած է մշտա­­կան յա­­ջողու­­թեան։ 2015-ին Լի­­բանա­­նին կա­­յացած հա­­մեր­­գա­­­յին ծրագ­­րե­­­րու պատ­­րաստման ժա­­մանակ հա­­մացան­­ցի նիւ­­թեր կը փնտրէին Կի­­լիկիայի թա­­գաւո­­րու­­թեան մա­­սին՝ չգտնե­­լով այդ ժա­­մանա­­կաշրջա­­նի մեր պատ­­մութիւ­­նը ար­­տա­­­ցոլող որե­­ւէ պատ­­շաճ ֆօ­­թօ կամ վի­­տէօ նիւթ, միտք առա­­ջացաւ տե­­սանե­­լի դարձցնել մեր հա­­յոց հպարտ թա­­գաւո­­րու­­թեան մա­­սին պատ­­մութիւ­­նը։ Ար­­դիւնքին սկսո­­ւեց Կի­­լիկիայի մա­­սին պատ­­մող առա­­ջին եւ միակ կի­­նօժա­­պաւէ­­նի ստեղծման գոր­­ծընթա­­ցը, որն այս պա­­հին պատ­­րաստ է հա­­մաշ­­խարհա­­յին կի­­նօար­­տադրու­­թեան ոլոր­­տին յայտնի եւ ըն­­դունո­­ւած ֆիլմ-ակ­­նարկի ձե­­ւաչա­­փով։

 

Ի՞նչ ձե­­ւաչա­­փով նկա­­րահա­­նուած է ֆիլ­­մը։

Ֆիլմ-ակ­­նարկնե­­րու ար­­տադրա­­կան ըն­­թացքը թէ՚ ժա­­մանա­­կացոյ­­ցի, թէ՛ ծա­­ւալի տե­­սան­­կիւնէն կը հա­­մապա­­տաս­­խա­­­նէ լիամեթ­­րաժ ֆիլմ ստեղ­­ծե­­­լու գոր­­ծընթա­­ցին։ Մեր նպա­­տակն էր ստեղ­­ծել բարձր որա­­կային չա­­փանիշ­­նե­­­րուն հա­­մապա­­տաս­­խան կի­­նօժա­­պաւէն, որը կը յա­­ւակ­­նի իր խօս­­քը ըսել ժա­­մանա­­կակից պատ­­մա­­­կան հա­­մաշ­­խարհա­­յին ֆիլմ ար­­տադրու­­թեան աս­­պա­­­րէզին եւ Հա­­յաս­­տա­­­նը ճա­­նաչե­­լի կը դարձնէ՝ որ­­պէս այս ոլոր­­տի զար­­գացման մեծ նե­­րուժ ու­­նե­­­ցող եր­­կիր։ Բո­­լոր նկա­­րահա­­նումնե­­րը կա­­տարո­­ւած են Հա­­յաս­­տան, սկսած զանգուածային մար­­տի տե­­սարան­­նե­­­րէն մին­­չեւ ծո­­վամարտ, որի նկա­­րահա­­նումնե­­րը իրա­­կանա­­ցու­­ցած ենք հէնց «Կի­­լիկիա» նա­­ւու վրայ։ Ժա­­պաւէ­­նը յա­­գեցած է հա­­րուստ վի­­զուալ լու­­ծումնե­­րով եւ հա­­մակարգչա­­յին կրա­­ֆիքա­­յով։ Առա­­ջին ֆիլմ-ակ­­նարկը կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ Կի­­լիկիայի պատ­­մութիւ­­նը՝ հիմ­­նադրման օրո­­ւանէն մին­­չեւ ամե­­նաազ­­դե­­­ցիկ թա­­գաւոր­­նե­­­րէն մէ­­կու՝ Ռու­­բի­­­նեան­­նե­­­րու տոհ­­մէն սե­­րող Լե­­ւոն Մե­­ծագոր­­ծի գա­­հակա­­լու­­մը։ Երկրորդ ֆիլմ-ակ­­նարկը կ՚ար­­տա­­­ցոլէ 13-րդ դա­­րի իրա­­դար­­ձութիւննե­­րը, Լե­­ւոն I թա­­գաւո­­րի դուստր Զա­­պէլի, նրա խնա­­մակալ Կոս­­տանդին Պայ­­լի եւ Զա­­պէլի ամու­­սին՝ Հե­­թու­­մեան­­նե­­­րի դի­­նաս­­տիայի հիմ­­նա­­­դիր Կի­­լիկիոյ թա­­գաւոր Հե­­թու­­մի կեր­­պարնե­­րը, տի­­րող պա­­լատա­­կան բար­­քե­­­րը ու խար­­դա­­­ւանքնե­­րը։ Եր­­րորդը կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ 1219-1375 թթ. պատ­­մութիւ­­նը՝ Լե­­ւոն III-ի գա­­հակալ­­ման տա­­րինե­­րը, չորս կող­­մից կե­­ղեքո­­ւող Կի­­լիկիան եւ վեր­­ջին թա­­գաւոր Լե­­ւոն V Լու­­սի­­­նեանին, որի յու­­ղարկա­­ւորու­­թիւնով ալ կ՚աւար­­տո­­­ւի ֆիլմ-ակ­­նարկը։

 

Յա­­ռաջի­­կային՝ Սեպ­­տեմբե­­րի 12-ին, Երե­­ւան տե­­ղի կ՚ու­­նե­­­նայ ֆիլ­­մի շնոր­­հանդէ­­սը։ Ի՞նչ սպա­­սելիք­­ներ ու­­նիք հայ հան­­դի­­­սատե­­սէն։

Բնա­­կանա­­բար կող­­ջունեմ թէ դրա­­կան, թէ բա­­ցասա­­կան կար­­ծիքնե­­րը, քա­­նի որ դրա­­կանը միշտ պար­­տա­­­ւորեց­­նող է։ Իսկ առողջ քննա­­դատու­­թիւննե­­րը, առ­­հա­­­սարակ, ես միշտ կ՚ըն­­դունեմ, քա­­նի որ այն միշտ կը սթա­­փեց­­նէ։ Հե­­տաքրքրուածու­­թիւնը մեծ է, այդ իսկ պատ­­ճա­­­ռով որո­­շեցինք ֆիլմ-ակ­­նարկնե­­րը հա­­սանե­­լի դարձնել լայն հան­­րութեան հա­­մար։ Դրանք կը ցու­­ցադրո­­ւին Հա­­յաս­­տա­­­նի մի շարք կի­­նօթատ­­րոններ։

 

Որ­­պէս ֆիլ­­մի ռե­­ժիսոր՝ ի՞նչ նոր բա­­ցայայ­­տումներ ըրիք ձեզ հա­­մար։ Ինչպի­­սի՞ն էր աշ­­խա­­­տան­­քա­­­յին գոր­­ծընթա­­ցը։

Կ՚ու­­զեմ շնոր­­հա­­­կալու­­թիւնս յայտնել բո­­լորին, ով­­քեր աշ­­խա­­­տած են այս ֆիլ­­մի ստեղծման վրայ, իս­­կա­­­պէս՝ շատ մեծ աշ­­խա­­­տանք տա­­րուած է։ Այս նա­­խագի­­ծը ապա­­ցոյց է՝ երբ քու առ­­ջեւ կը դնես նպա­­տակ, ապա ան­­պայման կը հաս­­նիս այդ նպա­­տակին։ Ֆիլմ-ակ­­նարկնե­­րը Կի­­լիկիոյ նոր նաւն է, որը մեծ շու­­քով կը ճա­­նապար­­հենք նա­­ւար­­կե­­­լու հա­­մաշ­­խարհա­­յին կի­­նոյի մեծ ով­­կիանոս՝ նպա­­տակ ու­­նե­­­նալով ապա­­գային Կի­­լիկիայի փա­­ռահեղ պատ­­մութիւ­­նը աշ­­խարհին ներ­­կա­­­յաց­­նել մեծ էկ­­րաննե­­րէն։

 

Խօ­­սինք նաեւ «Տո­­մինօ Փրո­­դաք­­շըն»-ի մա­­սին, ե՞րբ է այն հիմ­­նադրո­­ւած եւ ի՞նչ աշ­­խա­­­տանքներ իրա­­կանա­­ցու­­ցած է։

«Տո­­մինօ Փրո­­դաքշն» ը հիմ­­նադրո­­ւած է 2009թ-ին։ Պրո­­դիւ­­սե­­­րական եւ վի­­տէօ ար­­տադրա­­կան մեր փրո­­ֆէօսիոնալ կազ­­մա­­­կեր­­պութիւ­­նը ու­­նի մի­­ջազ­­գա­­­յին շու­­կա­­­յին իրա­­կանա­­ցուած նա­­խագի­­ծերու բա­­ւակա­­նին փորձ։ Որ­­դեգրե­­լով մեր ու­­րոյն գոր­­ծե­­­լաոճը՝ մեր ողջ գոր­­ծունէու­­թեան ըն­­թացքին մեր հան­­դի­­­սակա­­նին, գոր­­ծընկեր­­նե­­­րուն եւ բո­­լոր անոնց ով­­քեր գէթ մէկ ան­­գամ առնչո­­ւած են «Տո­­մինօ Փրո­­դաքշն»ի հետ մենք ստեղ­­ծած եւ փո­­խան­­ցած ենք վառ ու ան­­մո­­­ռանա­­լի տպա­­ւորութիւն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ