Հակազդեցութիւններու տարափ Շիրինօղլուի ելոյթին դէմ

ՄԻՀՐԱՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

miran.manukyan@gmail.com

 

Նախորդ շա­բաթա­վեր­ջին Սա­մաթիա Սուրբ Գէորգ Եկե­ղեց­ւոյ Սա­հակեան Վար­ժա­րանի ի նպաստ սար­քո­ւելիք Սի­րոյ սե­ղանի ըն­դա­ռաջ կա­յացած ժո­ղովին ար­ձա­գանգնե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Այդ ժո­ղովի ըն­թացքին Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի Հո­գաբար­ձութեան Ատե­նապետ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լու իր ելոյ­թով թի­րախ ու­նե­ցած էր Կեդ­րո­նական Վար­ժա­րանը։ Շի­րինօղ­լուի հա­մաձայն ազ­գա­յին վար­ժա­րանը մի­լիթան­ներ կը պատ­րաստեր։ Բա­ցի այդ Շի­րինօղ­լու պնդեց թէ դպրո­ցի շէն­քը խար­խուլ է հա­ւանա­կան երկրա­շար­ժի մը դի­մաց։ Ատե­նապե­տի այս ելոյ­թը բնա­կանա­բար ար­ժա­նացաւ յատ­կա­պէս կեդ­րո­նական­ցի­ներու, բայց անոնց հետ միասին հա­մայնքա­յին լայն խա­ւի մը մե­ղադ­րանքին։ Նախ եւ առաջ մաս­նա­գէտ­ներ եւ դպրո­ցի վար­չութիւ­նը ան­հիմն կը գտնէին դպրո­ցի շէն­քին հա­ւանա­կան երկրա­շար­ժի մը դի­մաց խար­խուլ ըլ­լա­լու պնդու­մը։ Անոնք այս պնդու­մը ան­տե­ղի կը հա­մարեն, դի­տել տա­լով՝ թէ մաս­նա­գէտ­ներ ան­ցեալին ու­սումնա­սիրած են շէն­քը եւ վստա­հեցո­ւած, թէ ան բա­ւակա­նին կան­գուն է եւ վտանգ մը չի սպառ­նար հա­ւանա­կան երկրա­շար­ժի մը դի­մաց։ Ու­րեմն կ՚ար­ժէ հարցնել, թէ այս պայ­մաննե­րու տակ ի՞նչ նպա­տակ կը հե­տապնդէ պա­րոն Շի­րինօղ­լո­ւի խօս­քե­րը։ Իրա­կանու­թեան մէջ այդ պնդումնե­րու ետին կայ Պոլ­սոյ կարգ մը վար­ժա­րան­նե­րը փա­կելու կամ գո­նէ իրա­րու միաց­նե­լու միտ­քը։ Ըստ Շի­րինօղ­լուի այսպէ­սով խնա­յուած պի­տի ըլ­լայ բա­ւական լուրջ գու­մար մը։

Ան­շուշտ որ հա­սարա­կու­թիւններ կրնան նկա­տի ու­նե­նալ տո­ւեալ ժա­մանա­կահա­տուա­ծի թե­լադ­րած պայ­մաննե­րը եւ ըստ այնմ նոր ռազ­մա­վարու­թիւններ իւ­րացնել։ Բայց այդ բո­լորը կը պար­տի հա­սարա­կու­թեան հա­ւաքա­կան միտ­քով ար­դա­րանա­լու։ Ապա թէ ոչ մեր դա­րաւոր հաս­տա­տու­թիւննե­րը դիւ­րաւ կրնան զո­հը դառ­նալ ան­հե­ռատես քա­ղաքա­կանու­թիւննե­րու։

Ար­դա­րեւ այս մա­սին զա­նազան­ներ իրենց դժգո­հու­թիւնը յայտնած են Շի­րինօղ­լո­ւի դէմ, զայն հրա­ւիրե­լով աւե­լի զգոյշ մնա­լու։ Այս մա­սին աւե­լի ըն­դարձակ տե­ղեկու­թիւնը եւ բազ­մա­թիւ կար­ծիքներ տեղ գտած են թեր­թիս այլ էջե­րուն վրայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ