Հարուած մը՝ որ ուղղուած է գիտութեան եւ ժողովրդավարութեան

Հրանդ Տինք Հիմ­­նար­կի նա­­­խաձեռ­­­նու­թեամբ կազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կեր­­­­պո­­­­­­­­­­­­­­­ւած «Կե­­­­սարիոյ եւ շրջա­­­­կայ­­­­քի հա­­­­սարա­­­­կական, մշա­­­­կու­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­յին եւ տնտե­­­­սական պատ­­­­մութիւ­­­­նը» խո­­­­րագ­­­­րեալ մի­­­­ջազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­յին եր­­­­կօ­­­­­­­­­­­­­­­րեայ բա­­­­նախօ­­­­սու­­­­թիւնը Շիշ­­­­լիի գա­­­­ւառա­­­­պետի որո­­­­շու­­­­մով ար­­­­գի­­­­­­­­­­­­­­­լուե­­­­ցաւ։

Նա­­­­խապատ­­­­րաստու­­­­թիւննե­­­­րը տա­­­­րի մը առաջ սկսած մի­­­­ջոցառ­­­­ման հա­­­­մար ատե­­­­նախօս­­­­ներ հրա­­­­ւիրո­­­­ւած էին ԱՄՆ, Ֆրան­­­­սա, Յու­­­­նաստան, Հա­­­­յաս­­­­տան եւ Թուրքիոյ զա­­­­նազան քա­­­­ղաք­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէն։ Գի­­­­տական յանձնա­­­­խումբը կա­­­­տարո­­­­ւած դի­­­­մումնե­­­­րէն ընտրած էր 27 զե­­­­կոյցներ, որոնց հե­­­­ղինակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը ար­­­­դէն իսկ հա­­­­սած էին Իս­­­­թանպուլ, իրենց նիւ­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­րը ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յաց­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լու հա­­­­մար։

Շիշ­­­­լիի գա­­­­ւառա­­­­պետը մի­­­­ջոցառ­­­­ման սկսե­­­­լէն ըն­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­մէնը 16 ժամ առաջ տե­­­­ղեկա­­­­ցուց չե­­­­ղեալ հա­­­­մարե­­­­լու մա­­­­սին որո­­­­շու­­­­մը։ Ու­­­­շագրաւ էր նաեւ որոշ­­­­ման փո­­­­խանցման ժա­­­­մը՝ 17.08։ Գա­­­­ւառա­­­­պետը դի­­­­տումնա­­­­ւոր կեր­­­­պով ուշ տե­­­­ղեկա­­­­ցուած էր, որ­­­­պէսզի կա­­­­րելի չըլ­­­­լայ օրի­­­­նական որե­­­­ւէ կան­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­միջո­­­­ցի դի­­­­մել։ Որ­­­­քան որ ար­­­­գի­­­­­­­­­­­­­­­լու­­­­մը տե­­­­ղեկաց­­­­նող գրու­­­­թեան մէջ յա­­­­տուկ պատ­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­ռաբա­­­­նու­­­­թիւն չէ նշո­­­­ւած, ակ­­­­նարկո­­­­ւած է, թէ որո­­­­շու­­­­մը կա­­­­յացած է 2911 հա­­­­մար օրէն­­­­քի սահ­­­­մաննե­­­­րով։

Հրանդ Տինք Հիմ­­­­նարկին կա­­­­տարած յայ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­րարու­­­­թեան մէջ կը նշո­­­­ւի նաեւ, թէ նման բնոյ­­­­թով գի­­­­տաժո­­­­ղով­­­­ներ կա­­­­յացած են Ատա­­­­նայի, Տիար­­­­պէ­­­­­­­­­­­­­­­քիրի, Վա­­­­նի, Մար­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­նի, Ան­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­րայի եւ Զմիւռնիոյ հա­­­­սարա­­­­կական, մշա­­­­կու­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­յին եւ տնտե­­­­սական պատ­­­­մութիւննե­­­­րը ու­­­­սումնա­­­­սիրե­­­­լու մի­­­­տու­­­­մով։

Սոյն աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տու­­­­թիւնը կը հո­­­­վանա­­­­ւորուէր Եւ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­միու­­­­թեան եւ Թուրքիոյ Հան­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­պետու­­­­թեան Եւ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­միու­­­­թեան նա­­­­խարա­­­­րու­­­­թեան կող­­­­մէ։

Հրանդ Տինք Հիմ­­­­նարկի վար­­­­չութեան ան­­­­դամ եւ իրա­­­­ւաբա­­­­նական խորհրդա­­­­տու Ֆեթ­­­­հի­­­­­­­­­­­­­­­յէ Չե­­­­թին ժո­­­­ղովին 2911 հա­­­­մար օրէն­­­­քի սահ­­­­մաննե­­­­րով ար­­­­գի­­­­­­­­­­­­­­­լուե­­­­լու երե­­­­ւոյ­­­­թը մեկ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­բանեց «Ակօս»ին հա­­­­մար։

«Հիմ­­­­նարկնե­­­­րը իրենց գոր­­­­ծունէու­­­­թեան յայ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­րարագ­­­­րին ծի­­­­րէն ներս կա­­­­տարած աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տու­­­­թիւննե­­­­րով դուրս կը մնան 2911 թո­­­­ւակիր օրէն­­­­քի սահ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նէն։ Այս օրէն­­­­քը սահ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նուած է հան­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­հաւաք­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու եւ եր­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­րու համար։ Հրանդ Տինք Հիմ­­­­նարկը նա­­­­խապէս զա­­­­նազան ան­­­­գամներ իրա­­­­կանա­­­­ցուց նման բնոյ­­­­թի գի­­­­տաժո­­­­ղով­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը։ Մին­­­­չեւ այս ոչ մէկ խո­­­­չըն­­­­դո­­­­­­­­­­­­­­­տի հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­պած էինք։ Իսկ այս ան­­­­գամ առա­­­­ջին ար­­­­գելքը եկաւ Կե­­­­սարիոյ կու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­կալու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէ։ Հոն եւս պատ­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­ռաբա­­­­նու­­­­թիւնը հիմ­­­­նո­­­­­­­­­­­­­­­ւած էր նոյն օրէն­­­­քի վրայ։ Տո­­­­ւեալ օրէն­­­­քի 23-րդ յօ­­­­դուա­­­­ծը կ՚ըսէ թէ, եթէ խնդրոյ առար­­­­կայ է հա­­­­սարա­­­­կու­­­­թեան անվտան­­­­գութիւ­­­­նը եւ առող­­­­ջութիւ­­­­նը կու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­կալու­­­­թիւնը կրնայ ար­­­­գի­­­­­­­­­­­­­­­լել նման ժո­­­­ղով­­­­ներն ալ։ Այս ար­­­­գելքը սա­­­­կայն ոչ թէ հա­­­­սարա­­­­կու­­­­թեան անվտան­­­­գութեան, այլ պար­­­­զա­­­­­­­­­­­­­­­պէս կա­­­­տարո­­­­ւած աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տան­­­­քը կա­­­­ցինա­­­­հարե­­­­լու մի­­­­տու­­­­մով գոր­­­­ծադրո­­­­ւած է»։ Չե­­­­թին յայտնեց, թէ այս մի­­­­ջամ­­­տութեան դէմ դա­­­տարան դի­­­մելու որո­­­շու­­­մը պի­­­տի կա­­­յաց­­­նէ հիմ­­­նարկի վար­­չութիւ­­նը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ