ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ակնկալութիւններ՝ արդար եւ իրաւացի

Նախորդ շա­բաթ, երբ Թուրքիոյ զի­նեալ ու­ժե­րը ներ­խուժե­ցին Սու­րիոյ սահ­մա­նէն ներս առ ի սո­վորու­թիւն հնչեց Թուրքիոյ ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու անու­նով հրա­տարա­կուած բա­րի մաղ­թանք մը թրքա­կան զօր­քե­րու յա­ջողու­թեան հա­մար։

Առ ի սո­վորոյթ կ՚ըսենք այս երե­ւոյ­թին, քա­նի որ ան­ցեալին ալ ակա­նատես եղած ենք նման­նե­րուն, ամէն ան­գամ, որ եր­կի­րէ ներս տի­րէ պա­տերազ­մա­կան իրա­վիճակ։ Եւ մա­նաւանդ, երբ այդ եր­կի­րը Թուրքիա է եւ պա­տերազ­մը իս­կոյն վե­րածո­ւած է ազ­գա­յին հիս­թե­րիայի մը, կա­րելի չէ զար­մա­նալ հա­մայնքա­յին ներ­կա­յացու­ցիչնե­րու նման վար­քին դի­մաց։

Այս է, որ բա­ցատ­րել կ՚աշ­խա­տէինք կա­տարո­ւածին հա­մար մեր մեկ­նա­բանու­թիւնը հարցնող Հա­յաս­տա­նի մեր պաշ­տօ­նակից­նե­րուն։ Կը դժո­ւարա­նայինք եղե­լու­թիւնը պար­զե­լու, քա­նի որ անոնք ալ իրենց կար­գին կը դժո­ւարա­նային նման յայ­տա­րարու­թեան մը տե­ղի տո­ւող միտ­քը ըն­կա­լելու։

Ապա վրայ հա­սաւ ասո­րի հո­գեւո­րական­նե­րու միաս­նա­կան կո­չը, այս ան­գամ Մար­տի­նի պատ­մա­կան Տէյ­րուլ Զա­ֆարան եկե­ղեց­ւոյ կա­մար­նե­րէն։ Ասո­րի եւ քաղ­դէացի հո­գեւո­րական­ներն ալ ան­մասն չէին մնա­ցած եւ յայտնած էին իրենց զօ­րակ­ցութիւ­նը Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րու ուղղեալ։ Բայց ան­դին կար շատ մտա­հոգիչ ու­րիշ երե­ւոյթ մը՝ Թրքա­կան բա­նակը եւ անոր հետ գոր­ծակցող եւ ընդհան­րա­պէս ճի­հատիստնե­րէ բաղ­կա­ցող միաւո­րումնե­րը այս պա­տերազ­մի ըն­թացքին իրենց թի­րախ ընտրած են երկրի քրիս­տո­նեայ բնակ­չութիւ­նը, որոնց կա­րեւոր մէկ մասն ալ կը բաղ­կա­նայ նոյն ինքն ասո­րինե­րէ։

Այս պայ­մաննե­րու տակ ինչպէ՞ս գնա­հատել եկե­ղեցիին դե­րը ու դիր­քը իր հա­րազատ ժո­ղովուրդի մատ­նո­ւած ճգնա­ժամի պայ­մաննե­րուն մէջ իսկ։ Դար­ձեալ զար­մա­նալի պէտք չէ թո­ւի հո­գեւո­րակա­նաց դա­սու իշ­խա­նու­թիւննե­րու դի­մաց որ­դեգրած հա­ւատար­մութիւ­նը։ Հո­գեւո­րակա­նը իր այդ ան­պա­տիւ վար­քին մէջ կը տես­նէ նաեւ իր հո­վուա­պետա­ծ ազ­գին իբ­րեւ թէ անվտան­գութիւ­նը։ Իրա­կանու­թեան մէջ ան զո­հը դար­ձած է զինք շրջա­պատող տար­րե­րու, որոնք իրենց հարստու­թեան ապա­հովու­թիւնը կը ներ­կա­յաց­նեն իբ­րեւ ժո­ղովուրդի անվտան­գութիւն։ Բայց հո­գեւո­րակա­նը չի կրնար առար­կել այդ շրջա­նակ­նե­րէ եկած ազ­գա­դաւ թե­լադ­րանքնե­րուն։ Նման առար­կութիւն մը կը մեկ­նա­բանո­ւի որ­պէս հա­կապե­տական կե­ցուածք։ Ճիշդ ալ այս է պատ­ճա­ռը, որ պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թեան խնդրին մէջ ան­գամ չենք կրցած առար­կել կա­տարո­ւած գայ­թակղու­թեան դէմ։ Ընդ հա­կառա­կը հա­մակեր­պած ենք պար­տադրան­քին, վախ­նա­լով որ հա­կառակ դէպ­քին ալ աւե­լի կ՚եր­կա­րաձ­գո­ւի պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թիւնը։ Չեն կրցած հա­մար­ձա­կօրէն եւ գլխա­բաց ըսել, թէ աւե­լի նա­խընտրե­լի է ուշ եւ օրի­նական, ար­դար ընտրու­թիւն մը, քան նման լղրճո­ւած ներ­կայ ձե­ւացեալ եւ կար­ծե­ցեալ ընտրու­թիւնը։

Ճիշդ ալ հոս է, որ կը յայտնո­ւի պատ­րիար­քէ մը ակնկա­լուա­ծը։ Ամ­բողջ պատ­մութեան ըն­թացքին բազ­մա­թիւ հա­լածանքնե­րու են­թարկո­ւած ժո­ղովուրդի հա­մար կար­ծես թէ ամէն բա­նէ աւե­լի ար­ժէ­քաւոր պէտք է ըլ­լայ ազ­գին ար­ժա­նապա­տուու­թիւնը։ Այդ ար­ժա­նապա­տուու­թեան երաշ­խի­քը ազ­գա­պետ ըլ­լա­լու յա­ւակ­նող հո­գեւո­րականն է։ Եւ ճիշդ ալ այս պատ­ճա­ռաւ ազ­գը ու­նի իր պե­տը իր կամ­քով ընտրե­լու առիթ։ Անոր հա­մար ընտրուածը ինքզինք աւե­լի հպարտ կը զգայ, երբ անու­նին քով կը նշո­ւի «ազ­գընտիր» տիտ­ղո­սը։ Այս բո­լորին համար է, որ մար­դիկ կ՚ու­զեն տէր կանգնիլ իրենց ար­դար իրա­ւունքնե­րուն։ Բայց եկէք դար­ձեալ հարցնենք ո՞ր ազ­գը, ե՞րբ է տի­րացել այդ մա­կար­դա­կը ապա­հոված հո­գեւո­րակա­նի։ Նման երե­ւոյ­թը բա­ցառու­թիւն պէտք է հա­մարո­ւի բո­լոր ազ­գե­րու եւ կրօնքնե­րու հա­մար եւ նոյ­նիսկ եթէ այդպէս է մենք պի­տի յա­ւակ­նինք ամե­նաշատ բա­ցառու­թիւններ ու­նե­ցած ըլ­լա­լու հա­մոզու­մին։

pakrates@yahoo.com