Տարակարծութիւնները կը շարունակուին

Նախա­ձեռ­նարկ մարմնի որո­շու­մէն ետք թափ ստա­ցած են Արամ եւ Սա­հակ սրբա­զան­նե­րու քա­րոզար­շաւնե­րը։ Անոնք ժո­ղովուրդի հետ հան­դի­պումներ կը կազ­մա­կեր­պեն քա­ղաքի զա­նազան թա­ղերուն մէջ եւ կը փոր­ձեն հա­մոզիչ բա­ցատ­րութիւննե­րով ներ­կա­յաց­նել իրենց ծրա­գիր­նե­րը, որ պի­տի գոր­ծադրեն պատ­րիարք ընտրո­ւելէ ետք։ Այսպէս Արամ սրբա­զանի Եէշիլ­գիւղի մէջ կազ­մա­կեր­պած ժո­ղովին հետ նոյն ժա­մերուն նման բնոյ­թով ժո­ղով մըն ալ կազ­մա­կեր­պեց Սա­հակ եպիս­կո­պոս Մա­շալեան Սկիւ­տա­րի Ներ­սէ­սեան միու­թեան եր­դի­քին տակ։

Սա­հակ Սրբա­զան զա­նազան խոս­տումնե­րու կող­քին խոս­տա­ցաւ նաեւ, թէ իր պատ­րիար­քութեան շրջա­նին Պատ­րիար­քա­րանը որե­ւէ գան­ձում պի­տի չը­նէ մէկ քա­հանա­յով կա­տարո­ւած արա­րողու­թիւննե­րու պա­րագա­յին։ Ան նաեւ մեկ­նա­բանու­թիւններ ըրաւ կա­ռավա­րու­թեան յղած կա­նոնագ­րին առար­կե­լու շուրջ։ Սրբա­զանը պնդեց թէ, եթէ առար­կութիւն մը ըլ­լար պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թիւնը ան­գամ մը եւս պի­տի յե­տաձ­գո­ւէր դէ­պի անո­րոշ թո­ւական։ Ան­շուշտ հար­ցա­կան է, թէ սրբա­զանի այս են­թադրու­թիւնը ո՞ր հի­ման վրայ կը կա­յանայ։ Միւս կող­մէ «Ակօս» կապ հաս­տա­տեց ար­տա­սահ­մա­նի կարգ մը հո­գեւո­րական­նե­րուն հետ լսե­լու հա­մար անոնց կար­ծի­քը ներ­կայ գոր­ծընթա­ցի շուրջ։

Այսպէս Խա­ժակ ար­քե­պիս­կո­պոս Պար­սա­մեան կը յայտնէ թէ սխալ եղած է այս որո­շու­մին չա­ռար­կել։ «Ակօս»ին. «Եթէ դուք ալ թեկ­նա­ծու ըլ­լա­յիք ար­դեօք կա­նոնադ­րութիւ­նը դար­ձեալ այսպէս կու գա՞ր» հար­ցումին պա­տաս­խա­նելով սրբա­զանը յայտնեց թէ, եթէ ինք թեկ­նա­ծու ըլ­լար այս խնդի­րը եր­կու տա­րի առաջ ար­դէն իսկ լու­ծո­ւած պի­տի ըլ­լար։ «Ես նա­խապէս ալ յայտնած էի, թէ հա­մայնքի տար­բեր խա­ւերը ներ­կա­յաց­նող եր­կու կամ երեք հո­գիէ բաղ­կա­ցեալ պա­տուի­րակու­թիւնը այ­ցե­լէ Ան­գա­րա եւ իշ­խա­նու­թիւննե­րուն բա­ցատ­րութիւններ տայ պէտք եղած կար­գադրու­թեան մա­սին։ Եթէ խա­ղաղ ու հա­մերաշխ մթնո­լոր­տին մէջ նման հան­դի­պում մը ապա­հոված ըլ­լա­յինք, ես կը կար­ծեմ թէ խնդի­րը այս փու­լին չէր հաս­ներ։ Նոյ­նը այ­սօր ալ ի զօ­րու է։ Այ­սօր ալ կա­րելի է շի­նիչ ոճով բա­ցատ­րել ամէն ինչ, որ­մէ ետք ես կը կար­ծեմ թէ կ՚ապա­հովո­ւի մեր աւան­դութիւննե­րու հա­մապա­տաս­խա­նող ընտրու­թեան գոր­ծընթացք մը»։ Խա­ժակ սրբա­զան հա­մոզո­ւած է թէ նոր ըն­տիր պատ­րիար­քը պի­տի յա­ջողի հա­մայնքէ ներս տի­րող պա­ռակ­տումը որոշ ժա­մանա­կի մէջ լու­ծե­լու եւ ազ­գա­յին միաս­նութիւ­նը վե­րահաս­տա­տելու գոր­ծը։

Վի­գէն ար­քե­պիս­կո­պոս Այ­քա­զեան եւս կը բաժ­նէ Խա­ժակ սրբա­զանի կար­ծիքնե­րը, ըսե­լով թէ ան­պայման պէտք էր առար­կել եկած կա­նոնագ­րին դէմ։ Այդ առար­կութիւ­նը բո­լոր քա­ղաքա­կիրթ եր­կիրնե­րէ ներս կը դի­տուի մար­դու իրա­ւունքնե­րու բնա­կան մէկ ար­տա­յայ­տութիւ­նը ըլ­լա­լով։ «Այս բո­լորը կ՚ըսեմ առանց նկա­տի ու­նե­նալու թէ ով կ՚ընտրո­ւի կամ ով չնտրո­ւիր։ Սա սկզբունքա­յին խնդիր է։ Կապ չու­նի ան­ձե­րու նա­խասի­րու­թեան հետ։ Վեր­ջա­պէս նման ըն­թացքի մէջ տու­ժո­ղը ո՛չ թէ այս կամ այն եպիս­կո­պոսն է, այլ ընտրե­լու իրա­ւունքը յափշտա­կուած պոլ­սա­հայու­թիւնը։

Միւս կող­մէ Գա­րեգին ար­քե­պիս­կո­պոս Պէք­ճեան ցարդ յստակ պա­տաս­խան մը չէ փո­խան­ցած իրեն կա­տարո­ւած դի­մու­մին դի­մաց։ «Որ­քան ալ յստակ պա­տաս­խան մը փո­խան­ցած չըլ­լամ ես տա­կաւին կը յա­մառիմ եկած պայ­մա­նագի­րը մեր­ժե­լու վար­կա­ծին վրայ» ըսաւ Պէք­ճեան սրբա­զան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ