ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Սուղ կ՚արժէ ժամանակի խաբուստը


Ժամանա­կի խոր­հուրդը, ժա­մանա­կի պա­հան­ջը կամ ժա­մանա­կի հրա­մայա­կանը։ Երեք ար­տա­յայ­տութիւններն ալ իրենց մէջ կը նշա­նակեն փո­փոխու­թիւն։ «Եթէ ժա­մանա­կը քեզ չի յար­մա­րիր, փոր­ձէ դուն ժա­մանա­կին յար­մա­րուե­լու» կ՚ըսէր մայրս։ Ակ­նարկա­ծը ան­շուշտ որ ներ­կան էր, իսկ հրա­ժարե­լու խոր­հուրդ տո­ւածը ան­ցեալը։

Կար­ծես քա­ղաքակրթու­թեան զար­գացման հիմ­նա­կան պայ­մանն է ժա­մանա­կի թե­լադ­րանքը ըն­կա­լել եւ հա­մապա­տաս­խան ճամ­բով ըն­թա­նալ։ Հա­պա եթէ աճա­պարան­քի մէջ սխալ ըն­կա­լենք այդ թե­լադ­րանքը։ Հա­պա եթէ տա­րուի՞նք ար­դի կո­չուա­ծի հմայ­քէն ու լքենք բա­զում տա­րինե­րու փոր­ձա­ռու­թեամբ կու­տա­կուած կեն­ցա­ղը։ Մար­դու կեան­քի առու­մով բա­ւակա­նին ուշ, իսկ մարդկու­թեան յա­րատե­ւու­թեան մէջ խիստ կարճ ժա­մանա­կի մը ըն­թացքին կը պար­զո­ւի սխալ ճամ­բան։

Այդ ե՞րբ էր, որ յօ­ժարե­ցանք արե­ւազուրկ նկու­ղա­յին բնա­կարան­նե­րու մէջ ապ­րե­լու, քա­ղաքի բնա­կիչ դառ­նա­լու սի­րոյն։ Իրաւ, ո՞ր քա­րոզ­չութիւննե­րու ազ­դե­ցու­թեամբ հե­ռու կե­ցանք օգու­տը փաս­տո­ւած սնունդնե­րէ եւ ընտրե­ցինք գո­վազդնե­րով փա­ռաբա­նուած կեղ­ծի­քը։ Այդ ո՞ր բժիշկներն էին, որ իբ­րեւ թոյն նկա­րագ­րե­ցին ձո­ւի, կա­րագի, ճար­պի, մսի նման անաս­նա­կան կամ ձէ­թի նման բու­սա­կան սնունդնե­րը ու մեզ դա­տապար­տեց իբ­րեւ թէ «հի­ժիէնա­յին» ար­հեստա­կան ար­տադրու­թիւննե­րով սնա­նելու։

Ո՞վ էր որ յանձնա­րարեց անխտիր բո­վան­դակ երի­տասար­դութեան հա­մալ­սա­րանա­կան ուսման անհրա­ժեշ­տութիւ­նը։ Հե­տեւան­քը ծանր եղաւ նման խաբ­կանքնե­րէ տա­րուե­լու։ Մէկ կամ եր­կու սե­րունդ ետք, մարդ արա­րածը կ՚անդրա­դառ­նայ այդ սխա­լէն եւ հա­մալ­սա­րան­նե­րը կը վե­րագտնեն իրենց հիմ­նա­կան առա­քելու­թիւնը։ Ու­սում կը ջամ­բեն բո­լոր անոնց, որոնք կա­րիքը ու­նին այդ ուսման։ Իսկ մարդկու­թեան մե­ծամաս­նութիւ­նը, փո­խանակ ան­տե­ղի ու անօ­գուտ գի­տելիք­ներ իմա­նալու հա­մար տան­ջո­ւելու, այդ ճա­նապար­հի վրայ կեան­քի կա­րեւո­րագոյն տա­րինե­րը վատ­նե­լու, ճիշդ ժա­մանա­կին կ՚ու­ղո­ւի իրեն պի­տանի փոր­ձութիւննե­րը ապա­հովե­լու։

Այս խոր­հուրդնե­րը, որ եր­կար ժա­ման­կէ ի վեր կը տո­ղան­ցեն մտքիս մէջ, թե­րեւս տա­կաւին յօ­դուա­ծի մը նիւթ չէին դառ­նար, երբ պա­տահա­բար հան­դի­պած չըլ­լա­յի այն ան­ծա­նօթ երի­տասարդ զոյ­գին, որոնք չորս երե­խանե­րով ելած էին գնու­մի։ Վեց կամ եօթ տա­րեկան­նե­րով եր­կու աղ­ջիկներ քա­նի մը քայլ առաջ, եր­կու տա­րեկա­նի մօտ ման­չուկ մը հօ­րը շա­լակին եւ նո­րածին մըն ալ ման­կա­կառ­քին մէջ։ Իսկ ամու­սիննե­րը տա­կաւին հա­սած չեն երե­ւիր երե­սու­նա­կան տա­րիք­նե­րու։

Մե­րօրեայ քաղ­քե­նի երի­տասար­դութիւ­նը ամուսնու­թեան տա­րիքը բարձրա­ցուց քա­ռասու­նա­կան­նե­րու։ Խեղճ տղաք հա­զիւ այդ տա­րիքին է որ իրենց վրայ կը գտնեն ամուսնու­թեան պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւն ստանձնե­լու կա­րողու­թիւնը։ Բնա­կանա­բար այդ ժա­մէն ետք չեն աճա­պարեր մա­նու­կի մը յա­ւելեալ պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւն մը եւս յանձն առ­նե­լու։ Իսկ երբ հա­մոզո­ւին պտղա­բերու­թեան, այս ան­գամ ալ բնու­թիւնն է որ դժո­ւարու­թիւններ կը յա­րու­ցէ իրենց դի­մաց։ Այ­լեւս ան­կա­րելի է առանց բժիշկնե­րու օգ­նութեան յղիանալ։ Եր­բեմն հա­զիւ եր­րորդ, չոր­րորդ փոր­ձով կը յա­ջողի բեղմնա­ւորու­մը։ Նման տա­ռապան­քէ ետք ո՞վ պի­տի հա­մար­ձա­կի երկրորդ զա­ւակի մը տի­րանա­լու։ Քրոջ կամ եղ­բօր սէ­րէ զրկո­ւած մա­նուկնե­րով լե­ցուն է քա­ղաքի քաղ­քե­նի թա­ղերու ման­կա­պար­տէզնե­րը։

Սա ժա­մանա­կի թե­լադ­րանքը սխալ ըն­կա­լելու տխուր հե­տեւանքն է։ Բայց հաս­տատ կը հա­ւատամ որ նման հե­տեւան­քը սահ­մա­նուած կը մնայ մե­րօրեայ մի քա­նի սե­րունդով միայն։ Մարդկա­յին միտ­քը կը յա­ջողի այս հա­կամարդկա­յին սխա­լէն վե­րադառ­նա­լու։

 

pakrates@yahoo.com