ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ամիրաները երեկ եւ այսօր

Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանը իր 558 տա­րինե­րու ան­ցեալին մէջ ով գի­տէ քա­նի քա­նի ան­գամներ ապ­րած է ճա­կատագ­րա­կան, նոյ­նիսկ օր­հա­սական շրջան­ներ։

Նկա­տի ու­նե­նալով հայ ժո­ղովուրդին իր իսկ բնօր­րա­նի մէջ պա­տանդ դառ­նա­լու հա­զարա­մեայ պատ­մութիւ­նը, կա­րելի է են­թադրել թէ պատ­րիար­քա­րանէ ներս խա­ղաղու­թեան եւ ան­դորրի ժա­մանակ­նե­րը աւե­լի նո­ւազ եղած են, քան ճգնա­ժամի տա­րինե­րը։ Թուրքի պե­տական ըն­կա­լու­մին հա­մաձայն հա­յը կ՚ապ­րի, որով­հե­տեւ մահ­մե­տակա­նաց իշ­խա­նու­թիւնը շնոր­հած է անոր կեան­քը։ Ուստի հա­յը պար­տա­ւոր է այդ շնորհքին հա­մար օրն ի բուն երախ­տա­պարտ մնալ զինք խնա­յող իշ­խա­նու­թեան հան­դէպ։ Ամ­բողջ պատ­մութեան ըն­թացքին գտնո­ւեցան հա­յեր, որոնք հա­մակեր­պե­ցան ան­հա­տը եւ հետզհե­տէ ազ­գը ստրկաց­նող այս պար­տադրան­քին։ Պարզ հա­շիւ մը ընե­լով դա­տեցին ու կար­ծե­ցին թէ մարդկա­յին եւ ազ­գա­յին ար­ժա­նապա­տուու­թե­նէ հրա­ժարե­լով կա­րելի է խա­ղաղ կեանք ու­նե­նալ։ Միւս կող­մէ կայ սա­կայն հզօ­րին պար­տադրած պա­հան­ջը մեր­ժողնե­րու զան­գո­ւած մըն ալ։ Այդ զան­գո­ւածը լոկ ան­հա­տական ու հա­ւաքա­կան ար­ժա­նապա­տուու­թիւնը կը գե­րադա­սէ եւ բաց ճա­կատով կը գո­չէ՝ ոչ։ Այս երկրորդն է որ կը նկա­րագ­րէ ազ­գին յատ­կութիւ­նը։ Վար­դա­նան­քի մար­տի­րոս­նե­րը չէին վա­րանած հզօ­րին կամ­քը ոտ­նա­կոխե­լու։ Եւ ազ­գին յա­րատե­ւու­թիւնը երաշ­խա­ւորո­ղը այդ ոչն է։

Պատ­մա­կան ցա­ւալի իրո­ղու­թիւն է, պատ­րիար­քա­կան հա­մակար­գի շուրջ ձե­ւաւո­րուած հա­մայնքը ներ­կա­յաց­նե­լու գոր­ծը, բո­լոր ժա­մանակ­նե­րուն վի­ճակած է թա­ղական խոր­հուրդնե­րուն։ Որ­քան ալ ան­հիմն ու վի­ճելի ըլ­լայ, անոնք կը դի­տուին ժո­ղովուրդի ձայ­նե­րով ընտրո­ւած գոր­ծիչներ։ Ար­դա­րեւ բո­լոր ճա­կատագ­րա­կան պա­հերուն կը ներ­կա­յանան բո­լորիս անու­նով որո­շում կա­յաց­նե­լու։ Միշտ բա­ցառու­թիւննե­րը յար­գե­լով, եթէ փոր­ձենք ընդհան­րա­ցում մը ընել, պի­տի տես­նենք թէ թա­ղական­նե­րու մե­ծամաս­նութիւ­նը կը բաղ­կա­նայ հե­ղինա­կու­թե­նէ եւ ան­հա­տակա­նու­թե­նէ զուրկ գոր­ծիչնե­րէ։ Պաշ­տօ­նի կո­չուած են իրենց թա­ղի եկե­ղեցին եւ դպրո­ցը մա­տակա­րարե­լու հա­մար։ Սա­կայն ճա­րահատ կը մնան այդ առա­քելու­թիւնը կա­տար բե­րելու, եւ կը ծնին եր­բեմնի ամի­րանե­րու դա­սուն նոր մէկ տե­սակը, որ կը կո­չուի բա­րերար։

Ամի­րանե­րու գլխա­ւոր զբա­ղումն էր լու­մա­յափո­խու­թիւնը։ Ան­ցեալի բա­ցատ­րութեամբ «Սար­րաֆ» կը կո­չուէին եւ կը ղե­կավա­րէին պե­տական բարձրաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեանե­րու, փա­շանե­րու սե­փական եկա­մու­տը։ Օս­մա­նեան կայսրու­թեան շրջա­նին լուրջ սահ­մա­նափա­կումներ կը գոր­ծադրո­ւէին, այդ դա­սակար­գի պե­տական պաշ­տօ­նեանե­րու ժա­ռան­գին վրայ։ Հե­տեւա­բար սար­րաֆնե­րու կա­րեւոր գոր­ծե­րէն մէկն ալ բո­ղերու լո­ւացումն էր։ Առա­քելու­թիւն մը՝ որուն կա­րոտ էին նոյ­նինքն կայսրը, թա­գու­հին, գա­հաժա­ռանգնե­րը կամ տի­րամայ­րը ան­գամ։

Ընդհան­րա­պէս գրա­ճանաչ չե­ղող, հա­շիւ չի­մացող­նե­րու բո­ղերը կ՚աճէին սար­րաֆնե­րու ճար­պիկ նա­խընտրու­թեամբ, միաժա­մանակ հարստաց­նե­լով իրենք եւս։

Մեզ՝ պոլ­սա­հայե­րուս յի­շողու­թեան մէջ ամի­րանե­րը տեղ գտած են իրենց բա­րերա­րու­թեամբ։ Բա­րիք ըրած, փո­խարէ­նը իշ­խա­նու­թեան տի­րացած են։ Հին սո­վորոյ­թը կը շա­րու­նա­կէ այ­սօր ալ։ Ազ­գին սե­փական հարստու­թիւնը կա­րավա­րելէ զուրկ վար­չա­յին­ներ, անձնա­տուր եղած են լու­մա­յափոխ­նե­րուն, որոնք տի­րացած ու­ժով ինքնա­կոչ եւ ինքնա­կամ կեր­պով ուղղու­թիւն կու տան որու պատ­րիարք ըլ­լա­լուն կամ որու չըլ­լա­լուն, որ դպրո­ցին փա­կուե­լուն կամ որուն մնա­լուն, հետզհե­տէ որ վար­չութեան մնա­լուն կամ եր­թա­լուն մա­սին։

Այս է ամի­րանե­րու հաշ­ւոյն յաղ­թա­նակի, ազ­գի հաշ­ւոյն ամօ­թի հա­մայ­նա­պատ­կե­րը ներ­կայ պոլ­սոյ մէջ, 2019 թո­ւին։

pakrates@yahoo.com