ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Լրագրութի՞ւն, թէ լռագրութիւն

Լրագի­րը կամ հա­մաշ­խարհայ­նա­ցած անու­նով մե­տիան իր առ­ջեւ ու­նի շատ լուրջ հրա­մայա­կան մը՝ ժո­ղովուրդը տե­ղեակ պա­հել ամէն տե­սակ ան­ցուդար­ձէ։ Վեր­ջա­պէս լու­րե­րու գիր է լրա­գիր կո­չուա­ծը։ Ան­շուշտ որ լրա­գիրի գա­ղափա­րը եւ ծա­գու­մը մեր աշ­խարհագ­րութե­նէն բա­ւակա­նին հե­ռու հո­րիզոն­նե­րու վրայ ձե­ւաւո­րուե­ցան։ Բայց մենք բաղ­դատմամբ աշ­խարհի զա­նազան ժո­ղովուրդնե­րու, բա­ւական վաղ շրջա­նի մը իւ­րա­ցու­ցինք այդ գա­ղափա­րը եւ լծո­ւեցանք ժո­ղովուրդը եղած դար­ձա­ծէն տե­ղեակ պա­հելու խիստ կա­րեւոր աշ­խա­տան­քին։

Հայ պար­բե­րական մա­մու­լը, որ­պէս լրա­գիր ու­նե­ցաւ փառ­քի տա­րիներ։ Բազ­մա­թիւ վկա­յու­թիւններ կան հա­յոց ազ­գա­յին գի­տակ­ցութիւն կեր­տե­լու տա­րինե­րուն թեր­թե­րու ստանձնած առա­քելու­թեան մա­սին։ Տպա­ւորիչ պատ­կեր է, երբ գա­ւառի հե­ռաւոր մէկ ան­կիւնը մար­դիկ մէկ­տե­ղուած սե­նեակի մը մէջ, ու­շադրու­թեամբ կը լսեն գրա­ճանա­չի մը բարձրա­ձայն ըն­թերցած լրա­գիրը։ Ապա այդ ըն­թերցու­մին պի­տի շա­րու­նա­կէ ազ­գա­յին եւ քա­ղաքա­կան խնդիր­նե­րու մա­սին կար­ծի­քի փո­խանա­կումներ, քննար­կումներ եւ ին­չո՞ւ չէ տա­րակար­ծութիւններ ու բա­նավէ­ճեր։

Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ի հի­մանէ քան­դեց լրա­գիր­նե­րու լու­սա­ւորիչ յատ­կութիւ­նը, անոնց վե­րագ­րե­լով բո­լորո­վին նոր կա­րեւո­րու­թիւն մը։ Այս ան­գամ թեր­թեր աշ­խարհի երե­սին ցի­րու­ցան եղած հա­յու բե­կոր­նե­րէն տե­ղեկու­թիւններ պի­տի փո­խան­ցէին։ Նոյ­նիսկ ըն­տա­նիք­ներ իրենց կո­րած հա­րազատ­նե­րը պի­տի գտնէին թեր­թե­րու տրո­ւած ծա­նու­ցումնե­րու մի­ջոցաւ։

Այս նոր շրջա­նին պայ­մաննե­րու բե­րու­մով հայ թեր­թը թե­րացաւ իր տիեզե­րական լրա­տուու­թեան յատ­կութե­նէն եւ վե­րածո­ւեցաւ միայն հա­յոց հե­տաքրքրո­ւած նիւ­թե­րով զբա­ղող մարմնի մը։

Հետզհե­տէ ար­ձա­նագ­րո­ւեցաւ աւե­լի լուրջ շե­ղում մը, հա­մաշ­խարհա­յին լրագ­րո­ղու­թեան հաս­կա­ցողու­թե­նէն։ Կա­րելի է ըսել, որ մա­նաւանդ սփիւռքի մէջ, եւ ալ աւե­լի մա­նաւանդ ալ Պոլ­սոյ մէջ լրա­գիրը վե­րածո­ւեցաւ լռա­գիրի։ Մեր այժմու թեր­թե­րու յատ­կութիւ­նը լուր փո­խան­ցե­լէ աւե­լի լուռ մնա­լով կը ներ­կա­յանայ։

Կը պա­տահին հա­մայնքա­յին ապ­րումնե­րու տե­սակէ­տէ շատ կա­րեւոր իրա­դար­ձութիւններ, բայց այդ մա­սին տող մը իսկ չենք տես­ներ հայ մա­մու­լի էջե­րուն վրայ։

Կա­մաւոր ինքնագ­րաքննու­թիւն մըն է պար­զո­ւած պատ­կե­րը։ Ահա կը լսենք Պէ­յօղ­լո­ւի Սուրբ Եր­րորդու­թիւն եկե­ղեց­ւոյ թա­ղական խոր­հուրդի կազ­մէն նոր հրա­ժարա­կան մը եւս։ Եթէ հրա­ժարո­ղը ինք յա­տուկ ծա­նու­ցումով չէ հրա­պարա­կած, մեր թեր­թե­րու ըն­թերցող­նե­րը լսած ան­գամ պի­տի չըլ­լան, թէ այս կա­րեւոր հաս­տա­տու­թեան վար­չութիւ­նը մնա­ցած է միայն եր­կու ան­դամնե­րու կամ­քին։ Ան­գամ մը եւս լռագ­րութիւ­նը յաղ­թա­նակած է լրագ­րութեան։ Խմբա­գիր­նե­րը, խմբագ­րա­պետե­րը իրենց ըն­թերցող­նե­րը խնա­յած են ան­հա­ճոյ եւ մտա­հոգիչ լու­րեր կար­դա­լու դժբախ­տութե­նէն։

Սա­հակ եպս. Մա­շալեան ան­ցեալին կա­տարած հրա­ժարա­կանին մէջ Պատ­րիար­քա­րանի շրջա­նակ­նե­րէն բարձրա­ցող կո­յու­ղիի հո­տերու մա­սին խօ­սած էր։

Այ­սօր կա­րելի է պնդել թէ նե­խածու­թե­նէ բխող այդ հո­տը հա­մատա­րած է։ Ժո­ղովուրդի ակնկա­լու­թիւնը լրագ­րութիւն է, այլ ո՛չ լռագ­րութիւն։

pakrates@yahoo.com