ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Պատուի փրկութիւնը «Ո՛չ»ով կու գայ

Մանկու­թեան տա­րինե­րուն երբ տղաքս անա­ռակու­թեան չափ ու սահ­մա­նը քիչ մը անցնե­լով մի­ջամ­տե­լու կա­րիք կը գո­յանար ողոր­մա­ծիք կե­սուր մայրս կը սաս­տէր եր­կուքն ալ, բայց մե­ղադ­րանքի ծանր բա­ժինը պա­հելով աւա­գին կ՚ըսէր. «Մեծ էշը ինչ որ ընէ, փոքր էշը նոյ­նը կ՚ընէ»։

Զար­մա­նալիօրէն յա­ճախա­կի կեր­պով կը յի­շեմ լու­սա­հոգի կե­սուր մօրս այս խօս­քը։ Ամե­նօրեայ ապ­րումնե­րու մէջ զա­նազան երե­ւոյթնե­րով շրթնե­րուս ծայրը կը հաս­նի այդ խօս­քը։

Ըն­թերցո­ղը կռա­հած է։ Նման օրի­նակ­նե­րը կը պար­զո­ւին ընդհան­րա­պէս Թուրքիոյ եւ այդ Թուրքիոյ ընդհա­նու­րին փոք­րիկ մէկ կրկնու­թիւնը հան­դի­սացող հայ հա­մայնքի ըն­կե­րաքա­ղաքա­կան ան­ցուդարձնե­րու ըն­թացքին։

Մե­ղայ ու մե­ղայ։ Քար չա­փեմ։ Ոչ ոք էշի հետ նմա­նեց­նե­լու նպա­տակ չու­նիմ։ Ասա­ցուած­քը այդպէս է պար­զա­պէս։

Լաւ, չքմե­ղանքն ալ կա­տարե­ցինք, հի­մա անցնինք նիւ­թին։ Իրաւ ալ հետզհե­տէ որ­քան իրա­րու նման կ՚ըն­դա­նան Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան վար­չա­կար­գը եւ փոք­րա­թիւ հայ հա­մայնքի իշ­խա­նու­թիւննե­րու վե­րաբե­րու­մը իրենց ժո­ղովուրդին դի­մաց։ Զար­գա­ցած ըն­կե­րու­թեան հիմ­նա­կան պայ­մանն է մե­ծամաս­նութեան կամ­քի գոր­ծադրու­թիւնը, միշտ խնա­յելով փոք­րա­մաս­նութեան իրա­ւունքը։ Ո՞վ կրնայ պնդել որ Թուրքիոյ մէջ գոր­ծե­րը այդպէս կ՚ըն­դա­նան։ Ընդ հա­կառակ, ամ­բողջ եր­կի­րը տա­րուած է մե­նաշ­նորհեալ նա­խագա­հի մը կամ­քէն։ Որ­դեգրո­ւած նոր վար­չա­ձեւի հա­մաձայն բո­լոր իրա­ւասու­թիւննե­րը տրա­մադ­րո­ւած են հան­րա­պետու­թեան նա­խագա­հին, որ կը բնա­կի հա­զար սե­նեակա­նի պա­լատի մէջ, իր սե­փական զօ­րագունդի հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ։ Ոչ միայն իրա­ւասու­թիւննե­րը, այլ իր ծախսման տրա­մադ­րո­ւած հարստու­թիւնն ալ ան­սահման է։ Վեր­ջերս պաշտպա­նու­թեան նա­խարա­րը յայտնեց թէ Սու­րիոյ մէջ թրքա­կան բա­նակի կող­քին մարտնչող սու­րիացի­ներէ բաղ­կա­ցող վարձկան զի­նուոր­նե­րու ռո­ճիկը իր նա­խարա­րու­թիւնը չի վճա­րեր։ Օրա­կան 20 ԱՄՆ տո­լարով հա­շուար­կո­ւած այդ գու­մա­րի հա­մար բո­լորը նոյն հաս­ցէն կը մտա­բերեն, բայց ոչ մէ­կը կը հա­մար­ձա­կի այդ մա­սին հար­ցում ուղղե­լու։ Դա­տարան­նե­րը վճիռ­ներ կ՚ար­ձա­կեն, բայց այդ վճիռ­նե­րը գոր­ծադրե­լով պաշ­տօ­նակո­չուած անձնա­կազ­մը չա­ճապա­րեր, կը սպա­սէ վե­րեւէն գա­լիք վեր­ջին հրա­հան­գին։ Ընտրող­ներ խորհրդա­րանի ան­դամ պատ­գա­մաւոր­ներ կամ քա­ղաքա­պետ­ներ կ՚ընտրեն։ Պա­տահա­ծը նոյնն է, Ընտրու­թեան Բարձրա­գոյն Խոր­հուրդը չա­ճապա­րեր անոնց լիազօ­րագ­րութիւննե­րը յանձնե­լու։ Որոշ ժա­մանակ դի­տումնա­ւոր կը ձգձգէ հա­ւանա­կան հա­կազ­դե­ցու­թիւննե­րը լսե­լու հա­մար։ Այդ հա­կազ­դե­ցու­թիւննե­րը նոյ­նիսկ կրնան ամ­բողջ երկրի մը կամ բազ­մա­միլիոն քա­ղաքի մը կամ­քը ոտ­նա­կոխել եւ ընտրու­թեան կրկնո­ւիլը պա­հան­ջել։

Այս հա­մայ­նա­պատ­կե­րին մէջ 60, 70 կամ 80 հա­զար հաշ­ուող հայ հա­մայնքն ալ տա­րուած է իր ընտրու­թեան հո­գերուն։ Կը փոր­ձենք աւե­լի քան 11 տա­րի թա­փուր մնա­ցած աթո­ռի մը նոր գա­հակա­լը ճշդե­լու։ Եթէ ամէն ինչ օրի­նական ու բնա­կանոն ըն­դա­նար, ան­կախ աթո­ռակա­լէն, յաղ­թա­նակ մըն էր, որ պի­տի տօ­նէինք։

Չե­ղաւ, չստա­ցուեց։ Մեր փոքր հա­ւաքա­կանու­թեան պար­տադրո­ւեցաւ այնպի­սի կա­նոնա­գիր, որ դար­ձեալ աթո­ռակա­լէն ան­կախ պար­տութիւն է, որ պի­տի տա­նինք։ Մի գու­ցէ բուռ մը մո­լեռանդ կողմնա­կից ու­րա­խանան իրենց զօ­րակ­ցած եպիս­կո­պոսի ար­ձա­նագ­րած փի­րու­զեան յաղ­թա­նակով։ Բայց մենք իբ­րեւ ազ­գի լուռ մե­ծամաս­նութիւն ան­գամ մը եւս պի­տի ճա­շակենք դառն պար­տութիւ­նը։

Ճգնա­ժամը փա­րատե­լու միակ մի­ջոցն է մեր­ժել այս անար­դար ընտրու­թիւնը եւ հպարտ ու ճա­կատա­բաց յայ­տա­րարել. «Ո՛՛չ»։

pakrates@yahoo.com