Էսաեանցիներ կը պատրաստուին Կոմիտասը յիշատակելու

Տարին քա­­նի կը մօ­­տենայ աւար­­տին, թափ կը ստա­­նան Կո­­միտա­­սի յի­­շատակ­­ման նո­­ւիրո­­ւած մի­­ջոցա­­ռումնե­­րը։ Նա­­խորդ թի­­ւերուն մէջ անդրա­­դար­­ձած էինք Կեդ­­րո­­­նական վար­­ժա­­­րանի սա­­ներուն մա­­տու­­ցած Կո­­միտա­­սեան մի­­ջոցա­­ռումնե­­րուն։ Այս ան­­գամ Էսաեան վար­­ժարնն է, որ նման բո­­վան­­դա­­­կու­­թեամբ կը պատ­­րաստո­­ւի յի­­շատա­­կել Մեծն Կո­­միտա­­սը։

26 Նո­­յեմ­­բեր երեք­­շաբթի Էսաեան վար­­ժա­­­րանի սրա­­հին մէջ պի­­տի բա­­նախօ­­սէ Հայր Թա­­թուլ Ծ. Վրդ. Անու­­շեան եւ ելոյթ պի­­տի ու­­նե­­­նան վար­­ժա­­­րանի շրջա­­նաւարտ արո­­ւես­­տա­­­գէտ եւ արո­­ւես­­տա­­­գիտու­­հի­­­ները։

Այսպէ­­սով ան­­գամ մը եւս պի­­տի պան­­ծա­­­ցուի Մեծն Կո­­միտա­­սի վաս­­տա­­­կը Էսաեանի եր­­դի­­­քին տակ։

Ինչպէս նա­­խապէս ալ նշած ենք, միշտ ող­­ջունե­­լի է Կո­­միտա­­սը յի­­շատա­­կելու ձօ­­նուած բո­­լոր մի­­ջոցա­­ռումնե­­րը եւ փոր­­ձով գի­­տենք, թէ անոնք առ­­հա­­­սարակ կ՚ար­­ձա­­­նագ­­րեն յա­­ջողու­­թեան որոշ մա­­կար­­դակ։ Ու­­րեմն մենք ալ այժմէն յա­­ջողու­թիւն կը մաղ­թենք Էսաեանի սա­ներուն, իրենց որ­դեգրած այս աշ­խա­տան­քի մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ