ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Փախուստ չկայ՝ ժամանակի պատասխանատուութիւնը մեր վզին է

Յաճախ լե­զուիս ծայ­րը կու գայ «չար պա­տերազմ» որա­կու­մը։ Սա­կայն իս­կոյն կը վա­նեմ այդ ար­տա­յայ­տութիւ­նը։ Կը վա­նեմ, որով­հե­տեւ առա­ջին հեր­թին անտրա­մաբա­նական կը թո­ւի։ Մարդ ինքնա­բերա­բար կրնայ հարց տալ, թէ բա­րի պա­տերազ­մը ո՞րն է։ Ի սկզբա­նէ ճիշդ է այս առար­կութիւ­նը։ Անի­մաս­տութիւն մը կայ որե­ւէ պա­տերազմ մը բա­րի անո­ւանե­լու երե­ւոյ­թին մէջ։ Բայց միւս կող­մէ գի­տենք, թէ պա­տերազ­մը ընդհան­րա­պէս ու­նի կող­մեր, որոնցմէ մէ­կուն կը վե­րագ­րենք յար­ձա­կու­մը, իսկ միւ­սին պաշտպա­նու­թիւնը։ Այս պայ­մաննե­րու մէջ ահա ինքնա­բերա­բար պի­տի յայտնո­ւի նաեւ ար­դա­րու­թեան խոր­հուրդը։ Պա­տերազմներ կան, որոնք խստիւ անար­դար են, իսկ կան նաեւ պա­տերազմներ, որոնք ինչքան ալ մահ ու սար­սափ պա­րու­նա­կեն իրենց մէջ ար­դար են։ Ար­դար է՝ հա­րազատ տան պաշտպա­նու­թեան հա­մար մղո­ւած կռի­ւը։ Ար­դար է՝ սե­փական ըն­տա­նիքը պաշտպա­նելու ճամ­բով արիւն հե­ղելը եւ տա­կաւին ար­դար է այդ ուղղու­թեամբ մղո­ւած կրի­ւը։

Թուրքիա դափ ու թմբու­կով մտաւ պա­տերազ­մի մը մէջ, որուն ար­դա­րու­թիւնը վի­ճելի է հա­մաշ­խարհա­յին մարդկու­թեան դի­մաց։ Բա­ցի մէկ-եր­կու եր­կիրնե­րէ արար աշ­խարհ կը դա­տապար­տեն Թուրքիոյ Սու­րիոյ դէմ գոր­ծադրած յար­ձա­կողա­կան պա­տերազ­մը։ Այդ պա­տերազ­մի ետին Թուրքիոյ կա­ռավա­րու­թեան կող­մէ ներ­կա­յացո­ւած պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւնը բա­ցար­ձա­կապէս հա­մոզիչ չի թո­ւիր որե­ւէ ժո­ղովուրդի դի­մաց։ Բայց եկուր տես, որ պե­տու­թիւննե­րը ընդհան­րա­պէս կը խու­սա­փին ու­րիշ պե­տու­թիւննե­րը խած­նե­լէ։ Ժո­ղովրդա­կան ասա­ցուածք ըլ­լա­լով գոր­ծա­ծուած. «Շու­նը շան չի խած­ներ» ասոյ­թը, այս օրի­նակին մէջ դիւ­րաւ կրնանք փո­խան­ցել. «Պե­տու­թիւնը պե­տու­թեան չի խած­ներ» ասոյ­թի։ Ար­դա­րեւ բազ­մա­թիւ քա­ղաքա­կան գոր­ծիչներ Թուրքիոյ զի­նեալ գոր­ծո­ղու­թիւնը դա­տապար­տե­լով հան­դերձ թու­թա­կի նման կը կրկնեն անոր իր երկրի սահ­մաննե­րու անվտան­գութիւ­նը ապա­հովե­լու իրա­ւունքը։ Այդ պա­հուն մտքով իսկ չէր անցներ հարցնել, թէ ար­դեօք, ե՞րբ եւ ի՞նչ տե­սակ վտանգ մը գո­յացած է Թուրքիոյ հա­րաւա­յին սահ­մա­նին վրայ։

Իրա­կանու­թեան մէջ բո­լորը գի­տեն, որ այդտեղ իրա­ւացի վտան­գի մը մա­սին խօ­սիլը անի­մաստ է եւ միւս կող­մէ նոյ­նինքն Թուրքիա է, որ Սու­րիոյ քա­ղաքա­կան պա­տերազ­մի սկսած օրէն ի վեր ճամ­բայ կը բա­նայ ճի­հատիստ ահա­բեկիչ­նե­րուն եւ կ՚ապա­հովէ անոնց դէ­պի Սու­րիա ներ­խուժու­մը։

Ճիշդ ալ նման պայ­մաննե­րու առ­կա­յու­թեան մէջ իմաստ պի­տի ստա­նայ «չար պա­տերազմ» ասոյ­թը։ Ճիշդ է պա­տերազ­մը չա­րիք է։ Կրնանք զայն բնու­թագրել, որ­պէս զան­գո­ւածա­յին ոճ­րա­գոր­ծութիւն։ Բայց ո՞վ պի­տի հա­մար­ձա­կի չա­րամիտ յար­ձա­կողա­կանու­թեան մը դէմ դի­մադ­րողնե­րը ոճ­րա­գործ անո­ւանե­լու։ Այս օրի­նակին մէջ ոճիրն ալ յստակ է, ոճ­րա­գործն ալ։ Եւ այս ծանր մե­ղադ­րանքը ո՞վ պի­տի կրնայ բեռցնել միայն մէկ դե­րակա­տարի ու­սե­րուն, քա­նի որ յան­ցա­գոր­ծութիւնն ալ, ոճիրն ալ իր կար­գին ու­նի բա­զում գոր­ծիչներ։

Մեղ­քը ծանր է, հե­տեւա­բար առան­ձին ոչ մէկ եր­կիր պի­տի կրնայ ստանձնել անոր պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւնը։ Իսկ որ­պէս ան­կախ պե­տակա­նու­թիւն Հա­յաս­տա­նը ինք եւս ի՞նչ պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւն ու­նի բո­լոր այս պա­տահած­նե­րուն մէջ։ Որ­քա­նով ար­դա­րացի է Հա­յաս­տա­նի միայն Սու­րիոյ հայ փոք­րա­մաս­նութեան մատ­նո­ւած վտանգնե­րուն հա­մար ահա­զանգ հնչեց­նե­լը։ Ինչպէս յան­ցանքը, նոյնպէս պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւնը կը վի­ճակի բո­լորիս։ Սա պա­հուն ոչ ոք կրնայ իր ձեռ­քե­րը լո­ւալ եւ ար­դա­րու­թիւն յայ­տա­րարել։ Ժո­ղովուրդ մըն է, որ խեղ­դա­մահ կ՚ըլ­լայ աշ­խարհի աչ­քե­րուն առ­ջեւ ու մենք կը փոր­ձենք նոյ­նիսկ այդ բո­լորը ան­տե­սել եւ ապա­ւինիլ սե­փական կեան­քի խա­ղաղու­թեան։

Պա­հը օր­հա­սական է բո­լորիս համար։

pakrates@yahoo.com