ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Սխալը նոր սխալներ կը ծնի


Պատրիարքական ընտրու­թեան նա­խոր­դող այս օրե­րուն ան­գամ մը եւս կը պար­զո­ւին ան­ցեալէն ծա­նօթ երե­ւոյթներ։ Ամէն առ­թիւ շեշ­տը «հա­յատառ»ի վրայ դնող պոլ­սա­հայ թեր­թե­րու էջե­րուն վրայ իւ­րա­քան­չիւր օր կը հան­դի­պինք ոչ հա­յերէն գրա­ռումնե­րու։ Ըստ երե­ւոյ­թի այս գրու­թիւննե­րու շօ­շափած նիւ­թե­րուն հետ հե­տաքրքիր զան­գո­ւած մը կայ, որ բնա­կանա­բար ինք եւս կ՚ու­զէ տե­ղեակ ըլ­լալ ըսո­ւած կամ խօ­սուած­նե­րէն, բայց ի վի­ճակի չէ հա­յերէն ըն­թերցե­լու։

Ներ­կայ իրո­ղու­թեան մէջ մե­ղադ­րե­լի բան մը չկայ այս պարզ պա­հանջքին հան­դէպ։ Բայց չմոռ­նանք որ այս զան­գո­ւածը նոյնն է, այն մտայ­նութեան հետ, որ իր զա­ւակը ղրկե­լով հայ վար­ժա­րան կը պա­հան­ջէ որ այստեղ դա­սաւանդման լե­զուն հա­յերէն չըլ­լայ։ Նոյն ան­հո­գու­թեամբ մեր թեր­թե­րուն ալ կ՚ըսէ որ. «Ես ձե­զի ծա­նու­ցում պի­տի տամ, բայց պայ­մա­նաւ, որ իմ տո­ւած ծա­նու­ցումը հա­յերէ­նով չհրա­տարա­կուի»։ Իրա­կանու­թեան մէջ նման պա­հան­ջը պէտք է անըն­դունե­լի գտնել եւ առար­կել ըսե­լով որ թեր­թը ու­նի իր հրա­տարա­կու­թեան լե­զուն, մենք յանձն կ՚առ­նենք ձեր չի­մացած բո­լոր գրու­թիւննե­րը սի­րով թարգմա­նել ձե­զի հա­մար, բայց չենք կրնար թեր­թի լե­զուն փո­խել։ Սա ինքնին սկզբունքի խնդիր է եւ եթէ մար­դիկ ի վի­ճակի չեն իրենց թեր­թի առա­քելու­թիւնը պաշտպա­նելու, դիւ­րաւ պի­տի հա­մակեր­պին ներ­կա­յացո­ւած պա­հան­ջին։ Այնպէս ինչպէս որ ան­ցեալին մեր դպրոց­նե­րու վար­չութիւննե­րը հա­մակեր­պած էին նոյն բնոյ­թի ցան­կութիւննե­րուն։

Կայ ու­րիշ դժբախ­տութիւն մը եւս։ Կար­ճա­տեւ եղաւ որոշ զսպո­ւածու­թիւն պա­հելու ժա­մանա­կը եւ շու­տով սկսաւ սուր մրցակ­ցութիւն մը եր­կու եպիս­կո­պոս­նե­րու եւ հետզհե­տէ անոնց մրցա­կից­նե­րու մի­ջեւ։ Ափ­սոս որ այս բո­լորը կը դի­տենք հին օրի­նակ­նե­րը յի­շելով։ Ու­րեմն կրնանք են­թադրել, թէ բա­րեացա­կամու­թեան կամ պար­կեշտու­թեան տե­սակէ­տէ չենք կրցած ան­ցեալէն դա­սեր քա­ղել։ Այ­սօր ալ կը շա­րու­նա­կենք պատ­րիար­քի ընտրու­թիւնը վար­կազրկող պատ­կերներ գո­յաց­նե­լու։ Կը մոռ­նանք այն պարզ իրո­ղու­թիւնը՝ ըստ որու այս ընտրու­թե­նէն ետք ալ իրա­րու երես պի­տի նա­յինք եւ հե­տեւա­բար ստի­պուած ենք մեր ելոյթնե­րուն մէջ չափ ու սահ­ման պա­հել։ Կար­ծես վա­ղուց կորսնցու­ցինք այդ գի­տակ­ցութիւ­նը եւ տա­րուե­ցանք սուր մրցակ­ցութեան մը, մէկ­դի թո­ղելով ամէն տե­սակի փափ­կա­վարու­թիւն։ Մինչդեռ կա­րիք ու­նինք եւ թէ շատ ու­նինք այդ մէ­կուն։

Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեցին թե­րեւս ալ իր պատ­մութեան մէջ առա­ջին ան­գամ կը ներ­կա­յանայ այսքան բա­րոյալ­քո­ւած պայ­մաննե­րով։ Հո­գեւո­րակա­նու­թիւնը ոչ միայն անե­լի մատ­նո­ւած Պոլ­սոյ պատ­րիար­քի ընտրու­թեան խնդի­րով, այլ իր ամ­բողջ երե­սակ­նե­րով ճգնա­ժամի մը հա­մայ­նա­պատ­կերն է, որ կը ցո­լաց­նէ։

Ժո­ղովուրդը յի­շելով ան­ցեալի հե­ղինա­կու­թեան տէր հո­գեւո­րական­նե­րը, կը յու­սայ թէ մեր եկե­ղեց­ւոյ ներ­կայ գոր­ծիչներն ալ պի­տի յա­ջողին այս մղձա­ւան­ջէն դուրս գա­լու։ Իսկ պի­տի ար­դա­րանա՞յ ար­դեօք այդ ըն­կա­լու­մը։

Այս հար­ցումին պա­տաս­խա­նը տես­նե­լու հա­մար մեր առ­ջեւ օրե­րը սկսած են կրճա­տուիլ։ Իսկ երե­ւոյ­թը տա­կաւին բա­ւակա­նին յու­սադրիչ չէ եւ կար­ծես հետզհե­տէ սպա­ռած են այս կա­ցու­թե­նէ ձեր­բա­զատո­ւելու հա­մար սնու­ցո­ւած բո­լոր յոյ­սե­րը։ Թեկ­նա­ծու եր­կու եպիս­կո­պոս­նե­րը չեն վա­րանած իրենց իսկ գնա­հատ­մամբ անար­դար ըլ­լա­լով որա­կուած այս ընտրու­թեան մաս­նակցե­լէ։ Կը փոր­ձեն ար­դա­րանալ՝ ըսե­լով որ ու­րիշ ճար չու­նէին։ Այդ մա­սին իրենց խօսքն ալ կը հնչեց­նեն հա­յերէն թեր­թե­րու մէջ, ոչ հա­յերէն յայ­տա­րարու­թիւննե­րով։ Կար­ծես վրայ տրո­ւածը միայն պատ­րիար­քա­կան գո­հով չէ, այլ բազ­մաբնոյթ ապա­կանաց­ման երե­ւոյթնե­րով եկած է թա­կելու մեր դռնե­րը։

pakrates@yahoo.com