Սիմոն Չեքեմի դատը մերժուած

Պէ­յօղ­լո­ւի Սուրբ Եր­րորդու­թիւն եկե­ղեց­ւոյ վար­չութեան ան­դամ Սի­մոն Չե­քեմի Նո­յեմ­բեր ամ­սո­ւան մէջ Նա­խաձեռ­նարկ Մար­մի­նի դէմ յա­րու­ցած դա­տը աւար­տին հա­սաւ։ Իս­թանպու­լի Հիմ­նա­կան Իրա­ւական Ատեանը մեր­ժեց դա­տավա­րու­թիւնը։

Չե­քեմ Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թեան ապօ­րէն կա­նոնագ­րին դէմ առար­կութիւն չու­նե­ցող Նա­խաձեռ­նարկ Մար­մի­նի դէմ բո­ղոքած էր դա­տարան, ըսե­լով որ Նա­խաձեռ­նարկ Մար­մի­նը թե­րացած է իր պար­տա­կանու­թեան մէջ, ուստի պէտք է լու­ծարկո­ւի։ Այս մա­սին դա­տարա­նը դի­մած էր Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թեան դի­տարկման եւ կու­սա­կալու­թե­նէ եկած լու­սա­բանու­թեան հի­ման վրայ ալ մեր­ժած էր դա­տավա­րու­թիւնը։

Չե­քեմ այս մա­սին «Ակօս»ին յայտնեց, թէ որո­շու­մին դի­մաց պի­տի առար­կէ Վճռա­բեկ Ատեանի մի­ջոցաւ։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ