«Փրկիչ» հրատարակչատան պանծալի ծառայութիւնը

«Հայա­­­սատ­­­նի պատ­­­մա­­­­­­­կան քար­­­տէսնե­­­րը եւ քար­­­տի­­­­­­­սագ­­­րութիւն»

 

Այս անու­­­նով թրքե­­­րէն ըն­­­թերցո­­­ղին ներ­­­կա­­­­­­­յացո­­­ւած պատ­­­մա­­­­­­­կան քար­­­տէսնե­­­րու հա­­­ւաքա­­­ծոն Ռու­­­բէն Կալ­­­ճո­­­­­­­յեանի 1976-ին սի­­­րողա­­­կան հե­­­տաքրքրու­­­թեամբ սկսած պրպտումնե­­­րուն ար­­­դիւնքն է։ Գիր­­­քի ծա­­­նօթագ­­­րութեան բաժ­­­նին մէջ կը պատ­­­մէ թէ 1976-ին գնած քա­­­նի մը պատ­­­մա­­­­­­­կան քար­­­տէսնե­­­րը զինք մղած են այս ոլոր­­­տէ ներս ու­­­րիշ նմոյշներ ալ հա­­­ւաքե­­­լու գոր­­­ծին։ Առա­­­ջին ան­­­գամ 2004-ին անգլե­­­րէնով հրա­­­տարա­­­կուած է «Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի պատ­­­մա­­­­­­­կան քար­­­տէսնե­­­րը» ծա­­­ւալուն հա­­­տորը։ Ապա ան թարգմա­­­նուած է հա­­­յերէ­­­նի դար­­­ձեալ մե­­­ծածա­­­ւալ ու հաս­­­տա­­­­­­­փոր հա­­­տորի մը տես­­­քով։ Այս հիմ­­­նա­­­­­­­կան հրա­­­տարա­­­կու­­­թիւննե­­­րէ ետք գիր­­­քին աւե­­­լի մատ­­­չե­­­­­­­լի մէկ օրի­­­նակը ըլ­­­լա­­­­­­­լով հրա­­­տարա­­­կուե­­­ցաւ այս ամ­­­փո­­­­­­­փու­­­մը, որ վեր­­­ջա­­­­­­­պէս Տի­­­րան Լոք­­­մա­­­­­­­կէօզեանի թարգմա­­­նու­­­թեամբ ալ հա­­­սած է թրքե­­­րէն ըն­­­թերցող­­­նե­­­­­­­րու շա­­­հագործման։ Թղթա­­­տելով այս ամ­­­փոփ տե­­­ղեկագ­­­րի էջե­­­րը կը ծա­­­նօթա­­­նանք քար­­­տի­­­­­­­սագ­­­րութեան աւե­­­լի քան 25 դա­­­րու ան­­­ցեալին։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նը եւ շրջա­­­կայ­­­քը բնու­­­թագրող առա­­­ջին քար­­­տէ­­­­­­­սը շու­­­մե­­­­­­­րական փո­­­րագ­­­րութիւն մըն է, որ կը թո­­­ւար­­­կո­­­­­­­ւի Ն.Ք. 600 թո­­­ւակա­­­նին։

Ան­­­շուշտ որ այս բնոյ­­­թի քար­­­տէսնե­­­րը բա­­­ւական հե­­­ռու են ար­­­դի հաս­­­կա­­­­­­­ցողու­­­թիւննե­­­րէ։ Եւ եր­­­կիրնե­­­րու դիր­­­քը բնո­­­րոշե­­­լու հա­­­մար գոր­­­ծա­­­­­­­ծուած միակ չա­­­փանի­­­շը չորս ուղղու­­­թիւններն են՝ արե­­­ւելք, արեւ­­­մուտք, հա­­­րաւ եւ հիւ­­­սիս։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ այս հի­­­ման վրայ տե­­­ղադ­­­րո­­­­­­­ւած են եր­­­կիրներ, որոնց մէջ յստա­­­կօրէն կը տես­­­նենք նաեւ Ար­­­մէննե­­­րու եր­­­կի­­­­­­­րը՝ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նը։

Գիր­­­քի թրքե­­­րէն հրա­­­տարա­­­կու­­­թիւնը կա­­­րեւոր պա­­­տաս­­­խան մըն է նաեւ թրքա­­­կան աւան­­­դա­­­­­­­կան ու­­­րա­­­­­­­ցու­­­մին դի­­­մաց։ Յատ­­­կա­­­­­­­պէս հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան շրջա­­­նին տե­­­ղանուննե­­­րու թրքաց­­­ման զու­­­գա­­­­­­­հեռ յի­­­շողու­­­թե­­­­­­­նէ դուրս կը մղո­­­ւի նաեւ Հա­­­յաս­­­տան անու­­­նը։ Դի­­­տումնա­­­ւոր սխա­­­լով մը ամ­­­բողջ Թուրքիոյ տա­­­րած­­­քը կը բնու­­­թագրո­­­ւի Անա­­­թոլիա անո­­­ւանու­­­մով։ Այսպէ­­­սով Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նին ալ կը վի­­­ճակի «Արե­­­ւելեան Անա­­­թոլիա» կո­­­չու­­­մը։ Մինչդեռ պատ­­­մա­­­­­­­կանօ­­­րէն Անա­­­թոլիան բա­­­ռացի իմաս­­­տով կը նշա­­­նակէ Պո­­­լիսէն դէ­­­պի արե­­­ւելք։ Այդ սահ­­­մա­­­­­­­նու­­­մը հա­­­զիւ թէ կը հաս­­­նի Կա­­­պադով­­­կիա եւ Սե­­­բաս­­­տիայէն դէ­­­պի արե­­­ւելք մնա­­­ցած տա­­­րած­­­քը պէտք է յի­­­շուի Հա­­­յաս­­­տան կամ Հայ­­­կա­­­­­­­կան բարձրա­­­վան­­­դակ։ Այստեղ ըն­­­թերցո­­­ղին մա­­­տու­­­ցո­­­­­­­ւած քար­­­տէսնե­­­րը կը հաս­­­ցէագ­­­րո­­­­­­­ւին ԱՄՆ քոնկրէ­­­սի գրա­­­դարա­­­նին, Մաշ­­­տո­­­­­­­ցի անո­­­ւան մա­­­տենա­­­դարա­­­նին, Լոն­­­տո­­­­­­­նի Բրի­­­տանա­­­կան ազ­­­գա­­­­­­­յին գրա­­­դարա­­­նին, Իտա­­­լիա Պո­­­լոնի ազ­­­գա­­­­­­­յին գրա­­­դարա­­­նին, Ֆրան­­­սա­­­­­­­յի ազ­­­գա­­­­­­­յին գրա­­­դարա­­­նին, Բրի­­­տանա­­­կան թան­­­գա­­­­­­­րանին, Սպա­­­նիա Օզ­­­մա վան­­­քի գրա­­­դարա­­­նին, Միւ­­­նիհ Պա­­­վիերա ազ­­­գա­­­­­­­յին գրա­­­դարա­­­նին եւ ան­­­հա­­­­­­­տական հա­­­ւաքա­­­ծոնե­­­րուն։ «Փրկիչ» հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­տու­­­նը այս գե­­­ղատիպ հա­­­տորով կ՚ար­­­դա­­­­­­­րաց­­­նէ իր վրայ դրո­­­ւած յոյ­­­սե­­­­­­­րը։

 

Ձօն Վար­­­դա­­­­­­­պետի 150-ամեակին

 

150 տա­­­րի առաջ ծնած էր Կո­­­միտաս վար­­­դա­­­­­­­պետ եւ 84 տար­­­ներ ան­­­ցան իր ող­­­բերգա­­­կան մա­­­հէն ետք, իսկ որ­­­քան զար­­­մա­­­­­­­նալի է որ մենք տա­­­կաւին կը յափշտա­­­կուինք ու կը հիանանք իր հան­­­ճա­­­­­­­րին։ Սխա­­­լած չենք ըլ­­­լար, եթէ պնդենք թէ Կո­­­միտաս վար­­­դա­­­­­­­պետ աշ­­­խարհ եկած էր հա­­­մայն մարդկու­­­թեան բա­­­րիք­­­ներ շռայ­­­լե­­­­­­­լու առա­­­քելու­­­թեամբ։ Ան ապ­­­րե­­­­­­­ցաւ ու գոր­­­ծեց, իսկ մենք տա­­­կաւին ի վի­­­ճակի չենք անոր ստեղ­­­ծա­­­­­­­գործ մտքի սահ­­­մաննե­­­րը ըն­­­կա­­­­­­­լելու։ Այս զգա­­­ցումնե­­­րու տե­­­ղի տո­­­ւողը նոր հրա­­­տարա­­­կու­­­թիւն մըն է, որ կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նէ մեծ վար­­­դա­­­­­­­պետի գեր­­­մա­­­­­­­ներէն ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծութիւննե­­­րը։

Բա­­­րեբախ­­­տա­­­­­­­բար տե­­­ղեակ ենք մեր բա­­­րեկամ Տի­­­րան Լոք­­­մա­­­­­­­կէօզեանին Երե­­­ւանի մէջ մեծ վար­­­դա­­­­­­­պետի ար­­­խի­­­­­­­ւի վրայ տա­­­րած ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թեան։ Այդ շրջա­­­նին Տի­­­րան Լոք­­­մա­­­­­­­կէօզեան յայտնած էր թէ գտած է վար­­­դա­­­­­­­պետի խումբ մը գեր­­­մա­­­­­­­ներէն յօ­­­րինումնե­­­րը եւ կ՚աշ­­­խա­­­­­­­տի անոնց վեր­­­ծանման վրայ։ Այդ տա­­­րինե­­­րուն մե­­­զի հա­­­մար յայտնու­­­թիւն մըն էր իր ըսած­­­նե­­­­­­­րը։ Նա­­­խապէս դոյզն իսկ լսած չէինք նման հա­­­ւաքա­­­ծոյի մը գո­­­յու­­­թեան մա­­­սին։ Ինչ մեծ ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թիւն, որ մեր ըն­­­կե­­­­­­­րը նախ յա­­­ջողե­­­ցաւ այդ գան­­­ձը վեր­­­ծա­­­­­­­նել եւ ապա պատ­­­շաճ տպագ­­­րութիւ­­­նով մը մա­­­տու­­­ցել հան­­­րութեան։

Այ­­­սօր Կո­­­միտա­­­սագի­­­տու­­­թիւնը իր ձեռ­­­քին ու­­­նի նաեւ հրա­­­շալի աղ­­­բիւր մը, ու­­­սումնա­­­սիրե­­­լու հա­­­մար Կո­­­միտա­­­սի ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծա­­­­­­­կան փա­­­ռաւոր ու­­­ղին։

Եթէ պի­­­տի խօ­­­սինք մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին ժա­­­ռան­­­գի հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին յատ­­­կութեան մա­­­սին, ահա վար­­­դա­­­­­­­պետը մե­­­զի նոր գանձ մը կը պար­­­գե­­­­­­­ւէ, որ­­­պէսզի մենք կրկին ան­­­գամ զար­­­մա­­­­­­­նանք ու հիացու­­­մով լցո­­­ւինք անոր գեր­­­մարդկա­­­յին կա­­­րողու­­­թեան դի­­­մաց։ Հա­­­ւաքա­­­ծոյին մէջ տեղ գտած յօ­­­րինումնե­­­րը Կո­­­միտա­­­սի Գեր­­­մա­­­­­­­նիա ու­­­սա­­­­­­­նած տա­­­րինե­­­րուն իրեն ժա­­­մանա­­­կակից գեր­­­մա­­­­­­­նացի բա­­­նաս­­­տեղծնե­­­րու խօս­­­քե­­­­­­­րով հիւ­­­սած յօ­­­րինումներն են։ Ու­­­րեմն վար­­­դա­­­­­­­պետը, եթէ կը ձգտէր արեւմտեան մշա­­­կոյ­­­թէն գի­­­տու­­­թիւններ ստա­­­նալ, ահա ան փո­­­խարէ­­­նը շռայ­­­լօ­­­­­­­րէն նո­­­ւիրած է նոյն արեւմտեան մշա­­­կոյ­­­թին։ Նո­­­ւիրում մը՝ որ­­­մէ նոյ­­­նիսկ տե­­­ղեակ ան­­­գամ չէին այդ նո­­­ւէրը ստա­­­ցող­­­նե­­­­­­­րը։

Եւ ափ­­­սո­­­­­­­սան­­­քի բա­­­ժին մը ըստ մեզ։ Մենք ալ հա­­­յու յա­­­տուկ նա­­­խան­­­ձախնդրու­­­թեամբ չէինք տե­­­սած, կամ թե­­­րեւս ալ տես­­­նել իսկ չէինք ու­­­զած, այն ար­­­ժէ­­­­­­­քաւոր գան­­­ձը, որ հայ­­­կա­­­­­­­կան չէր։ Նոյ­­­նիսկ կա­­­րելի է պնդել, թէ տես­­­նալ, գիտ­­­նալ իսկ չէինք ու­­­զած մեր սրբա­­­դասո­­­ւած վար­­­դա­­­­­­­պետին, իբ­­­րեւ թէ մե­­­զի չպատ­­­կա­­­­­­­նող յատ­­­կութիւ­­­նը։ եթէ Գրի­­­գոր Նա­­­րեկա­­­ցի լսէր ան­­­կասկած պի­­­տի ափ­­­սո­­­­­­­սար «Վա՜յ ինձ, վա՜յ ինձ, վա՜յ ինձ…» ող­­­բա­­­­­­­լով։

Տի­­­րան Լոք­­­մա­­­­­­­կէօզեանի վեր­­­ծա­­­­­­­նած նիւ­­­թե­­­­­­­րը բա­­­ւակա­­­նին հա­­­րուս են։ Հոն կը հան­­­դի­­­­­­­պինք 11 մե­­­ներգնե­­­րու, որոնք գրուած են դաշ­­­նա­­­­­­­մու­­­րի նո­­­ւագակ­­­ցութեամբ։ Կը յա­­­ջոր­­­դէ չորս խմբեր­­­գեր բազ­­­մա­­­­­­­ձայն երգչա­­­խումբի մշա­­­կու­­­մով։ Յե­­­տոյ կու գան դաշ­­­նա­­­­­­­մու­­­րի ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծութիւննե­­­րը թի­­­ւով ինը։ Ապա Լա­­­րաւոր քա­­­ռեակի հա­­­մար վեց յօ­­­րինում, որոնց վրայ կու գայ աւել­­­նա­­­­­­­լու նո­­­ւագախմբա­­­յին յօ­­­րինում մը եւս։

Վար­­­դա­­­­­­­պետը նաեւ գեր­­­մա­­­­­­­ներէ­­­նի թարգմա­­­նած է Սուրբ Պա­­­տարա­­­գէ հա­­­տուած­­­ներ։ Տի­­­րան Լոք­­­մա­­­­­­­կէզեանի վեր­­­ծա­­­­­­­նած գոր­­­ծե­­­­­­­րուն մէջ կը հան­­­դի­­­­­­­պինք նաեւ կի­­­սաւարտ դաշ­­­նա­­­­­­­մու­­­րա­­­­­­­յին ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծութիւննե­­­րու։ Գի­­­տաշ­­­խա­­­­­­­տողը իր ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թեան աւել­­­ցո­­­­­­­ւցած է նաեւ եր­­­գե­­­­­­­րու բա­­­ռերը եւ հե­­­ղինակ­­­նե­­­­­­­րու կեն­­­սագրու­­­թեան մա­­­սին տե­­­ղեկու­­­թիւններ։ Ինչպէս կը վկա­­­յէ գրքի ծա­­­նօթագ­­­րութեան մէջ, այս յօ­­­րինումնե­­­րը կա­­­տարո­­­ւած են Կո­­­միտաս վար­­­դա­­­­­­­պետի Պեր­­­լի­­­­­­­նեան ու­­­սա­­­­­­­նողու­­­թեան տա­­­րինե­­­րուն։ Այ­­­սինքն 1896-1899-ի մի­­­ջեւ։ Հոն նաեւ կը նշո­­­ւի, որ վեր­­­ծա­­­­­­­նողի կող­­­մէ որե­­­ւէ մի­­­ջամ­­­տութիւն չէ կա­­­տարո­­­ւած ու­­­սումնա­­­սիրո­­­ւած նիւ­­­թե­­­­­­­րու վրայ։

Գիր­­­քը առա­­­ջին ան­­­գամ հրա­­­տարա­­­կուած է Երե­­­ւան, իսկ թրքե­­­րէն թարգմա­­­նու­­­թիւնը կա­­­րելի եղաւ շնոր­­­հիւ «Փրկիչ» հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­տան ջան­­­քե­­­­­­­րուն եւ հե­­­ղինա­­­կի թարգմանութեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ