Կեդրոնականի «միլիթաններ»ու վերջին ոտնձգութիւնը

Ինչպէս կ՚ակնկա­լուէր Կո­միտաս վար­դա­պետի ծննդեան 150-ամեակը մեծ ոգե­ւորու­թիւն ստեղ­ծած է Իս­թանպու­լի մէջ եւ յա­ճախա­կի դար­ձած են զա­նազան բնոյ­թի մի­ջոցա­ռումնե­րը։ Այդ ծի­րէն ներս Կեդ­րո­նական վար­ժա­րանն ալ այս շա­բաթա­վեր­ջին յա­տուկ մի­ջոցա­ռու­մով մը կը պատ­րաստո­ւի փա­ռաբա­նել Մեծ վար­դա­պետի յո­բելեանը։

Դպրո­ցէն մե­զի հա­սած հա­ղոր­դագրու­թեան հա­մաձայն 18 Հոկ­տեմբեր ուրբաթ երե­կոյեան ժա­մը 18։00-ին, վար­ժա­րանի սրա­հին մէջ պի­տի կա­յանայ մի­ջոցառ­ման առա­ջին հա­տուա­ծը։

Այդ օր Կեդ­րո­նակա­նի նախ­կին եւ այժմու սա­ներու երաժշտա­կան ելոյթնե­րուն զու­գա­հեռ բա­ցու­մը պի­տի կա­տարոի նկար­չա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սին, որ նիւթ կ՚ու­նե­նայ Կո­միտաս վար­դա­պետը։

Իսկ յա­ջորդ օր 19 Հոկ­տեմբեր շա­բաթ երե­կոյեան նոյն ժա­մուն այս ան­գամ Հար­պի­յէ «Քէն­թէր» թատ­րո­նի դահ­լի­ճին մէջ, պի­տի ներ­կա­յացո­ւի Կո­միտաս վար­դա­պետի Կեանքն ու Գոր­ծը. Թա­տերա­կան բե­մադ­րութիւ­նով ներ­կա­յաց­նող մի­ջոցա­ռում մը։ Այս բաժ­նին մէջ կեդ­րո­նական­ցի­ներ կը հիւ­րընկա­լեն նաեւ Երե­ւանի Մխի­թար Սե­բաս­տա­ցի Կրթա­համա­լիրի սա­ները, որոնք եւս իրենց մաս­նակցու­թիւնը պի­տի բե­րեն այս հե­տաքրքրա­կան նա­խագ­ծին։

Յի­շելով նման բնոյ­թի նա­խորդ նա­խաձեռ­նութիւննե­րը ան­վա­րան կրնանք յու­սադրո­ւիլ, թէ մեզ սպա­սողը դպրո­ցական եւ աշա­կեր­տա­կան մա­կար­դա­կէ բա­ւակա­նին վեր աշ­խա­տու­թեան մը ար­քա­սիքն է։ Երե­ւոյթ մը, որ ամ­բողջո­վին պի­տի պատ­շա­ճի, թէ Կեդ­րո­նակա­նի անո­ւան եւ թէ վեր­ջերս այս դպրո­ցին վե­րագ­րո­ւած կո­չումնե­րուն։ Եթէ յի­շենք թէ տա­կաւին շատ կարճ ժա­մանակ առաջ այս քա­ղաքին մէջ գտնո­ւած էին մար­դիկ, որոնք յանդգնու­թիւնը ու­նե­ցան Շիշ­լիի Հա­յոց գե­րեզ­մա­նատան մէջ Կո­միտա­սի քան­դակ մը զե­տեղե­լու ար­գելք ըլ­լա­լու՝ պատ­րո­ւակե­լով թէ, ան քա­ղաքա­կան պատ­գամ կը պա­րու­նա­կէ իր մէջ։ Նոյ­նիսկ այսքա­նը ան­գամ բա­ւական է Կեդ­րո­նակա­նի նա­խաձեռ­նութիւ­նը ող­ջունե­լու հա­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ