11-րդ Հրանդ Տինք մրցանակներու տուչութիւնը կատարուած

15Սեպ­տեմբեր 2019 կի­րակի երե­կոյ Լիւթֆի Քըր­տար հա­մագու­մարնե­րու դահ­լի­ճին մէջ նշո­ւեցաւ Հրանդ Տին­քի ծննդեան 65 ամեակը։

Հրանդ Տինք Հիմ­նարկը Հրան­դի եղեռ­նա­կան սպա­նու­թե­նէն ետք հաս­տա­տած էր «Մի­ջազ­գա­յին Հրանդ Տինք Մրցա­նակ»ը։

Առա­ջին ան­գամ 2009-ին հաս­տա­տուած մրցա­նակա­բաշ­խութիւ­նը աւան­դութեան մը վե­րածո­ւած է եւ այս տա­րի 11-րդ ան­գամ կը յանձնո­ւի իր ար­ժա­նաւոր­նե­րուն։ Մի­ջազ­գա­յին բնոյ­թով այս մրցա­նակին ար­ժա­նի կը գտնո­ւին բո­լոր անոնք, որոնք խտրա­կանու­թեան դէմ պայ­քա­րած են, աշ­խա­տած են ցե­ղապաշ­տութե­նէ եւ բռնու­թե­նէ ձեր­բա­զատո­ւած հա­մերաշխ եր­կիր մը կա­ռու­ցե­լու հե­ռան­կա­րով։ Իրենց որ­դեգրած այդ ճամ­բուն մէջ չեն վա­րանած սե­փական կեան­քը վտան­գե­լու։ Այսպէ­սով օրի­նակ հան­դի­սացած են ու­րիշնե­րու եւ անոնք ալ խրա­խու­սած այս բնոյ­թով աշ­խա­տելու հա­մար։ Մրցա­նակը կ՚ամ­րապնդէ անոնց ջան­քե­րը եւ կը յայ­տա­րարէ թէ նման ջան­քե­րը կը գնա­հատո­ւին ու­րիշնե­րու կող­մէ ալ։

Այս սկզբունքնե­րը նաեւ կը բնու­թագրեն Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի գո­յու­թեան եւ գոր­ծե­լակեր­պի սահ­մաննե­րը։ Հրանդ Տինք Հիմ­նարկը իւ­րա­քան­չիւր տա­րուայ մրցա­նակա­կիր­նե­րը կը ճշդէ մի­ջազ­գա­յին դա­տակազ­մի մը որո­շու­մով։ Նա­խապէս յայ­տա­րարու­թիւնով կոչ կ՚ուղղո­ւի հա­սարա­կու­թեան թեկ­նա­ծու­նե­րու առա­ջադ­րութեան հա­մար։ Ապա եկած առա­ջարկնե­րը կը փո­խան­ցո­ւի դա­տակազ­մին եւ այն ալ եկած դի­մումնե­րու մէջ կ՚ընտրէ տո­ւեալ տա­րուայ ար­ժա­նաւոր ան­ձը կա­մ կազ­մա­կեր­պութիւ­նը։ Իւ­րա­քան­չիւր տա­րուայ մրցա­նակ ստա­ցողը ինքնա­բերա­բար կ՚ան­դա­մակ­ցի յա­ջորդ տա­րուայ դա­տակազ­մին։ Ար­դա­րեւ այս տա­րուայ դա­տակազ­մին մէջ կը տես­նենք նա­խորդ տա­րուայ դափ­նե­կիր­ներ՝ Մու­րատ Չե­լիք­քա­նի եւ «Մո­ւաթա­նա» մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպան­նե­րու միու­թեան անուննե­րը։ Դա­տակազ­մին մաս կը կազ­մեն նաեւ նախ­կին պոլ­սա­հայ այժմ ֆրնա­սաբ­նակ արո­ւես­տա­գէտ Սար­գիս Զա­պու­նեան, Էօզ­լեմ Տալ­քը­րան, Ալ­պի Սաշ, Զայ­նէպ Սալ­պի, Ռա­նըլտ Գրի­գոր Սիւ­նի, Սերժ Թան­քեան, Այ­շէ Քա­տըօղ­լու, Էր­ճան Քե­սալ եւ Ռա­քէլ Տինք անուննե­րը։

Իսկ այս տա­րուայ մրցա­նակա­կիր­ներն են Հնդկաս­տա­նէն Ակ­նէս Քար­շինկ եւ Թուրքիայէն Նե­պահատ Աք­քօչ։

Անոնք իրենց մրցա­նակ­նե­րը ստա­նալու պա­հուն կարճ պատ­գամներ փո­խանա­կեցին ներ­կա­ներուն։ Այսպէս Ակ­նէս Քար­շինկ կա­րեւո­րեց ըն­կե­րային խնդիր­նե­րու մէջ հա­սարա­կու­թեան անար­դա­րու­թեան դէմ դի­մադ­րե­լու կա­րեւո­րու­թիւնը։ «Ժո­ղովուրդը պէտք է բարձրաց­նէ իր ձայ­նը։ Պէտք է տէր կանգնի ան­պաշտպան­նե­րուն։ Մար­դիկ հա­զիւ այս ճամ­բով կրնան յաղ­թա­հարել ատե­լու­թիւնը։ Խա­ղաղու­թիւնը կա­ռու­ցե­լու հա­մար, մա­նուկնե­րու սրտե­րուն վա­խի փո­խարէն սէ­րը աճեց­նե­լու հա­մար ընե­լիք շատ բան ու­նինք»։

Նե­պահատ Աք­քօչ ալ իր ելոյ­թին մէջ անդրա­դար­ձաւ պա­հին եզա­կիու­թեան։ «Այս խիստ ար­ժէ­քաւոր մրցա­նակը կը ստա­նամ յա­նուն բո­լոր կա­նանց։ Կը հա­ւատամ թէ յե­ղափո­խու­թիւնը իգա­կան սե­ռի ջան­քե­րով, նախ ըն­տա­նիքի ներ­սէն պի­տի իրա­կանա­նայ։ Այս հա­ւատ­քով բո­լոր դժո­ւարու­թիւննե­րու դէմ կանգնած, իրենց դէմ ծա­ռացած բռնու­թիւնը յաղ­թա­հարե­լու կամ­քով զի­նուած կի­ներու անու­նով կը ստա­նամ այս մրցա­նակը։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ ալ եթէ ար­տօ­նէք իս­կոյն քովս, բե­մահար­թակ հրա­ւիրել կ՚ու­զեմ իր ան­մի­ջական գոր­ծընկեր­նե­րը, որոնք սա պա­հուն դահ­լիճն են»։ Աք­քօ­չի այս խօս­քե­րով բեմ բարձրա­ցան հինգ կին գոր­ծիչներ, որոնք ող­ջա­գու­րուեցան իրենց ըն­կե­րու­հիին հետ եւ միաս­նա­բար վեր բարձրա­ցու­ցին մրցա­նակի խորհրդա­նիշը եղող քան­դա­կը։

Մի­ջազ­գա­յին Հրանդ Տին­քի անուան մրցա­նակա­բաշ­խութեան կա­րեւոր պա­հերէն մէկն է «Լոյ­սեր»ու տո­ղանցքը։ Այս խո­րագ­րի ներ­քեւ աշ­խարհի քար­տէ­զի են­թա­պատ­կե­րի վրայ կը տո­ղան­ցեն զա­նազան ան­հատ գոր­ծիչներ կամ կազ­մա­կեր­պութիւններ, որոնք եւս ար­ժա­նի են յա­տուկ գնա­հատան­քի եւ ու­շադրու­թեան։

Կար­ծես այդ շար­քէն դուրս եկած ըլ­լան եր­կու կին գոր­ծիչներ, որոնք իրենց եր­կիրնե­րուն մէջ կա­րեւոր աշ­խա­տու­թիւն տա­րած են յատ­կա­պէս կի­ներու ուղղեալ բռնու­թեան երե­ւոյթնե­րը յաղ­թա­հարե­լու առու­մով։

Միւս կող­մէ այս տա­րի Էճէ Տիզ­տա­րի հան­դի­սավա­րու­թեամբ կա­յացող մրցա­նակա­բաշ­խութեան հան­դէ­սը իր կար­գին ու­նէր նաեւ գե­ղարո­ւես­տա­կան բնոյթ։ Ար­դա­րեւ այս տա­րի «Մեծ Տու­նը Շրջա­փակո­ւած» (Պիւ­յիւք Էվ Ապ­լուքա­տա) երաժշտա­կան խումբը, Հրանդ Չիզ­մէ­ճեանի սա­ներով շրջա­պատո­ւած երգչու­հի Մա­րալ Աթա­ման իրենց երաժշտա­կան ներդրու­մով փայ­լը աւել­ցուցին կա­տարուած մի­ջոցառ­ման։

Մրցա­նակա­բաշ­խութիւ­նը յա­ջորդ օր լայն ար­ձա­գանգ գտաւ երկրի յատ­կա­պէս ընդդի­մադիր մամ­լոյ ծա­ռայու­թիւննե­րու մէջ։ Անոնցմէ ոմանք լու­ռե­րու բաժ­նի մէջ բա­ւական եր­կար մէջ­բե­րումներ կա­տարե­ցին մրցա­նակա­բաշ­խութեան հան­դէ­սէն, ընդմիշտ գնա­հատե­լով Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի այս ուղղու­թեամբ տա­րած բծախնդիր աշխատանքը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ