Յարգանքի տուրք բանասէր Գէորգ Փամպուքճեանին

Հա­յե­րէ­­նի բա­­ռա­պա­­­­շա­րին մէջ շատ յա­­­տուկ նշա­­­նակու­­­թիւն ու­­­նե­­­­­­­ցող եզր մըն է մա­­­տենագ­­­րութիւ­­­նը։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ ժա­­­մանա­­­կի ըն­­­թացքին, եթէ միշտ յա­­­ջողե­­­ցանք ու­­­նե­­­­­­­նալ ար­­­ձա­­­­­­­կագիր­­­ներ կամ բա­­­նաս­­­տեղծներ կա­­­րելի չէ նոյ­­­նը ըսել մա­­­տենագ­­­րութեան առու­­­մով։ Բա­­­նասի­­­րու­­­թեան այդ երան­­­գը եր­­­կար ժա­­­մանա­­­կէ ի վեր կը տա­­­ռապի ար­­­ժա­­­­­­­նաւոր անուննե­­­րու բա­­­ցակա­­­յու­­­թե­­­­­­­նէ։ Արեւմտա­­­հայե­­­րէն իրա­­­կանու­­­թեան մէջ մեր կա­­­րեւո­­­րագոյն մա­­­տենա­­­գիրն էր Գէորգ Փա­­­մպուքճեան, որուն յի­­­շատակ­­­ման հա­­­մար ար­­­տա­­­­­­­կար­­­գօ­­­­­­­րէն յա­­­ջող մի­­­ջոցա­­­ռում մը կա­­­յացաւ Մխի­­­թարեանի անու­­­նը կրող զոյգ սա­­­նուց միու­­­թիւննե­­­րու նա­­­խաձեռ­­­նութեամբ։

Ար­­­դա­­­­­­­րեւ 6 Դեկ­­­տեմբեր ուրբաթ երե­­­կոյ Փան­­­կալթըի Մխի­­­թարեան Վար­­­ժա­­­­­­­րանի սրա­­­հին մէջ մէկ­­­տե­­­­­­­ղուած էր գրա­­­սէր բազ­­­մութիւն մը պատ­­­շաճ կեր­­­պով յի­­­շատա­­­կելու հա­­­մար Գէորգ Փա­­­մպուքճեանը։

Այս մի­­­ջոցառ­­­ման հա­­­մար շատ տե­­­ղին որո­­­շու­­­մով մը քա­­­ղաքս հրա­­­ւիրո­­­ւած էր բա­­­նասէր, արեւմտա­­­հայե­­­րէն գրա­­­կանու­­­թեան մաս­­­նա­­­­­­­գէտ Յաս­­­միկ Ստե­­­փանեան։ Տի­­­կին Ստե­­­փանեան կը յի­­­շուի որ­­­պէս Փա­­­մպուքճեանի վաս­­­տա­­­­­­­կին մա­­­սին ամե­­­նակար­­­կա­­­­­­­ռուն մաս­­­նա­­­­­­­գէտը։ Սա­­­կայն մեծ վար­­­պե­­­­­­­տը բա­­­ցի գրա­­­կանու­­­թեան սի­­­րահար­­­նե­­­­­­­րէ, այս քա­­­ղաքին մէջ ու­­­նե­­­­­­­ցած էր նաեւ պատ­­­մա­­­­­­­բան­­­նե­­­­­­­րէ բաղ­­­կա­­­­­­­ցող հա­­­մակիր­­­նե­­­­­­­րու փա­­­ղանգ մը։ Լսե­­­լով անոնց Փա­­­մպուքճեանի մա­­­սին խոր­­­հուրդնե­­­րը մենք այդ փա­­­ղան­­­գը դիւ­­­րաւ կրնանք անո­­­ւանել երկրպա­­­գու­­­ներ ըլ­­­լա­­­­­­­լով։ Իրենց ելոյթնե­­­րուն մէջ անոնք մեծ ոգե­­­ւորու­­­թեամբ փա­­­ռաբա­­­նեցին գիր ու գրա­­­կանու­­­թեան, այդ հա­­­մեստ ծա­­­ռան, որուն բա­­­ցակա­­­յու­­­թիւնով գո­­­յացած պա­­­րապու­­­թիւնը կա­­­րելի չե­­­ղաւ, որե­­­ւէ կեր­­­պով վե­­­րաց­­­նել։ Ու­­­սուցչու­­­հի­­­­­­­ներ՝ Աս­­­լին Տիշ­­­ճի, Հռիփ­­­սի­­­­­­­մէ Մէյ­­­տան եւ Թա­­­մար Ման­­­կա­­­­­­­սար պատ­­­շաճ կեր­­­պով ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցին Փա­­­մպուքճեանի կեն­­­սագրու­­­թիւնը եւ գրա­­­կան վաս­­­տա­­­­­­­կը։ Ռո­­­պէր Հատ­­­տէ­­­­­­­ճեան, Սապ­­­րի Քոզ, Արա Գօ­­­չու­­­նեան եւ Օս­­­ման Քէօքէր յի­­­շատակ­­­ներ ու վկա­­­յու­­­թիւններ փո­­­խան­­­ցե­­­­­­­ցին մե­­­ծարեալի հետ իրենց ու­­­նե­­­­­­­ցած ապ­­­րումնե­­­րէն։ Իսկ օրո­­­ւայ բա­­­նախօ­­­սը Յաս­­­միկ Ստե­­­փանեան խիստ սրտա­­­ռուչ տո­­­ղերով դրո­­­ւատեց Գէորգ Փա­մպուքճեանը, մա­­­նաւանդ ընդգծե­­­լով անոր իբ­­­րեւ Մա­­­տենա­­­դարա­­­նի բա­­­րեկամ ու­­­նե­­­­­­­ցած կա­­­րեւոր ծա­­­ռայու­­­թիւնը։

Այս մի­­­ջոցառ­­­ման գա­­­ղափա­­­րը յղա­­­ցած էր Հայր Լե­­­ւոն Զէ­­­քիեան, որ ար­­­տա­­­­­­­սանած հուսկ բան­­­քին մէջ յատ­­­կա­­­­­­­պէս պատ­­­գամ ուղղեց նոր սե­­­րունդին ան­­­տարբեր չմնա­­­լուն հա­­­մար հա­­­յոց լե­­­զուին ու գրա­­­կանու­­­թեան հան­­­դէպ։

Օրո­­­ւայ փայ­­­լը աւել­­­ցաւ Թա­­­թիանա Պոս­­­թա­­­­­­­նի եւ Էր­­­թան Թե­­­քինի կա­­­տարումնե­­­րով, որոնց կ՚ըն­­­կե­­­­­­­րակ­­­ցէր Արի Հեր­­­կել։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ