Չաւուշօղլու՝ «Սահմանները բանալու պայմանները չէ գոյացած»

Թուրքիոյ Ար­­տա­­­քին Գոր­­ծոց Նա­­խարար Մեւ­­լուտ Չա­­ւու­­շօղլու խորհրդա­­րանի մէջ իր նա­­խարա­­րու­­թեան պիւտճէի քննարկման նիս­­տին գրա­­ւոր պա­­տաս­­խա­­­նեց Ժո­­ղովուրդնե­­րու Ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան կու­­սակցու­­թեան պատ­­գա­­­մաւոր Կա­­րօ Փայ­­լա­­­նի հար­­ցումնե­­րուն։

Փայ­­լան նա­­խարար Չա­­ւու­­շօղլո­­ւին հարց տո­­ւած էր, թէ Թուրքիա ի՞նչ դիրք կը բռնէ Հա­­յաս­­տա­­­նի վար­­չա­­­պետ Փա­­շինեանի. «Պատ­­րաստ ենք առանց նա­­խապայ­­մա­­­նի բա­­նակ­­ցութիւններ վա­­րելու» յայ­­տա­­­րարու­­թեան։

Արտ. Գործ. Նա­­խարա­­րը իբ­­րեւ պա­­տաս­­խան նշեց թէ Հա­­յաս­­տա­­­նի հետ սահ­­մաննե­­րը փա­­կելու որո­­շու­­մը Հա­­յաս­­տա­­­նին 1993-ին Ատրպէյ­­ճա­­­նի հո­­ղերու գրա­­ւելուն հե­­տեւանքն է։ «Աւե­­լի քան 26 տա­­րինե­­րէ ի վեր կը շա­­րու­­նա­­­կուի Հա­­յաս­­տա­­­նի յար­­ձա­­­կողա­­կան ռազ­­մա­­­վարու­­թիւնը։ Հե­­տեւա­­բար սոյն որո­­շու­­մը վե­­րաց­­նե­­­լու հա­­մար ձեռնտու պայ­­մաններ չէ գո­­յացած։ Թուրքիա- Հա­­յաս­­տան յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու բնա­­կանո­­նաց­­ման հա­­մար պայ­­ման է Լեռ­­նա­­­յին Ղա­­րաբա­­ղի խնդրին լուծման ուղղեալ յստակ քայ­­լե­­­րու դի­­մել։ Իրա­­կանու­­թեան մէջ Վար­­չա­­­պետ Փա­­շինեան իշ­­խա­­­նու­­թեան եկած Մա­­յիս 2018 թո­­ւակա­­նէն այս կողմ Ղա­­րաբա­­ղեան հիմ­­նախնդրի խա­­ղաղ լուծման հա­­մար յու­­սադրիչ ելոյթներ ու­­նե­­­ցած է։ Սա­­կայն ժա­­մանա­­կի ըն­­թացքին ինք եւս տա­­րուե­­լով երկրի բա­­զէնե­­րուն եւ սփիւռքի գոր­­ծիչնե­­րուն, փո­­խած կ՚երե­­ւի իր ռազ­­մա­­­վարու­­թիւնը։ Այս մա­­սին փաս­­տի մը բնոյ­­թը ու­­նի 5 Օգոս­­տո­­­սին ար­­տա­­­սանած «Ղա­­րաբա­­ղը Հա­­յաս­­տան է եւ վերջ» խօս­­քը։ Բա­­ցի այդ ՄԱԿ-ի 74-րդ հա­­մագու­­մա­­­րին ըսած էր, թէ «Թուրքիա Հա­­յաս­­տա­­­նի հա­­մար լուրջ սպառ­­նա­­­լիք մըն է»։ Ի դէմ այս բո­­լորին, եթէ հայ­­կա­­­կան կող­­մը Ղա­­րաբա­­ղեան հա­­կամար­­տութեան լուծման ուղղու­­թեամբ հա­­մաշ­­խարհա­­յին հա­­սարա­­կու­­թեան ակնկա­­լու­­թիւննե­­րուն եւ մի­­ջազ­­գա­­­յին իրա­­ւաբա­­նու­­թեան շրջագ­­ծին մէջ յստակ եւ մտե­­րիմ քայ­­լե­­­րու դի­­մէ, Թուրքիա ալ ան­­պա­­­տաս­­խան չի մնար»։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ