Անկարելի է խօսքը արգիլել

Հրանդ Տինք Հիմնարկի կազմակերպած «Կեսարիոյ եւ շրջակայքի հասարակական մշակութային եւ տնտեսական պատմութիւնը» խորագրեալ երկօրեայ միջազգային չեղեալ գիտաժողովի մասնակիցներէն երիտասարդ գիտաշխատող Վարագ Գեթսէմանեանի եւ Գիտութիւններու Ակադեմիայի անդամ արեւելագէտ Անուշ Յովհաննիսեանի հետ զրուցեցինք իրենց նիւթերու հիման վրայ։

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Ի՞նչ զգացիք երբ լսե­­ցիք, թէ ար­­գի­­­լուած է բա­­նախօ­­սու­­թիւնը։

ԱՆՈՒՇ ՅՈՎ­­ՀԱՆՆԻ­­ՍԵԱՆ - Այս մա­­սին առա­­ջին հիաս­­թա­­­փու­­թիւնը Երե­­ւան ապ­­րե­­­ցանք, երբ լսե­­ցինք թէ բա­­նախօ­­սու­­թիւնը Կե­­սարիոյ փո­­խարէն Պո­­լիս պի­­տի ըլ­­լայ։ Ին­­ծի հա­­մար, որ­­պէս թրքա­­գէտ եւ Օս­­մա­­­նեան ու Հան­­րա­­­պետա­­կան Թուրքիոյ պատ­­մութեան մաս­­նա­­­գէտ, կա­­րեւոր էր Կե­­սարիա այ­­ցե­­­լել։ Նա­­խապէս իմ աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րու հետ կա­­պուած այ­­ցե­­­լած եմ Արեւմտեան Հա­­յաս­­տան եւ Կի­­լիկիա, բայց չեմ եղած Կե­­սարիա։

Առա­­ջին հեր­­թին Կե­­սարիոյ մէջ ար­­գի­­­լուե­­լու լու­­րը լսե­­լով խոր­­հե­­­ցայ թէ սա պէտք է շրջա­­նային վար­­չութիւննե­­րու որո­­շու­­մը եղած ըլ­­լար։ Խորհրդա­­յին միու­­թեան փոր­­ձով գի­­տեմ թէ մի­­ջին մա­­կար­­դա­­­կի պաշ­­տօններ վա­­րող­­նե­­­րը ապա­­ցու­­ցել կ՚ու­­զեն թէ իրենք պաշ­­տօ­­­նի վրայ են եւ զգօն։ Պո­­լիս գա­­լէ ետք այս մա­­սին առա­­ջին խօ­­սողը իմ գոր­­ծընկեր Այ­­հա­­­նը (Աք­­տար) եղաւ։ Ան ըսաւ որ ար­­գի­­­լուած է մի­­ջոցա­­ռու­­մը։ Այ­­հա­­­նի կա­­տակա­­սէր բնա­­ւորու­­թիւնը գիտ­­նա­­­լով ինձ թո­­ւած թէ դար­­ձեալ կը կա­­տակէ։ Բայց ափ­­սոս ճիշդ էր։

Որ­­պէս երկրի իրո­­ղու­­թիւննե­­րուն ծա­­նօթ պատ­­մա­­­գէտ կրնամ ըն­­կա­­­լել այս կա­­տարո­­ւածը, բայց դար­­ձեալ կը դժո­­ւարա­­նամ տրա­­մաբա­­նական ձե­­ւաչա­­փի մը մէջ դնե­­լու։ Քաջ գի­­տեմ այս երկրի մէջ «մէկ քայլ առաջ, եր­­կու քայլ ետք» ըն­­թացքը։ Կա­­րող է, որ ներ­­կայ ռազ­­մա­­­տենչ հո­­գեբա­­նու­­թեան մէջ հա­­մակո­­ւած հա­­սարա­­կու­­թեան հա­­մար ան­­հա­­­ճոյ թո­­ւի Կե­­սարիոյ մօտ ան­­ցեալի մա­­սին տե­­ղեկու­­թիւննե­­րը։ Վեր­­ջա­­­պէս իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը կա­­րողու­­թիւն ու­­նին այս տե­­սակի ցան­­կա­­­ցած մի­­ջոցառ­­ման ար­­գելք ըլ­­լա­­­լու։ Բայց հա­­պա ինչպէ՞ս պի­­տի ար­­գի­­­լեն մարդկանց միտ­­քը։ Յատ­­կա­­­պէս ներ­­կայ թե­­խին­­քա­­­կան կա­­րելիու­­թիւննե­­րու մէջ ինչպէ՞ս պի­­տի լռեց­­նեն ազատ մտքի խօս­­քը։ Կ՚ափ­­սո­­­սամ որ չէ կա­­յացած այս գի­­տաժո­­ղովը։ Այ­­սօր, երբ Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկի նա­­խաձեռ­­նութեամբ մէկ­­տե­­­ղուած ենք, մենք զե­­կու­­ցողներս եւ ամ­­փոփ ձե­­ւով իրար կը փո­­խան­­ցենք մեր նիւ­­թե­­­րը, շատ կը ցա­­ւիմ որ զրկո­­ւեցանք այս շա­­հեկան նիւ­­թե­­­րը ամ­­բողջու­­թեամբ լսե­­լէ։

 

Իսկ կրնա՞ք հա­­մառօտ ներ­­կա­­­յաց­­նել ձեր զե­­կոյ­­ցի նիւ­­թը։

Գա­­լով իմ զե­­կու­­ցումը, կ՚են­­թադրէի թէ Կե­­սարիոյ պատ­­մութեան թե­­մայով ար­­դէն բա­­ւակա­­նին ելոյթներ կը հնչեն, որո­­շած էի հա­­մեմա­­տաբար աւե­­լի ան­­ծա­­­նօթ նիւ­­թի մը ման­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րը պար­­զե­­­լու։ Նկա­­տի ու­­նե­­­նալով որ կը տի­­րապե­­տեմ հա­­յերէ­­նի, անգլե­­րէնի, թրքե­­րէնի, օս­­մա­­­ներէ­­նի կար­­գին ռու­­սե­­­րէնի նաեւ, որո­­շեցի ռու­­սա­­­կան աղ­­բիւրնե­­րէ քա­­ղուած զե­­կոյ­­ցով մը ներ­­կա­­­յանալ։ Ին­­ծի հա­­մար շատ հե­­տաքրքրա­­կան էր 1934-ին բա­­ցուած Կե­­սարիոյ թեքսթիլ գոր­­ծա­­­րանը 1934-35 թո­­ւական­­նե­­­րուն Խորհրդա­­յին միու­­թեան վար­­կով։ Այդ տա­­րինե­­րուն Սո­­վետա­­կան եր­­կի­­­րը ինք թշո­­ւառու­­թեան մէջ էր։ Յափշտա­­կուած էին եկե­­ղեցի­­ներու հարստու­­թիւննե­­րը, նոյ­­նիսկ ան­­հատ մարդկանց հարստու­­թիւննե­­րը կը վերցնէին երկրի ճար­­տա­­­րագի­­տու­­թիւնը զար­­գացնե­­լու հա­­մար։ Այդ շրջա­­նի կար­­գա­­­խօսն էր. «Հաս­­նիլ եւ գե­­րազան­­ցել կա­­պիտա­­լիս­­տա­­­կան աշ­­խարհի հա­­սած մա­­կար­­դա­­­կը»։ Իրենք այդ պայ­­մաննե­­րու մէջ ըլ­­լա­­­լով ինչպէ՞ս եւ ին­­չո՞ւ 8 մի­­լիոն ԱՄՆ տո­­լարի հա­­մար­­ժէք վարկ էին տրա­­մադ­­րել Քե­­մալա­­կան Թուրքիային զէ­­ռօ տո­­կոսով։ Եւ այդ վար­­կը պի­­տի վճա­­րուէր ոչ թէ գու­­մա­­­րով, այլ ար­­տադրու­­թեամբ։

Այսպէս խորհրդա­­յին միու­­թեան ար­­տա­­­քին գոր­­ծե­­­րի նա­­խարա­­րու­­թեան ար­­խի­­­ւի մէջ յայտնա­­բերե­­ցի մի փաս­­տա­­­թուղթ, որ Խորհրդա­­յին միու­­թեան ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ Սու­­րից անու­­նով անձնա­­ւորու­­թեան եւ Խորհրդա­­յին իր կազ­­մա­­­կեր­­պութեան մի­­ջեւ հե­­ռագ­­րա­­­յին նա­­մակագ­­րութիւննե­­րը կը պա­­րու­­նա­­­կէր։ Այդ գրա­­ռումնե­­րով նշո­­ւած էին թէ ո՞րն է նման վար­­կի մը յատ­­կացման դրդա­­պատ­­ճառնե­­րը։ Այդ դրդա­­պատ­­ճառնե­­րը բազ­­մաբնոյթ էին եւ ես դա­­սաւո­­րեցի երեք մա­­սի։ Մի մա­­սը զուտ ար­­տա­­­քին քա­­ղաքա­­կանու­­թեան պատ­­ճառնե­­րով էր։ Միւս խումբը կա­­րող է դա­­սել գա­­ղափա­­րախօ­­սական, որով­­հե­­­տեւ Խորհրդա­­յին Միու­­թիւնը առանց գա­­ղափա­­րախօ­­սու­­թեան կա­­րելի չէ պատ­­կե­­­րաց­­նել։ Իսկ եր­­րորդ մա­­սը կան շատ նուրբ ներ­­քին խնդիր­­ներ։ Հոն ակնկա­­լու­­թիւններ կար Թուրքիայէն տրա­­մադ­­րո­­­ւած այս վար­­կի փո­­խարէն։ Առա­­ջինը, ար­­տա­­­քին շար­­ժա­­­ռիթ­­ներն էին, ըստ որու Քե­­մալա­­կան Թուրքիան կա­­մաց կա­­մաց իր հա­­յեաց­­քը ուղղած էր դէ­­պի արեւ­­մուտք որով­­հե­­­տեւ քե­­մալա­­կան­­նե­­­րի տես­­լա­­­կանը արեւմտեան կեր­­պով քա­­ղաքակրթու­­թիւն ստեղ­­ծելն էր։ Խորհրդա­­յին Միու­­թիւնը շատ մտա­­հոգո­­ւած էր այս երե­­ւոյ­­թով, քա­­նի որ օդին մէջ զգա­­լի էր հա­­մաշ­­խարհա­­յին պա­­տերազ­­մի հո­­տը։ Ու­­րեմն նա­­մակագ­­րութեան մէջ կը պար­­զո­­­ւէր Խորհրդա­­յին իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րու մեր­­ձե­­­ցու­­մը, որ թոյլ չտան թէ Թուրքիա ալ աւե­­լի մօ­­տենայ արեւմտեան աշ­­խարհին, յատ­­կա­­­պէս Անգլիային ազ­­դե­­­ցու­­թեան ոլոր­­տը։ Եր­­րորդ գոր­­ծօն մըն ալ այն էր թէ կը մտա­­ծէին Թուրքիան իր ներ­­քին տնտե­­սական բա­­րեփո­­խումնե­­րուն մէջ եր­­կընտրան­­քի առաջ էր, որով­­հե­­­տեւ մինչ այդ շու­­կա­­­յական եւ ազ­­գա­­­յին տնտե­­սու­­թեան փոր­­ձեր կ՚ընէր, բայց հա­­մաշ­­խարհա­­յին ճգնա­­ժամը ար­­գելք եղաւ, որ չաշ­­խա­­­տի «Միլ­­լի իք­­թի­­­սատ» կո­­չուած այդ փոր­­ձը։ Քե­­մալա­­կան­­նե­­­րը փնտռտու­­քի մէջ էին, ընդ որուն Ռու­­սաստա­­նը չէր որ միակ ու­­ղի էր, ուր իրենք մօ­­տել կը փնտռէին։ Գի­­տենք որ իրենք ճամ­­բորդում էին ֆա­­շիս­­տա­­­կան Իտա­­լիա, ուր նոյնպէս կը փոր­­ձէին Թուրքիոյ որ­­դեգրած մո­­տելը։ Այսպէս Թուրքիան որո­­շեց էդա­­տիս­­տա­­­կան, այ­­սինքն պե­­տական վե­­րահսկո­­ղու­­թեամբ տնտե­­սու­­թեան եղա­­նակը։ Այս եղա­­նակի մէկ կո­­չումն ալ փլա­­նաւո­­րուած տնտե­­սու­­թիւն է, որ Թուրքիան ըն­­դունեց հինգ տա­­րուայ հեր­­թա­­­կանու­­թեամբ։ Այս մէ­­կը շատ նման էր Խորհրդա­­յին Միու­­թեան տնտե­­սական ռազ­­մա­­­վարու­­թեան։ Եւ եւս կա­­րեւոր գոր­­ծօն մը, որ ար­­խիւնե­­րու մէջ այնքան ալ յստակ չի ներ­­կա­­­յանար, որով­­հե­­­տեւ այդ նիւ­­թի շուրջ շատ են գաղտնի թղթակ­­ցութիւննե­­րը, Տրոց­­կիի խնդիրն է։ Թէեւ այս մա­­սին յստակ փաս­­տա­­­ցի տո­­ւեալ­­ներ չկան, բայց դէպ­­քե­­­րու զար­­գա­­­ցու­­մը կ՚ապա­­ցու­­ցէ թէ Ստա­­լինը Խորհրդա­­յին միու­­թեան յե­­ղափո­­խու­­թեան կա­­րեւո­­րագոյն դէմ­­քե­­­րէն Տրոց­­կիէն ազա­­տուե­­լու խնդիր ու­­նէր, որուն հա­­մար կը խնդրէր Թուրքիոյ գաղտնի գոր­­ծա­­­կալու­­թեան օժան­­դա­­­կու­­թիւնը։ Այսպէս պայ­­մա­­­նաւո­­րուե­­ցան Քե­­մալա­­կան­­նե­­­րու հետ, որ ան գայ Թուրքիա։ Ար­­դէն յայտնի է, որ Տրոց­­կին 1929-էն ետք ապ­­րած է Մեծ Կղզի, առանձնա­­տան մէջ։ Թէեւ իրեն ար­­գի­­­լած էին ամէն տե­­սակի գրա­­ռու­­մը, բայց Տրոց­­կին իր հետ բե­­րած էր նաեւ բազ­­մա­­­թիւ կա­­րեւոր փաս­­տաթղթեր։ Փաս­­տա­­­թուղթեր, որոնք նիս­­տե­­­րու ար­­ձա­­­նագ­­րութիւններ էին, որոնց մէջ կար Ստա­­լինին վար­­կա­­­բեկող ելոյթներ։ Դա­­ւադ­­րութիւ­­նը եւս շա­­րու­­նա­­­կուե­­ցաւ եւ բո­­լոր այդ փաս­­տա­­­թուղթե­­րը փճա­­ցան կաս­­կա­­­ծելի հրդե­­հի մը հե­­տեւան­­քով։

Այդ տա­­րինե­­րուն է, որ Թուրքիա ար­­տա­­­կարգ օժան­­դա­­­կու­­թեան խիստ կա­­րիք ու­­նի եւ այդ կա­­րիքը ընդհան­­րա­­­պէս կը մեր­­ժո­­­ւի Անգլիոյ, Ֆրան­­սա եւ Իտա­­լիայի նման եր­­կիրնե­­րու կող­­մէ։ Իսկ Խորհրդա­­յին Ռու­­սաստան կ՚ու­­զէ Թուրքիան պա­­հել իր ազ­­դե­­­ցու­­թեան տա­­րած­­քին մէջ եւ չի վա­­րանիր Կե­­սարիոյ թեքսթիլ գոր­­ծա­­­րանի (Սիւ­­մերպանք Քայ­­սէ­­­րի Պեզ Ֆապ­­րի­­­քասը) կա­­ռուցման հա­­մար պի­­տանի վար­­կը ապա­­հովե­­լէ։

**

Դժբախ­­տա­­­բար գի­­տաժո­­ղովի սկսե­­լէն ժա­­մեր առաջ տե­­ղեակ դար­­ձանք, թէ Շիշ­­լիի գա­­ւառա­­պետի հրա­­մանով ար­­գի­­­լուած է Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկի կազ­­մա­­­կեր­­պած գի­­տաժո­­ղովը, որուն զե­­կու­­ցողնե­­րէն մէկն էիք նաեւ դուք։ Այս անակնկալ զար­­գա­­­ցու­­մը ինչպէ՞ս կը գնա­­հատէք։

ՎԱ­­ՐԱԳ ԳԵԹ­­ՍԷ­­­ՄԱՆԵԱՆ - Հրանդ Տինք հիմ­­նարկի կազ­­մա­­­կեր­­պած «Կե­­սարիոյ եւ շրջա­­կայ­­քի հա­­սարա­­կական, մշա­­կու­­թա­­­յին եւ տնտե­­սական պատ­­մութիւ­­նը» խո­­րագ­­րեալ գի­­տաժո­­ղովը պէտք է դի­­տել լայն ձե­­ւաչա­­փի մը մէջ։ Գի­­տենք թէ հիմ­­նարկը սկսե­­լով 2012 կամ 13 թո­­ւական­­նե­­­րէն, նման բնոյ­­թի զա­­նազան ժո­­ղով­­ներ կազ­­մա­­­կեր­­պած է Ատա­­նայի, Տիար­­պէ­­­քիրի, Վա­­նի, Ան­­գա­­­րայի, Մար­­տի­­­նի կամ Զմիւռնիոյ մա­­սին։ Անոնցմէ ոչ մէ­­կը հան­­դի­­­պած էր նման ար­­գելքի։ Իսկ այ­­սօր ժո­­ղովին Կե­­սարիոյ մէջ ար­­գի­­­լուե­­լէն ետք, նման ար­­գելքի մը Պոլ­­սոյ մէջ ալ գոր­­ծադրո­­ւիլը զար­­մա­­­նալի չի թո­­ւիր։ Անըն­­դունե­­լի է թէ այդ ար­­գելքը յա­­րու­­ցուած է ժո­­ղովէն հա­­զիւ ժա­­մեր առաջ։ Գի­­տաժո­­ղովի մաս­­նա­­­կից աւե­­լի քան քսան զե­­կու­­ցողներ ար­­դէն հա­­սած էին Պո­­լիս եւ որո­­շու­­մը զար­­մանք պատ­­ճա­­­ռեց բո­­լորին։ Պա­­տահա­­ծը ազատ խօս­­քի եւ ազատ ար­­տա­­­յայ­­տութեան դէմ մեծ հա­­րուած է։ Երկրոր­­դը՝ նա­­խադէպ մը ստեղ­­ծեց ապա­­գային այս բո­­վան­­դա­­­կու­­թեամբ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւելի գի­­տաժո­­ղով­­նե­­­րու մաս­­նակցու­­թիւնը հար­­ցա­­­կան դարձնելով։ Վեր­­ջին ան­­գամ 2005-ի այդ նշա­­նաւոր գի­­տաժո­­ղովէն ետք չեր պա­­տահած նման ար­­գելք։

 

Կը ցա­­ւինք, թէ զրկո­­ւած ենք ձեր ելոյ­­թը լսե­­լէ, ու­­րեմն այս պա­­հուն հե­­տաքրքրա­­կան է թէ եթէ առիթ ըլ­­լար ին­­չե՞ր պի­­տի պատ­­մէիք։

Իմ զե­­կոյ­­ցը, որ պի­­տի կա­­յանար, գի­­տաժո­­ղովի առա­­ջին նիս­­տին էր, որ կը վե­­րաբե­­րէր պատ­­մա­­­կան ակ­­նարկի։ Ես պի­­տի ներ­­կա­­­յաց­­նէի իմ ըն­­տա­­­նեկան ար­­խի­­­ւէն քա­­ղուած նիւթ մը։ Աւե­­լի ճիշ­­դը մեծ մեծ հօրս պատ­­մութիւ­­նը։ Առա­­ջին ան­­գամ, երբ լսե­­ցի այս գի­­տաժո­­ղովի մա­­սին մտա­­ծեցի թէ ի՞նչ կրնամ ներ­­կա­­­յաց­­նել։ Ապա խոր­­հե­­­լով թէ ես ալ Կե­­սարա­­ցի ըն­­տա­­­նիքի զա­­ւակ եմ, յար­­մար գտայ մեր ըն­­տա­­­նիքի պատ­­մութիւ­­նով մաս­­նակցիլ։ Ու­­րեմն այս երե­­ւոյ­­թը յատ­­կանշա­­կան պի­­տի ըլ­­լար, այն առու­­մով թէ 100 կամ 105 տա­­րի ետք ես իրենց մա­­սին պի­­տի կրնա­­յի խօ­­սիլ, իրենց ծննդա­­վայ­­րին՝ Կե­­սարիոյ մէջ։ Այսպէս ձեռ­­քիս տակ ու­­նե­­­ցած­­նե­­­րէս բա­­ցի սկսայ նիւ­­թեր հա­­ւաքել մօ­­րենա­­կան կող­­մէ մեծ մեծ հօրս ըն­­տա­­­նիքի մա­­սին, որոնք ազ­­գա­­­նու­­նով ալ Կե­­սարիան են։ Ճամ­­բորդու­­թեան ու­­ղե­­­գիծ մը պատ­­րաստե­­ցի, թէ ինչպէս անոնք Թո­­մար­­զա­­­յէն Դա­­մաս­­կոս եւ Հա­­լէպ հա­­սած են, ապա Պէյ­­րութ եւ 1970-ական­­նե­­­րուն գաղ­­թած են Միացեալ Նա­­հանգներ։ Վիս­­քոնսին նա­­հան­­գի մէջ փոք­­րիկ քա­­ղաք մըն էր Ռէ­­յիսին, որ բնա­­կեցո­­ւած էր թո­­մար­­զա­­­ցինե­­րով։ Չի­­քակո­­յին մօ­­տակայ փոք­­րիկ քա­­ղաք մըն է, որ 1900-ական­­նե­­­րու սկիզբնե­­րէն ի վեր թո­­մար­­զա­­­ցիներ տե­­ղափո­­խուած են, նախ տղա­­մար­­դիկ եւ ապա իրենց ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րը։ Ու­­րեմն 1920-ական, 30-ական տա­­րեթի­­ւերուն թո­­մար­­զա­­­ցինե­­րու որոշ բնակ­­չութիւն մը ար­­դէն գո­­յու­­թիւն ու­­նէր այս քա­­ղաքին մէջ։ Անոնք շատ կա­­րեւոր ներդրում ու­­նե­­­ցած են Իս­­թանպուլ կամ Պէյ­­րութ եկած թո­­մար­­զա­­­ցի հա­­յերուն։ Կամ օգ­­նութիւն ղրկած են, կամ ալ անոնց դէ­­պի արեւ­­մուտք գաղ­­թին օժան­­դա­­­կած։ 90 տա­­րի առաջ հիմ­­նած են հայ­­րե­­­նակ­­ցա­­­կան միու­­թիւն, որ ապա մաս­­նա­­­ճիւ­­ղեր ու­­նե­­­ցած է Հա­­րաւա­­յին Ամե­­րիկա­­յի, Ար­­կենդի­­նայի, Ֆրան­­սա­­­յի եւ Մի­­ջին Արե­­ւել­­քի տար­­բեր կեդ­­րոննե­­րու մէջ։ Ես նիւ­­թեր հա­­ւաքե­­լով փոր­­ձե­­­ցի պար­­զել, թէ իմ մեծ մեծ ծնող­­նե­­­րը ինչպի­­սի ճա­­նապարհնե­­րէ անցնե­­լով հա­­սած են Ամե­­րիկա։ Կ՚ու­­զէի պար­­զել այդ պատ­­մութեան կա­­րեւոր հանգրո­­ւան­­նե­­­րը, օրի­­նակի հա­­մար 1930-ական տա­­րեթի­­ւերուն Ամե­­րիկա­­յէն դէ­­պի Հա­­յաս­­տան ներ­­գաղթը։ Դժբախ­­տա­­­բար առի­­թը չու­­նե­­­ցայ պատ­­շաճ կեր­­պով ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լու, քա­­նի որ բո­­լոր այս պատ­­մութիւ­­նը հիւ­­սո­­­ւած էր լու­­սանկար­­նե­­­րու եւ այլ տե­­սանիւ­­թե­­­րու վրայ։ Այ­­սինքն տե­­սալ­­սո­­­ղական նիւ­­թե­­­րը շատ էին, բայց առիթ չու­­նե­­­ցայ անոնք ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լու։ 80-ական տա­­րեթի­­ւերէն մնա­­ցած տե­­սանիւ­­թեր ու­­նիմ, ուր իմ պա­­պերը իրենց փոր­­ձա­­­ռու­­թիւննե­­րը կը պատ­­մեն Զօ­­րեան Ինստի­­տու­­տի բա­­նաւոր պատ­­մութեան հա­­ւաքա­­ծոյին հա­­մար։

Թո­­մար­­զա­­­յի մա­­սին պա­­տումնե­­րու կա­­րեւոր մէկ մասն ալ կը բաղ­­կա­­­նայ յու­­շա­­­մատեան­­նե­­­րէ։ 1940-ական թո­­ւական­­նե­­­րէ սկսեալ զա­­նազան մար­­դիկ իրենց բնօր­­րա­­­նի մա­­սին բազ­­մա­­­թիւ վկա­­յու­­թիւններ փո­­խան­­ցե­­­ցին հա­­տոր­­նե­­­րու ձե­­ւով։ Այսպէս Թո­­մար­­զա­­­յի մա­­սին ու­­նինք հինգ կամ վեց աշ­­խա­­­տու­­թիւն, որոնք 1950 կամ 60-ական­­նե­­­րուն հրա­­տարա­­կուած են եւ ապա թարգմա­­նուած անգլե­­րէնի։ Այդ գիր­­քե­­­րէն ալ օգ­­տո­­­ւելով յա­­ջողե­­ցայ վե­­րակազ­­մել ըն­­տա­­­նեկան պատ­­մութիւ­­նը։

Կ՚ու­­զէի գա­­ղութ առ գա­­ղութ նկա­­րագ­­րել այս պատ­­մութիւ­­նը։ Առա­­ջինը պի­­տի ըլ­­լար Պէյ­­րութը, Հա­­լէպը եւ ընդհան­­րա­­­պէս Մի­­ջին Արե­­ւել­­քը։ Երկրոր­­դը Ամե­­րիկա­­յի պա­­տումնե­­րը պի­­տի ըլ­­լար, ուր ինչպէս որ ըսի Թո­­մար­­զա­­­յի հա­­յերը ար­­դէն բնա­­կու­­թիւն հաս­­տա­­­տած էին Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան նա­­խոր­­դող տա­­րինե­­րէն ի վեր։ Կ՚աշ­­խա­­­տէին տեղ­­ւոյն եր­­կա­­­թի գոր­­ծա­­­րանը։ Այնպէս որ 1970-ական­­նե­­­րուն մեծ մեծ մայրս Կիւ­­լի­­­զարը եւ պապս Գէորգ Գայ­­սէ­­­րեանը, երբ կ՚որո­­շեն Ամե­­րիկա տե­­ղափո­­խուիլ, այնտեղ ար­­դէն հա­­րազատ­­ներ ու­­նէին։ Գէոր­­գը հոն է, որ առա­­ջին ան­­գամ կը հան­­դի­­­պի իր եղ­­բօր՝ որ նա­­խապէս եր­­բեք չէր տե­­սած։

Ռէ­­յիսին փոք­­րիկ քա­­ղաք ըլ­­լա­­­լով հան­­դերձ ու­­նէր եր­­կու եկե­­ղեցի, Էջ­­միած­­նա­­­կան եւ Կի­­լիկեան դէ­­մի պատ­­կա­­­նող, կու­­սակցա­­կան մաս­­նա­­­ճիւ­­ղեր եւ մշա­­կոյ­­թի կեդ­րոններ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ