150-ամեակի խոհեր պոլսահայ իրողութեան մէջ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

 

Տա­րին դեռ աւար­­տին չէ հա­­­­սած, երբ մեծ թա­­­­փով կը շա­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կուի Կո­­­­միտաս վար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­պետի ծննդեան 150-ամեակի ձօ­­­­նուած մի­­­­ջոցա­­­­ռումնե­­­­րը։ Բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­թիւ երաժշտա­­­­կան մի­­­­ջոցա­­­­ռումնե­­­­րու կար­­­­գին տա­­­­րին հա­­­­րուստ էր նաեւ հրա­­­­տարա­­­­կու­­­­թիւննե­­­­րով։ Իս­­­­թանպու­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­հայ դպրոց­­­­ներ եւս բե­­­­րած էին իրենց կա­­­­րեւոր ներդրու­­­­մը յի­­­­շատակ­­­­ման ձեռ­­­­նարկնե­­­­րուն։ Կեդ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­նակա­­­­նի սա­­­­ներու եւ շրջա­­­­նաւարտնե­­­­րու հա­­­­մատեղ գոր­­­­ծակցու­­­­թեամբ կա­­­­յացած յի­­­­շատակ­­­­ման մի­­­­ջոցա­­­­ռու­­­­մէ ետք, այս ան­­­­գամ ալ Էսաեան վար­­­­ժա­­­­­­­­­­­­­­­րանի աշա­­­­կերտներ եւ շրջա­­­­նաւարտներ 26 Նո­­­­յեմ­­­­բեր երեք­­­­շաբթի երե­­­­կոյ վար­­­­ժա­­­­­­­­­­­­­­­րանի սրա­­­­հին մէջ յի­­­­շատա­­­­կեցին մեծ վար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­պետը։ Տա­­­­տեան­­­­ցի­­­­­­­­­­­­­­­ներ եւս անմասն չէին մնա­­­­ցած կա­­­­տարո­­­­ւածէն եւ անոնք ալ Պա­­­­րոյր Սե­­­­ւակի «Անլռե­­­­լի Զան­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­կատուն» պոէմի հրա­­­­շալի ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացու­­­­մով մը բե­­­­րին իրենց բա­­­­ժինը 150-ամեակի տօ­­­­նակա­­­­տարու­­­­թիւննե­­­­րու։

Իսկ շա­­­­բաթ օր 30 Նո­­­­յեմ­­­­բե­­­­­­­­­­­­­­­րին ժա­­­­մը 17.00-ին Կեդ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­նական Սա­­­­նուց Միու­­­­թեան մէջ եւս կը կա­­­­յանայ խիստ շա­­­­հեկան մի­­­­ջոցա­­­­ռում մը, Տի­­­­րան Լոք­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կէօզեանի «Կո­­­­միտա­­­­սի Գեր­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­ներէն Եր­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­րը» հա­­­­տորի գի­­­­նեձօ­­­­նի ձե­­­­ւաչա­­­­փով։

Հայ իրո­­­­ղու­­­­թեան մէջ նո­­­­ւազ ծա­­­­նօթ երե­­­­ւոյթ է մեծն Կո­­­­միտա­­­­սի ոչ հա­­­­յերէն յօ­­­­րինումնե­­­­րը կամ մշա­­­­կումնե­­­­րը։ Սա­­­­կայն փաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­ցի իրո­­­­ղու­­­­թիւն է անոնց գո­­­­յու­­­­թիւնը, ար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­րեւ մեծ վար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­պետը իր բո­­­­լոր ու­­­­շադրու­­­­թիւնը սե­­­­ւեռած էր երաժշտա­­­­կան հնչիւննե­­­­րուն, առանց խ­­­­տրա­­­­կանու­­­­թիւն դնե­­­­լու անոնց որ լե­­­­զուով կամ որ մշա­­­­կոյ­­­­թի կող­­­­մէ գոր­­­­ծադրո­­­­ւած ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լուն։

Տի­­­­րան Լոք­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կէօզեան Կո­­­­միտա­­­­սի ար­­­­խի­­­­­­­­­­­­­­­ւին մէջ կա­­­­տարած հե­­­­տազօ­­­­տու­­­­թիւննե­­­­րու ըն­­­­թացքին յայտնա­­­­բերած եւ ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացու­­­­ցած էր վար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­պետի այս շատ կա­­­­րեւոր ստեղ­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծութիւննե­­­­րը։ Աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տասի­­­­րու­­­­թիւնը հա­­­­տորի մը ձե­­­­ւով հրա­­­­տարա­­­­կուե­­­­ցաւ Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի մէջ եւ ապա «Փրկիչ» հրա­­­­տարակ­­­­չա­­­­­­­­­­­­­­­տու­­­­նը գիր­­­­քը լոյս ըն­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­յեց այս ան­­­­գամ թրքե­­­­րէն թարգմա­­­­նու­­­­թեամբ։ Նշենք որ Կո­­­­միտա­­­­սի ստեղ­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծութիւննե­­­­րուն թրքե­­­­րէն գո­­­­յու­­­­թիւնը շատ կա­­­­րեւոր նշա­­­­նակու­­­­թիւն ու­­­­նի, քա­­­­նի որ մա­­­­նաւանդ վեր­­­­ջերս զգա­­­­լիօրէն աճած են Թուրքիոյ մէջ Կո­­­­միտա­­­­սի երաժշտու­­­­թեան սի­­­­րահար­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը։

Նոյն օր պի­­­­տի ծա­­­­նօթա­­­­ցուի նաեւ Ռու­­­­բէն Կալ­­­­չեանի «Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի Պատ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կան Քար­­­­տէսնե­­­­րը» խո­­­­րագ­­­­րեալ ու­­­­սումնա­­­­սիրու­­­­թիւնը, որ դար­­­­ձեալ հրա­­­­տարա­­­­կուած է «Փրկիչ» հրա­­­­տարակ­­­­չա­­­­­­­­­­­­­­­տան կող­­­­մէ եւ թրքե­­­­րէնի թարքմա­­­­նուած Տի­­­­րանի Լոք­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կէօզեանի գրի­­­­չով։

Լոք­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կէօզեան Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի մէջ կը շա­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կէ Կո­­­­միտա­­­­սի ստեղ­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծութիւ­­­­նը ու­­­­սումնա­­­­սիրե­­­­լու իր կա­­­­րեւոր աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տու­­­­թիւնը։ Ան ար­­­­դէն ժա­­­­մանած է քա­­­­ղաքս, ներ­­­­կայ գտնո­­­­ւելու հա­­­­մար շա­­­­բաթօ­­­­րեայ մի­­­­ջոցառ­­­­ման, ուր ըն­­­­թերցող­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն պի­­­­տի ծա­­­­նօթա­­­­ցուին սոյն եր­­­­կու հա­­­­տոր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը։ Լոք­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կէօզեան երեք գոր­­­­ծե­­­­­­­­­­­­­­­րու կա­­­­տարու­­­­մով պի­­­­տի ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յաց­­­­նէ նաեւ Կո­­­­միտա­­­­սի գեր­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­ներէն եր­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­րը Ան­­­­նա Ու­­­­ղուրլո­­­­ւեանի դաշ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­մու­­­­րի նո­­­­ւագակ­­­­ցութեամբ։

Իսկ Ռու­­­­բէն Կալ­­­­չեանի հե­­­­ղինա­­­­կած գիր­­­­քը իր կար­­­­գին եզա­­­­կի բնոյթ ու­­­­նի, քա­­­­նի որ հոն մէկ­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­ղուած են պատ­­­­մութեան հնա­­­­գոյն բո­­­­լոր այն քար­­­­տէսնե­­­­րը, որոնք փաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­ցի վկա­­­­յու­­­­թիւններ են Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի վրայ հայ ժո­­­­ղովուրդի գո­­­­յու­­­­թեան։ Այս երե­­­­ւոյ­­­­թը վեր­­­­ջերս շատ աւե­­­­լի մեծ նշա­­­­նակու­­­­թիւն ու­­­­նի, քա­­­­նի որ թրքա­­­­կան քա­­­­րոզ­­­­չա­­­­­­­­­­­­­­­մեքե­­­­նան ոս­­­­տում մը եւս կա­­­­տարե­­­­լով ան­­­­ցա­­­­­­­­­­­­­­­ծ է յար­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­կողա­­­­կան նոր փու­­­­լի մը, ուր կ՚ու­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­նայ ոչ միայն ցե­­­­ղաս­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­նու­­­­թեան փաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­ցի իրո­­­­ղու­­­­թիւնը, այլ կը յանդգնի ուղղա­­­­կիօրէն ան­­­­գոյ հա­­­­մարե­­­­լու ամ­­­­բողջ հայ ազ­­­­գը եւ անոր բնօր­­­­րանն Հա­­­­յաս­­­­տան եր­­­­կի­­­­­­­­­­­­­­­րը։ Ար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­րեւ այս հանգրո­­­­ւանին Ռու­­­­բէն Կալ­­­­չեանի հա­­­­ւաքած քար­­­­տէսնե­­­­րը բա­­­­ցի պատ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կան փաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­ցի տո­­­­ւեալ­­­­ներ ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յաց­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լէ կը ստանձնէ նաեւ սու­­­­տի ու կեղ­­­­ծի­­­­­­­­­­­­­­­քի դէմ պայ­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­րի կա­­­­րեւոր գոր­­­­ծօննե­­­­րէն մէ­­­­կը ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լու հան­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­ման­­­­քը։

Թե­­րե­­­­­­­­ւս այս է պատ­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­ռը, որ հա­­­­մայ­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­յին կարգ մը հաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­տու­­­­թիւններ խրտչած էին «Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի Պատ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կան Քար­­­­տէսնե­­­­րը» հա­­­­տորին շնոր­­­­հանդէ­­­­սին հա­­­­մար իրենց դահ­­­­լիճնե­­­­րը տրա­­­­մադ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­լու։ Ճիշդ է որ կը ոգե­­­­ւորո­­­­ւինք մեր քա­­­­ղաքի մէջ Կո­­­­միտա­­­­սի յի­­­­շատակ­­­­ման խան­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­վառ յա­­­­ճախա­­­­կանու­­­­թիւնը տես­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լով, բայց միւս կող­­­­մէ պար­­­­տինք խոս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­վանիլ թէ այդ նոյն հա­­­­մայնքէ ներս կան մար­­­­դիկ, որոնք կը զբա­­­­ղեց­­­­նեն վար­­­­չա­­­­­­­­­­­­­­­կան աթոռ­­­­ներ եւ իրենց ստանձնած իրա­­­­ւասու­­­­թեամբ ար­­­­գելք կը հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­սանան Շիշ­­­­լիի գե­­­­րեզ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նատան մէջ Կո­­­­միտա­­­­սի ար­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­նի տե­­­­ղադրման կամ Ֆե­­­­րիգիւ­­­­ղի եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ «Շի­­­­րինօղ­­­­լու» սրա­­­­հին մէջ «Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի Պատ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կան Քար­­­­տէսնե­­­­րը» գիր­­­­քի ծա­­­­նօթաց­­­­ման մի­­­­ջոցա­­­­ռումնե­­­­րուն։

Պար­­­­տինք յի­­­­շել կա­­­­րեւոր նա­­­­խաձեռ­­­­նութիւն մը եւս, որ կամ­­­­քէ ան­­­­կախ զու­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­դիպե­­­­ցաւ Կո­­­­միտա­­­­սի ծննդեան 150-ամեակի մի­­­­ջոցա­­­­ռումնե­­­­րու շար­­­­քին։ Նա­­­­խորդ շա­­­­բաթ յետ­­­­մի­­­­­­­­­­­­­­­ջօրէին Պատ­­­­րիար­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­րանի պար­­­­տէ­­­­­­­­­­­­­­­զին մէջ պաշ­­­­տօ­­­­­­­­­­­­­­­նական բա­­­­ցու­­­­մը կա­­­­տարո­­­­ւեցաւ քան­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­կագործ Էրոլ Սա­­­­րաֆեանի կո­­­­թողա­­­­յին գոր­­­­ծին՝ Կո­­­­միտաս վար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­պետի ար­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­նին։ Վարուժանէ, Պարոնեանէ ետք գործ մը եւս Սարգիս Քիւլեկեչի մեկենասութեամբ։ Ափ­­­­սոս որ ար­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­նը նա­­­­խատե­­­­սուած էր, որ­­­­պէս ժո­­­­ղովուրդի սե­­­­փակա­­­­նու­­­­թիւն, հե­­­­տեւա­­­­բար պի­­­­տի տե­­­­ղադ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­ւէր Շիշ­­­­լիի Գե­­­­րեզ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նատու­­­­նը։ Սա­­­­կայն Պէ­­­­յօղ­­­­լո­­­­­­­­­­­­­­­ւի թա­­­­ղակա­­­­նու­­­­թիւնը քա­­­­ղաքա­­­­կան ան­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­տեհու­­­­թիւն նկա­­­­տած էր Կո­­­­միտա­­­­սի կեր­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­րին մէջ եւ ար­­­­գի­­­­­­­­­­­­­­­լած էր այդ ձեռ­­­­նարկը։ Հա­­­­կառակ որ պատ­­­­րաստուած էին պա­­­­տուան­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­նը իր փո­­­­րագ­­­­րութիւննե­­­­րով Պէ­­­­յօղ­­­­լո­­­­­­­­­­­­­­­ւի թա­­­­ղակա­­­­նու­­­­թեան այդ ան­­­­զի­­­­­­­­­­­­­­­ջող որո­­­­շու­­­­մին դի­­­­մաց կրկնո­­­­ւեցաւ կա­­­­տարո­­­­ւած ծախ­­­­սը եւ ճա­­­­րահա­­­­տու­­­­թեան պայ­­­­մաննե­­­­րու տակ ար­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­նը տե­­­­ղադ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­ւեցաւ ժո­­­­ղովուրդի աչ­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րէն հե­­­­ռու, Պատ­­­­րիար­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­րանի պար­­­­տէ­­­­­­­­­­­­­­­զին մէկ ան­­­­կիւնը։

Մեծն Կո­­­­միտա­­­­սի ծննդեան 150-ամեակի ոգե­­­­կոչումնե­­­­րը ձե­­­­ւով մը հա­­­­յելին կ՚ըլ­­­­լան մեր իրո­­­­ղու­­­­թեան։ Պոլ­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­հայը մէկ կող­­­­մէն կը ձեռ­­­­նարկէ գե­­­­րազանց մի­­­­ջոցա­­­­ռումնե­­­­րու եւ նոյն պոլ­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­հայը կը դա­­­­տապար­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւի իր վա­­­­րիչ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու մի­­­­ջակու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէն ծա­­գած ամօթ­­խա­­­ծութեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ