ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Մենք եզն ենք, անոնք տիզը

Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանը իր 558 տա­րինե­րու ան­ցեալին մէջ ով գի­տէ քա­նի քա­նի ան­գամներ ապ­րած է ճա­կատագ­րա­կան, նոյ­նիսկ օր­հա­սական շրջան­ներ։

Կա­րելի է են­թադրել թէ պատ­րիար­քա­րանէ ներս խա­ղաղու­թեան եւ ան­դորրի ժա­մանակ­նե­րը աւե­լի նո­ւազ եղած են, քան ճգնա­ժամի տա­րինե­րը։ Թուրքի պե­տական ըն­կա­լու­մին հա­մաձայն հա­յը կ՚ապ­րի, որով­հե­տեւ մահ­մե­տական Թուրքիոյ իշ­խա­նու­թիւնը շնոր­հած է անոր կեան­քը։ Ուստի հա­յը պար­տա­ւոր է այդ շնորհքին հա­մար օրն ի բուն երախ­տա­պարտ մնալ զինք խնա­յող իշ­խա­նու­թեան հան­դէպ։ Ամ­բողջ պատ­մութեան ըն­թացքին գտնո­ւեցան հա­յեր, որոնք հա­մակեր­պե­ցան ազ­գը ստրկաց­նող այս պար­տադրան­քին։ Պարզ հա­շիւ մը ընե­լով կար­ծե­ցին թէ ազ­գա­յին ար­ժա­նապա­տուու­թե­նէ հրա­ժարե­լով կա­րելի է փոր­ձանքնե­րէ հե­ռու, խա­ղաղ կեանք ու­նե­նալ։ Միւս կող­մէ կայ սա­կայն հա­յու տե­սակ մը եւս, ան­հա­տին ու ազ­գին ար­ժա­նապա­տուու­թիւնը կը գե­րադա­սէ եւ բաց ճա­կատով կը գո­չէ՝ ո՜չ։ Այս երկրորդ ոճն է որ կը նկա­րագ­րէ ազ­գին յատ­կութիւ­նը։ Վար­դա­նան­քի մար­տի­րոս­նե­րը չէին վա­րանած հզօ­րին կամ­քը խոր­տա­կելու։ Եւ ազ­գին յա­րատե­ւու­թիւնը երաշ­խա­ւորո­ղը այդ ո՜չ ըսող կամքն է։

Պատ­մա­կան ցա­ւալի իրո­ղու­թիւն է, պատ­րիար­քա­կան հա­մակար­գի շուրջ ձե­ւաւո­րուած հա­մայնքը ներ­կա­յաց­նե­լու գոր­ծը, բո­լոր ժա­մանակ­նե­րուն վի­ճակած է թա­ղական խոր­հուրդնե­րուն։ Որ­քան ալ ան­հիմն ու վի­ճելի ըլ­լայ, անոնք կը դի­տուին ժո­ղովուրդի ձայ­նե­րով ընտրո­ւած գոր­ծիչներ։ Ար­դա­րեւ բո­լոր ճա­կատագ­րա­կան պա­հերուն կը ներ­կա­յանան բո­լորիս անու­նով որո­շում կա­յաց­նե­լու։ Միշտ բա­ցառու­թիւննե­րը յար­գե­լով, եթէ փոր­ձենք ընդհան­րա­ցում մը ընել, պի­տի տես­նենք թէ թա­ղական­նե­րու մե­ծամաս­նութիւ­նը կը բաղ­կա­նայ հե­ղինա­կու­թե­նէ եւ ան­հա­տակա­նու­թե­նէ զուրկ գոր­ծիչնե­րէ։ Պաշ­տօ­նի կո­չուած են իրենց թա­ղի եկե­ղեցին եւ դպրո­ցը մա­տակա­րարե­լու հա­մար։ Սա­կայն ան­ճար կը մնան այդ առա­քելու­թիւնը կա­տար բե­րելու, եւ կը ծնին տի­զի նոր մէկ տե­սակը։ Եթէ սո­վորա­կան տի­զը պի­տի բա­ւարա­րուէր եզան քա­մակին կպած, սնա­նելով եւ իր գո­յու­թիւնը պա­հելով, այս նոր տե­սակը կը յա­ւակ­նի այդ սնա­նած եզին տի­րանա­լու նաեւ։ Կ՚ու­զէ ինք ճշդէ եզին բո­լոր շար­ժումնե­րը, թէ ո՞ւր պի­տի արա­ծէ, ե՞րբ պի­տի որո­ճայ, ե՞րբ պի­տի բա­նի կամ ե՞րբ հանգչի։ Խնդիր չէ, եզը այս ալ կրնայ տա­նիլ։ Վեր­ջա­պէս եզը հայ ազ­գի պատ­մա- աւան­դա­կան ըն­կա­լու­մին մէջ բա­րիի, չար­քա­շի, ար­դա­րի խորհրդա­նիշն է։ Կո­միտաս կամ Վա­րու­ժան կ՚օրհնեն, կը փա­ռաբա­նեն եզը։ Այդ է պատ­ճա­ռը որ հա­յը ու­նի «Եզ­նիկ» անու­նը, փո­խանակ ու­րիշ ազ­գե­րու գա­զան­նե­րէն ներշնչո­ւած անձնա­նուննե­րուն։ Բայց վեր­ջերս տի­զը չափ ու սահ­մա­նը շատ ան­ցաւ։ Եզը նկա­տեց որ անոր բո­լոր ցուցմունքնե­րը ի վնաս իրեն դուրս գալ սկսած են։ Ու­րեմն անի­մաստ է ինքնա­կոչ եւ ինքնա­կամ մա­կաբոյ­ծի մը ցուցմունքնե­րուն հնա­զան­դիլ։

Վե­րի տո­ղերը գրած էի «Ակօս»ի նա­խորդ հա­մարի «Մենք ու մե­րոնք» սիւ­նա­կին հա­մար։ Յա­ջորդ օր պի­տի կա­յանար Նա­խաձեռ­նարկ մարմնի ընդլայ­նո­ւած 3 Հոկ­տեմբե­րի նիս­տը։ Այ­սինքն յոյս կար թէ եզը պո­չի հա­րուա­ծով մը ազա­տուի զինք կե­ղեքող տի­զէն։ Այդ յոյ­սին խա­թեր հա­մար հրա­ժարած էի ին­ծի հա­մար իսկ ծանր ու վի­րաւո­րական թո­ւացող այս տո­ղերէն։ Ար­դա­րեւ յօ­դուա­ծը լոյս տե­սաւ աւե­լի մեղմ ոճով եւ «Ամի­րանե­րը՝ երեկ եւ այ­սօր» խո­րագ­րով։

Այս պա­հուն, երբ տի­զը հա­յոց պատ­մութեան մէջ ով գի­տէ քա­նիերորդ ան­գամ դար­ձեալ զգետ­նեց եզը, այս գրու­թիւնը եւս անի­մաստ մնաց։ Հի­մա կը կա­րօտինք «Հայ­րէն հայ­հո­յանքնե­րու առ­ձեռն բա­ռարան»ի, կամ «Անէծքնե­րու ընտրա­նի»էն քա­ղուած ար­տա­յայ­տութիւննե­րու։ Լե­զուս վրայ չի հաս­նիր, մէ­ջը կան Սա­րոյի եւ Սե­լինա­յի նման սի­րելի­ներս, ուստի գո­հանամ Սեդ­րակ Տա­ւոթ­հա­նը եւ միւս հրաժարողները շնոր­հա­ւորե­լով, որոնք յա­ջողե­ցան Պի­ղատո­սի նման ձեռ­քե­րը լո­ւալ ու դուրս մնալ այս ամօ­թէն։

pakrates@yahoo.com