ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Յոգնած եմ՝ շատ յոգնած

Նախքան այս գրու­թեան, օրո­ւայ ըն­թացքին մէ­կէ աւե­լի ան­գամներ դէմ յան­դի­ման մնա­ցի «յոգ­նած կ՚երե­ւիս» խօս­քին։ Զար­մա­նալի բան՝ ես այդպէս չէի զգար, բայց շուրջին­ներս կար­ծես խօսք մէկ ըրած կը պնդէին թէ յոգ­նած կ՚երե­ւիմ։ Ճիշդ է որ սո­վորա­կան օրե­րու եռան­դը կը բա­ցակա­յէր այ­սօր։ Բայց ես չէի անդրա­դար­ձած որ եռան­դի այդ բա­ցակա­յու­թեան ետին ի՞նչ գոր­ծօն կայ։ Եւ յե­տոյ մտա­բերե­ցի իրե­րայա­ջորդ լսած մա­հուան եր­կու գոյ­ժեր էին, որոնք խան­գա­րած էին ամե­նօրեայ իմ տրա­մադ­րութիւ­նը։

Առա­ջինը կը վե­րաբե­րէր ըն­տա­նեկան բա­րեկա­մու­թեան մը՝ բազ­մա­վաս­տակ ու­սուցչու­հի Թա­գու­հի Վոլ­քա­նի մա­հուան գոյ­ժը բա­ւական ցնցած էր զիս։

Յով­հաննէս Թու­մա­նեան «Անուշ»ի տո­ղերուն մէջ Սա­րոյի սպա­նու­թեամբ գո­յացող սու­գի պատ­կե­րը նկա­րագ­րե­լու ժա­մանակ կը գոր­ծա­ծէ «Իրենց կորցրածն էլ յի­շելով նո­րից» զգա­ցու­մը։ Ճիշդ է՛, իւ­րա­քան­չիւր մա­հի հետ մենք կը վեր­յի­շենք մեր կորցրած­ներն ալ վերստին։ Թա­գու­հի Վոլ­քա­նի մա­հով ակա­մայ ես պի­տի յի­շեմ իմ ծննդա­վայր Ռու­մե­լի Հի­սար թա­ղը, պի­տի յի­շեմ տի­կին Թա­գու­հիի քոյ­րը՝ Լու­սի­նէն։ Անոնց հետ միասին պի­տի յի­շեմ իմ հայրս եւ ին­չո՞ւ չէ դէմ­քը իսկ չեմ տե­սած, մեծ հայրս։ Պի­տի յի­շեմ՝ քա­նի որ քաջ գի­տեմ անոնց բա­րեկա­մու­թիւնը։

Ցնցեց, ցաւ պատ­ճա­ռեց ու­սուցչու­հի Թա­գու­հի Վոլ­քա­նի մա­հը։ Ցաւ պատ­ճա­ռեց՝ քա­նի որ տա­կաւին մօտ ան­ցեալին կը ծրագ­րէինք այ­ցե­լել զինք։ Այս շա­բաթա­վեր­ջին պի­տի յու­ղարկա­ւորենք զինք դէ­պի իր հա­րազատ­նե­րուն հա­րեւա­նու­թեան Ռու­մե­լի Հի­սարի Սուրբ Սանդուխտ եկե­ղեցիէն, դէ­պի գիւ­ղի գե­րեզ­մա­նը։

Ինչ որ ըսի ծանր էր տի­կին Թա­գու­հիի կո­րուստը, բայց ափ­սոս վրայ հա­սաւ մեր սի­րելի գոր­ծընկեր Ար­ման Թայ­րա­նի եղ­բօր Մու­րա­տի անսպա­սելի մա­հը։

Անսպա­սելի է այս կո­րուստը, քա­նի որ նա­խապէս ոչ մէկ ազ­դանշան յայտնո­ւած էր, ըստ երե­ւոյ­թի կրի­պի պարզ վա­րակ մը, որու հա­մար այս շա­բաթ մեր ըն­կե­րը չէր կրցած իրա­կանաց­նել իր ամէն շա­բաթո­ւայ առա­քելու­թիւնը։ Չէ կրցած գո­նէ շա­բաթա­վեր­ջո­ւայ հա­մար հի­ւան­դա­նոցէն տուն բե­րել իր եղ­բայրը։ Խոր­հուրդ տո­ւած էին թէ յար­մար պի­տի չըլ­լայ հի­ւան­դա­նոցէն դուրս գալ։ Հե­տեւա­բար աւե­լի ճիշդ է այս շա­բաթ զինք թո­ղուլ հի­ւան­դա­նոցը։ Խեղճ Ար­մա­նին միտ­քով իսկ չէր անցներ թէ այսպէ­սով ան զրկո­ւած եղաւ իր եղ­բայրը առ­յա­ւէտ տես­նե­լու առի­թէն։

Տա­կաւին երեկ էր կ՚ըսէ թէ պէտք է հի­ւան­դա­նոց եր­թամ ու ստո­րագ­րութիւն տամ ախ­տա­ճանաչ­ման պարզ գոր­ծո­ղու­թեան մը հա­մար։

Այս շա­բաթ եր­կու շունչեր մա­րեցան Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի մէջ եւ կար­ծես ես ու­րիշ պատ­ճառ մը չու­նիմ յոգնած երե­ւալու հա­մար։ Մին ծա­նօթ, միւ­սը ոչ եր­կու կո­րուստներ, որոնք խո­րապէս ցնցե­ցին մէ­կը իմ կորցրած­ներս ալ կրկին յի­շելու պատ­ճառ դառ­նա­լով, իսկ միւ­սը ճա­րահա­տու­թեան դէմ ընդվզու­մի, բո­ղոքի նոյ­նիսկ պոռթկու­մի պատ­ճառ դառ­նա­լով։

Կրկին ապա­ւինինք բա­նաս­տեղծու­թեան։ Նա­զըմ Հիք­մեթ կ՚ընդվզի այդ նշա­նաւոր արե­ւելա­պաշտ Փի­յէր Լոթ­ի­ի մտքե­րուն՝ երբ ան կը փա­ռաբա­նէ մա­հուան ար­դա­րու­թիւնը, ըսե­լով թէ նոյն ու­ժով կը հա­րուա­ծէ աղ­քա­տը թէ հա­րուստը։ Ինչպէս կեան­քը, մահն ալ ար­դար չէ եր­բեք եւ անոր տո­ւած հա­րուածն ալ նոյն ու­ժով չի խփեր հա­րուստն ու աղ­քա­տը։

Ճիշդ է հի­մա կը զգամ, թէ յոգ­նած եմ այ­սօր եւ շատ յոգ­նած։ Հո­ղը թե­թեւ թող ըլ­լայ եր­կուքին վրայ ալ։

pakrates@yahoo.com