Հայ հարսերու լեզուն՝ հարսներէն

Մեր գրականութեան մէջ առաջին անգամ գիւղագիր Յակոբ Մնձուրի իր «Մունջ» անուն պատմուածքով անդրադարձած էր Արեւմտեան Հայաստանի մէջ տարածուն սովորութեան։ Ըստ այդ հարսերը պարտաւոր էին մունջ պահել մինչեւ, որ ծնի անդրանիկ որդին։ Կին անհատը ստրկացնող այդ սովորութիւնը ու նմանները յետադիմական շրջանակներու կողմէ փառաբանուեցան, իբրեւ «նահապետական ատադ»։ Ամերիկահայ հեղինակ եւ բեմադրիչ Գարլա Քէքէճեանի «Հարսներէն՝ հայ հարսերու լեզուն» վաւերագրական ժապաւէնին առաջին ներկայացումը կայացաւ 15 Նոյեմբերին, Թորոնթոյի 14-րդ «Նուռ» շարժապատկերի փառատօնին ընթացքին։ Եութայի համալսարանին մէջ հաղորդակցութեան գիտութիւններու եւ խանգարումներու նիւթով դոկտորայի իր տեսութիւնը պաշտպանող Քէքէճեանի ժապաւէնին մասին հայ մշակոյթի «H-Pem» (https://www.h-pem.com/en/Stories/2019/11/12/harsneren-pom-2019/64)հարթակի կայքէջին հրատարակած անգլերէն յօդուածը կը ներկայացնենք թարգմանաբար։

ԼԻԼԻ ԹՈՐՈՍԵԱՆ

«Հարսներէն՝ հայ հար­­սե­­­րու լե­­զուն» վա­­ւերագ­­րա­­­կան ժա­­պաւէ­­նը լռու­­թեան դա­­տապար­­տող երե­­ւոյ­­թի մը վրայ ու­­շադրու­­թիւն հրա­­ւիրե­­լով՝ լոյս կը սփռէ գրե­­թէ ան­­ծա­­­նօթ լե­­զուի մը վրայ։ Լե­­զու մը, որուն պար­­տադրած լռու­­թեան, թա­­պու­­նե­­­րուն եւ իրա­­ւազրկու­­մին հե­­տեւան­­քով կը նա­­հան­­ջեն են­­թա­­­կան, անու­­նը եւ խօս­­քը։

Սե­­րունդներ շա­­րու­­նակ բազ­­մա­­­թիւ հայ հար­­սեր մշա­­կու­­թա­­­յին ճնշու­­մով յատ­­կանշո­­ւած վար­­մունքի մը հե­­տեւան­­քով դա­­տապար­­տո­­­ւած են պար­­տա­­­դիր չխօս­­կա­­­նու­­թեան։ Եր­­բեմն այս կի­­ներուն մի­­ջեւ զար­­գա­­­ցած է հա­­ղոր­­դակցու­­թեան ան­­ձայն լե­­զու մը։ Շար­­ժումնե­­րով եւ նշան­­նե­­­րով ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւող այս լե­­զուն, որ կը կո­­չուէր հարսնե­­րէն, դադ­­րած է գոր­­ծա­­­ծական ըլ­­լա­­­լէ եւ միայն Հա­­յաս­­տա­­­նի կարգ մը առանձնա­­ցած գիւ­­ղե­­­րուն մէջ կը յի­­շուի այ­­սօր։

«Հարսնե­­րէն՝ հայ հար­­սե­­­րու լե­­զուն» վեր­­նա­­­գիրով վա­­ւերագ­­րա­­­կան կարճ ժա­­պաւէ­­նին մէջ հե­­ղինակ, բե­­մադ­­րիչ եւ հե­­տազօ­­տող Գա­­րլա Քէ­­քէճեան այս խորհրդա­­ւոր լե­­զուին գաղտնիք­­նե­­­րը լու­­սա­­­բանե­­լու նպա­­տակով կ՚ու­­ղե­­­ւորո­­ւի դէ­­պի Բա­­ղանիս գիւ­­ղը, որ կը գտնո­­ւի Ազրպէյ­­ճա­­­նի հետ Հա­­յաս­­տա­­­նի վտան­­գա­­­ւոր սահ­­մա­­­նին մօտ։ Ար­­դիւնքը մտեր­­միկ առե­­րեսում մըն է հետ­­քե­­­րը այ­­սօր ալ զգա­­լի աւան­­դութեան եւ ցաւցնող յի­­շողու­­թեան հետ։

«Չխօս­­կա­­­նու­­թիւն բա­­ռը ինքնին ան­­խօ­­­սու­­թիւն կը նշա­­նակէ»։ 17 վայրկեան տե­­ւողու­­թեամբ վա­­ւերագ­­րա­­­կան գրա­­ւիչ ժա­­պաւէ­­նը կը սկսի այս նա­­խադա­­սու­­թեամբ եւ իբ­­րեւ նիւթ կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ ամուսնա­­ցած հայ կի­­ներու պար­­տադրուած ան­­խօ­­­սու­­թեան հե­­տեւան­­քով ձե­­ւաւո­­րուած նշան­­նե­­­րու լե­­զուն՝ հարսնե­­րէնը։ Հե­­տաքրքրա­­կան է, որ չխօս­­կա­­­նու­­թեան ետին թաք­­նո­­­ւած պա­­տուի հաս­­կա­­­ցողու­­թեան եւ մշա­­կու­­թա­­­յին թա­­պու­­նե­­­րու շեր­­տե­­­րը բա­­ցայայ­­տե­­­լու իբ­­րեւ մի­­ջոց՝ ժա­­պաւէ­­նը հիմ­­նո­­­ւած է բազ­­մա­­­թիւ եր­­կխօ­­սու­­թիւննե­­րու վրայ։

ժա­­պաւէ­­նը կ՚անդրա­­դառ­­նայ հարսնե­­րէնի գոր­­ծա­­­ծու­­թեան եւ ապա՝ մո­­ռացու­­թեան։ Ու­­շագրաւ կեր­­պով կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ հայ կնոջ դե­­րակա­­տարու­­թեան եւ պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թեան մա­­սին տա­­կաւին գո­­յատե­­ւող, նաեւ՝ հո­­լովոյթ ապ­­րող ըն­­կա­­­լումնե­­րը։ Դժո­­ւար է հա­­ւատալ, թէ ժա­­պաւէ­­նին հե­­ղինա­­կը ար­­հեստա­­վարժ բե­­մադ­­րիչ մը չէ, այլ Եու­­թա­­­յի հա­­մալ­­սա­­­րանի մէջ հա­­ղոր­­դակցու­­թեան գի­­տու­­թիւննե­­րու եւ խան­­գա­­­րումնե­­րու նիւ­­թով դոկ­­տո­­­րայի իր թէ­­զը պաշտպա­­նող ու­­սա­­­նող մը։

Իսկ ին­­չու՞ ընտրել վա­­ւերագ­­րա­­­կան ժա­­պաւէ­­նի մի­­ջոցը։ «Կը հա­­ւատամ ակա­­դեմա­­կան գի­­տելիք­­նե­­­րը զան­­գո­­­ւած­­նե­­­րուն մատ­­չե­­­լի դարձնե­­լու մէջ լսա­­տեսո­­ղական մի­­ջոց­­նե­­­րու հզօր ու­­ժին։ Հե­­տեւա­­բար, ին­­չու՞ այս նիւ­­թը չներ­­կա­­­յաց­­նել վա­­ւերագ­­րա­­­կան կարճ ժա­­պաւէ­­նի մի­­ջոցով», կ՚ըսէ հե­­ղինա­­կը՝ «h-pem»-ին։

«Լուռ» լե­­զուն լոյս աշ­­խարհ բե­­րող ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծա­­­կան եր­­թը

Պատ­­մութիւ­­նը սկիզբ առած է նոյ­­նիսկ նախ­­քան բե­­մադ­­րի­­­չին անդրա­­դառ­­նա­­­լը։ 2014-ի ամ­­րան եղա­­նակին Հայ Երի­­տասար­­դաց Դաշ­­նակցու­­թեան (ՀԵԴ) կազ­­մա­­­կեր­­պած աշ­­խա­­­տան­­քա­­­յին ճամ­­բա­­­րին իբ­­րեւ կա­­մաւոր մաս­­նա­­­կից՝ Քէ­­քէճեան Լոս Ան­­ճե­­­լըսէն աւե­­լի քան 11 հա­­զար քի­­լոմեթր ճամ­­բայ կը կտրէ եւ կը հաս­­նի Հա­­յաս­­տա­­­նի սահ­­մա­­­նամերձ Բա­­ղանիս գիւ­­ղը։ Այդ ժա­­մանակ ան նոյ­­նիսկ տե­­ղեակ չէր հարսնե­­րէնի գո­­յու­­թեան։ Սա­­կայն նոյն տա­­րուան աշ­­նան Քա­­լիֆոր­­նիոյ հա­­մալ­­սա­­­րանի Իր­­վայնի ու­­սումնա­­րանին մէջ տար­­բեր եր­­կիրնե­­րու մէջ կի­­րար­­կո­­­ւող նշան­­նե­­­րու լե­­զու­­նե­­­րու մա­­սին լե­­զուա­­գիտու­­թեան դա­­սըն­­թացքէ մը ներշնչո­­ւած՝ կը ձեռ­­նարկէ Հա­­յաս­­տա­­­նի տա­­րած­­քին նշան­­նե­­­րու լե­­զու­­նե­­­րու գոր­­ծա­­­ծու­­թեան հե­­տազօ­­տու­­թեան մը։ Իր պրպտումնե­­րուն ըն­­թացքին հա­­մացան­­ցի վրայ կը հան­­դի­­­պի յղու­­մի մը, որ կը հե­­տաքրքրէ զինք։ «Կայ­­քէ­­­ջը կ՚ըսէր, թէ Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ խու­­լե­­­րու եւ համ­­րե­­­րու օգ­­տա­­­գոր­­ծած նշան­­նե­­­րու լե­­զուն տար­­բեր էր ամուսնա­­ցած հայ կի­­ներու օգ­­տա­­­գոր­­ծած նշան­­նե­­­րու այն լե­­զուէն, զոր անոնք կը գոր­­ծա­­­ծէին, երբ իրենց հա­­մար խօ­­սիլը թա­­պու էր», կ՚ըսէ բե­­մադ­­րի­­­չը, եւ կ՚աւելցնէ. «Առա­­ջին ան­­գամ էր, որ կը լսէի միայն մէկ սե­­ռի կող­­մէ գոր­­ծա­­­ծուող եւ յատ­­կա­­­պէս հա­­յերու պատ­­կա­­­նող հա­­ղոր­­դակցու­­թեան նման մի­­ջոցի մը մա­­սին։ Նիւ­­թը ան­­մի­­­ջապէս ներգրա­­ւեց զիս»։ Կայ­­քէ­­­ջին տե­­ղեկու­­թիւնը այսքան էր միայն։ Այ­­նուհե­­տեւ Քէ­­քէճեանի հա­­մար աւե­­լին գիտ­­նա­­­լու փնտռտու­­քը վե­­րածո­­ւած է հե­­տեւո­­ղական ծրա­­գիրի, աւե­­լի ճիշդ՝ բուռն հե­­տազօ­­տու­­թեան։

Քա­­նի մը ամ­­սո­­­ւան ար­­խի­­­ւային հե­­տազօ­­տու­­թիւննե­­րէ ետք Քէ­­քէճեան ի յայտ բե­­րած է 1935-ին կա­­տարո­­ւած ու­­սումնա­­սիրու­­թիւն մը, որ թէեւ ռու­­սե­­­րէնով էր, սա­­կայն միակ ծա­­նօթ գիրքն էր Հիւ­­սի­­­սային Ամե­­րիկա­­յի մէջ։ Քէ­­քէճեան առանց վհա­­տելու յա­­ջողած է գտնել զայն եւ թարգմա­­նել տո­­ւած է անգլե­­րէնի։ Այս աղ­­բիւրին ըն­­ծա­­­յած հիմ­­նա­­­կան տե­­ղեկու­­թիւնը կա­­տարո­­ւած ու­­սումնա­­սիրու­­թեան աշ­­խարհագ­­րա­­­կան վայ­­րերն էին. չորս գիւ­­ղեր՝ Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ։

Քէ­­քէճեան 2016-ի ամ­­րան կը ձեռ­­նարկէ նշեալ գիւ­­ղե­­­րուն մէջ ու­­սումնա­­սիրու­­թեան մը։ Բախ­­տը բե­­րած էր այնպէս, որ գիւ­­ղե­­­րէն մէ­­կը նոյ­­նինքն Բա­­ղանիսն էր։ Գիւ­­ղա­­­պետին ծա­­նօթ ըլ­­լա­­­լով՝ Քէ­­քէճեան իր ու­­սումնա­­սիրու­­թեան կը սկսի այս գիւ­­ղէն։ Բա­­ղանիս կը գտնո­­ւի Ազրպէյ­­ճա­­­նի սահ­­մա­­­նէն շուրջ մէկ քի­­լոմեթր հե­­ռաւո­­րու­­թեան վրայ։ Նոյն այս պատ­­ճա­­­ռով յա­­ճախ կ՚են­­թարկո­­ւի հա­­կառա­­կոր­­դի կրա­­կոց­­նե­­­րուն։ Սա­­կայն գիւ­­ղը հարսնե­­րէնի ետին թաք­­նո­­­ւած գաղտնիք­­նե­­­րը լու­­սա­­­բանե­­լու առու­­մով կա­­րեւոր նշա­­նակու­­թիւն ու­­նէր Քէ­­քէճեանի հա­­մար, երբ նոյ­­նիսկ չէր գի­­տեր, թէ Բա­­ղանի­­սը շու­­տով պի­­տի դառ­­նար գլխա­­ւոր դե­­րակա­­տարը՝ Քա­­լիֆոր­­նիոյ մէկ դա­­սարա­­նին մէջ սկիզբ առած իր սրըն­­թաց եր­­թին։

Յու­­սա­­­լով լոյս սփռել այս զար­­մա­­­նահ­­րաշ, բայց առեղ­­ծո­­­ւածա­­յին նշան­­նե­­­րու լե­­զուին գաղտնիք­­նե­­­րուն վրայ, Քէ­­քէճեան կը սկսի փնտռել պա­­տաս­­խա­­­նը հե­­տեւեալ հար­­ցումնե­­րուն։ Ինչպէ՞ս զար­­գա­­­ցած է այս լե­­զուն։ Կի­­ներ ի՞նչ պայ­­մաննե­­րու տակ գոր­­ծա­­­ծած են զայն։ Ի՞նչ են լե­­զուին ծա­­նօթ կի­­ներուն կող­­մէ յա­­ճախ գոր­­ծա­­­ծուած նշան­­նե­­­րը եւ շար­­ժումնե­­րը։

«Հարսնե­­րէն՝ հայ կի­­ներու լե­­զուն» վա­­ւերագ­­րա­­­կան ժա­­պաւէ­­նը ար­­դիւնքն է բազ­­մա­­­թիւ անակնկալ­­նե­­­րու, որոնց հան­­դի­­­պած է Քէ­­քէճեան իր ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծա­­­կան եր­­թին ըն­­թացքին։ Ան կ՚ըսէ. «Ժա­­պաւէ­­նը հա­­րուստ է վա­­ւերա­­կանու­­թեամբ։ Պի­­տի նշմա­­րէք, թէ ինչպէ՛ս կը տա­­րու­­բե­­­րի արե­­ւելա­­հայե­­րէնի եւ արեւմտա­­հայե­­րէնի մի­­ջեւ։ Պի­­տի լսէք շա­­հագոր­­ծումի եւ ցաւցնող յի­­շողու­­թիւննե­­րու ան­­հա­­­տական պա­­տումներ. պա­­տումներ, որոնք դժո­­ւար ըն­­դունե­­լի են, սա­­կայն զա­­նոնք բաժ­­նե­­­լը եւ ըն­­կա­­­լելը խիստ կա­­րեւոր է։ Վկան պի­­տի դառ­­նաք գիր­­կընդխառ­­նումնե­­րու, համ­­բոյրնե­­րու եւ խնդու­­քի։ Բո­­լորը՝ իրա­­կան եւ հա­­րազատ։ Սրտանց կը յու­­սամ, որ հան­­դի­­­սատե­­սը տես­­նէ եւ զգայ այս բո­­լորը»։

«Դէ՛ աղ­­ջիկ ջան, հարսնե­­րէն խօ­­սում էինք»

Գիւ­­ղա­­­պետին օգ­­նութեամբ Քէ­­քէճեան կը հիւ­­րընկա­­լուի գիւ­­ղա­­­ցինե­­րու տու­­նե­­­րուն մէջ։ Ան կը պատ­­մէ, թէ բնա­­կան հու­­նով ըն­­թա­­­ցող իրենց զրոյցնե­­րը զինք առաջ­­նորդած են իր կա­­տարած ամէ­­նէն զար­­մա­­­նալի յայտնու­­թեան։ «Սկիզ­­բէն զրու­­ցա­­­կից­­ներս յայտնե­­ցին, թէ ամուսնա­­ցած հայ կի­­ներու գոր­­ծա­­­ծած շար­­ժումնե­­րու եւ նշան­­նե­­­րու այս լե­­զուն կը կո­­չուի հարսնե­­րէն։ Նա­­խապէս իմ գտած աղ­­բիւրնե­­րուս մէջ եր­­բեք չէր նշո­­ւած այս անու­­նը»։ Տե­­ղին է ու­­րեմն, որ վա­­ւերագ­­րա­­­կան ժա­­պաւէ­­նին հիմ­­նա­­­կան տի­­պար­­նե­­­րը ըլ­­լա­­­յին Բա­­ղանի­­սի կի­­ները եւ տղա­­մար­­դի­­­կը. այ­­սինքն անոնք, որոնք նշան­­նե­­­րու այս լե­­զուին անու­­նը տո­­ւած են գէթ այս նիւ­­թը պե­­ղող ան­­ձին։

Քէ­­քէճեանի հարսնե­­րէն խօ­­սող զրու­­ցա­­­կից­­նե­­­րէն ամէ­­նէն տա­­րեցը 92 տա­­րեկան էր, իսկ ամէ­­նէն երի­­տասար­­դը՝ 49։ Գար­­լա կ՚աւելցնէ. «Ամուսնա­­նալ» ետք որոշ ժա­­մանակ ան­­խօս մնա­­ցած (այ­­սինքն տա­­կաւին ամ­­բողջու­­թեամբ չան­­հե­­­տացած չխօս­­կա­­­նու­­թեան հե­­տեւած), սա­­կայն այ­­լեւս հարսնե­­րէն չգոր­­ծա­­­ծող ամէ­­նէն երի­­տասարդ զրու­­ցա­­­կիցս 19 տա­­րեկան էր»։ Վա­­ւերագ­­րա­­­կան ժա­­պաւէ­­նը այս գիւ­­ղա­­­ցինե­­րուն մի­­ջոցով ի յայտ կը բե­­րէ հարսնե­­րէնին բարդ բնոյ­­թը, ընդհան­­րա­­­պէս կի­­ներուն լռու­­թիւն պար­­տադրե­­լու վար­­մունքը, ինչպէս նաեւ՝ այս պար­­տադրան­­քին հե­­տեւան­­քով շա­­րու­­նա­­­կուող ըն­­կե­­­րային եւ հո­­գեբա­­նական ազ­­դե­­­ցու­­թիւննե­­րը, որոնք մին­­չեւ այ­­սօր նկա­­տելի են Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ։

Քէ­­քէճեանի հե­­տազօ­­տու­­թեան ամէ­­նէն տպա­­ւորիչ պա­­հը եղած է այն, երբ զրոյ­­ցի ըն­­թացքին տա­­րեց կին մը թե­­ւերը լայն բա­­նալով ըսած է, թէ խօ­­սելու թոյլտո­­ւու­­թիւն ստա­­նալէ ետք իբ­­րեւ առա­­ջին բար­­բա­­­ռում՝ «եր­­գած է լեռ­­նե­­­րուն» ։

Ժա­­պաւէ­­նին աւար­­տին Քէ­­քէճեան այս լե­­զուին եւ մեր ազ­­գա­­­յին ժա­­ռան­­գութեան մէջ անոր ցաւցնող դե­­րակա­­տարու­­թեան վե­­րաբե­­րեալ կը կա­­տարէ հե­­տեւեալ խո­­րաթա­­փանց հար­­ցադրու­­մը. «Հարսնե­­րէնը կը մղէ հարց տա­­լու, թէ ար­­դեօք որ­­քա՞ն կի­­սատ մնա­­ցած է հայ մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութիւ­­նը եւ պատ­­մութիւ­­նը, երբ երկրին բնակ­­չութեան շուրջ կէ­­սը իր կեան­­քին կա­­րեւոր մէկ ժա­­մանա­­կահա­­տուա­­ծին ըն­­թացքին բռնի մնա­­ցած է համր»։

Քէ­­քէճեանի հա­­մաձայն, հարսնե­­րէնը կա­­րելի է հե­­տազօ­­տել Եու­­թա­­­յի հա­­մալ­­սա­­­րանին մէկ գի­­տաշ­­խա­­­տանո­­ցին մէջ կամ Հա­­յաս­­տա­­­նի գիւ­­ղա­­­կան մէկ եկե­­ղեցիին։ Ցարդ հարսնե­­րէնի ու­­սումնա­­սիրու­­թեան հա­­մար զրոյցներ տե­­ղի ու­­նե­­­ցած են տու­­նե­­­րու, եկե­­ղեցի­­ներու եւ հան­­րա­­­յին կեդ­­րոններու մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ