Հասարակութեան կամքը «Մաշալեան» ըսաւ

8Դեկտեմբե­րին կա­յացաւ Թուրքիոյ Հա­յոց 85-րդ պատ­րիար­քը ճշդող ընտրու­թիւննե­րը։ Բա­ցի Ղա­լաթիոյ Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւորի­չէ, Պոլ­սոյ բո­լոր եկե­ղեցի­ներուն եւ գա­ւառի մէջ Կե­սարիա, Տիար­պէ­քիր, Իս­քենտե­րուն, Վա­քըֆ­լը­գիւղ եւ Գը­րըք­հա­նի եկե­ղեցի­ներուն մէջ կա­յացող ընտրու­թիւննե­րուն մաս­նակցե­ցան 13,705 ընտրող­ներ։ Նա­խաձեռ­նարկ Մարմնի օրո­ւայ աւար­տին կա­տարած յայ­տա­րարու­թեան հա­մաձայն Արամ Արք. Աթէ­շեանի զօ­րակ­ցող մա­նիշա­կագոյն ցան­կի պատ­գա­մաւոր­նե­րը 3,529, Սա­հակ Եպիս­կո­պոս Մա­շալեանի զօ­րակ­ցող նարնջա­գոյն ցան­կի պատ­գա­մաւոր­ներն ալ 9,008 ձայ­ներ ստա­ցան։ 1,121 ձայն ձեռնպահ մնա­ցած էր։ Այդ քո­ւէնե­րը կը վե­րագ­րո­ւին, իբ­րեւ բո­ղոքի ձայ­ներ ար­տա­սահ­մա­նեան եպիս­կո­պոս­նե­րուն ընտրու­թեան մաս­նակցու­թիւնը ար­գի­լող կա­նոնագ­րին դէմ։

Ար­դիւնքնե­րու յստա­կացու­մէն ետք Մա­շալեան Սրբա­զանի հա­մակիր­նե­րը մէկ­տե­ղուե­ցան Կէ­տիկ­փա­շայի Սուրբ Յով­հաննէս Եկե­ղեց­ւոյ մէջ։ Այստեղ Մա­շալեան Սրբա­զան իր կողմնա­կից­նե­րուն ուղղեալ տո­ւաւ հե­տեւեալ պատ­գա­մը։

«Ես ու­րախ եմ, որ Աս­տուծոյ կամ­քը ժո­ղովուրդի կամ­քի մէ­ջէն յայտնո­ւեցաւ եւ ի դէմ մանր մունր պա­տահար­նե­րու, 85-րդ պատ­րիար­քը խա­ղաղու­թեամբ ընտրո­ւեցաւ։ Շատ շնոր­հա­կալ եմ ձեր բո­լորին, որ Աս­տո­ւած ձեր սրտե­րուն մէջ դրաւ Սա­հակ Սրբա­զանին զօ­րակ­ցե­լու կամ­քը եւ դուք ալ այդ ձայ­նը լսե­ցիք ու այդ ուղղու­թեամբ աշ­խա­տեցաք։ Իրա­պէս մենք պատ­նէ­շը ան­ցանք։ Հի­մա մեզ կը սպա­սէ ու­րիշ ար­գելքներ, ու­րիշ գոր­ծեր, ու­րիշ մար­տահրա­ւէր­ներ։ Ու­րեմն այդ բո­լորը մէկ առ մէկ միաս­նա­բար պի­տի անցնինք, ինչպէս որ խօ­սեցանք մեր ընտրու­թեան պայ­քարնե­րու մէջ։ Մեր ժո­ղովուրդին հա­մար նոր շրջան մը բա­նալ կ՚ուլզենք եւ այդ նոր շրջա­նը նո­րոգո­ւած սիր­տե­րով եւ նո­րոգո­ւած միտ­քե­րով պի­տի իրա­կանա­նայ։ Դուք էք այդ նո­րոգուած սիր­տերն ու նո­րոգուած միտ­քե­րը։ Հե­տեւա­բար պէտք է այդ նո­րոգու­թիւնը, այդ հո­գիի նո­րոգու­թիւնը առաջ տա­նինք եւ մեր սրտի փա­փաք­նե­րը իրա­կանաց­նենք։

Այս եկե­ղեցին, այս պա­տը թե­րեւս կրնաք հասկնալ թէ որ­քան կա­րեւոր է ին­ծի հա­մար։ Որով­հե­տեւ 50 տա­րի առաջ հոս մկրտո­ւեցայ ես։ Եւ կը յի­շեմ, որով­հե­տեւ եօթը տա­րեկան էի, երբ մկրտո­ւեցայ։ Այսպէս ձմրան օր մըն էր եւ յե­տոյ հի­ւան­դա­ցայ։ Բայց եւ այնպէս 50 տա­րի անցնե­լէ ետք ես՝ այդ փոքր տղան ազ­գին գլու­խը պատ­րիարք կ՚ըլ­լամ։ Հա­ւանա­բար այդ ժա­մանակ ար­դէն Աս­տո­ւած որո­շած էր իր ծրա­գիրը։ Ես ին­ծի յա­ճախ կը հարցնէի, թէ ին­չո՞ւ հա­մար այս ճամ­բու մէջ էի։ Ին­չո՞ւ հա­մար հա­զարու­մէկ գործ կրնա­յի նա­խընտրել, բայց եկե­ղեցա­կան եղայ։ Հի­մա պա­տաս­խա­նը ու­նիմ։ Որով­հե­տեւ գծո­ւած է այս ճամ­բան ար­դէն։ Այ­սինքն մենք ընտրու­թիւննե­րը շա­հեցանք։ Պէտք է հի­մա խա­ղաղու­թիւնը, եղ­բայրու­թիւնը եւ սէ­րը շա­հինք մեր հան­դէպ։ Որով­հե­տեւ մենք չշա­հեցանք շո­վենիստ զգա­ցումնե­րով, մենք շա­հեցանք որ­պէսզի նոր ծիլ մը բուսնի այս հա­մայնքի մէջ։ Իրա­պէս տա­սը տա­րիէ ի վեր մեծ յո­ռետե­սու­թիւն կար մեր հա­մայնքի վրայ։ Չէինք գի­տեր, թէ ինչ պի­տի ընենք։ Ընտրու­թիւն չէինք կրնար կա­տարել եւ ճեղ­քուած, բա­ժան բա­ժան եղած հա­մայնք մը ու­նէինք։ Սա­կայն եւ այսպէս Աս­տո­ւած օգ­նեց եւ մենք ընտրու­թիւննե­րը գլուխ ածե­ցինք։

Նախ եւ առաջ շնոր­հա­կալ եմ Աս­տուծոյ եւ յե­տոյ ձեզ։ Ու­րեմն եկե­ղեցիի մէջ ենք եւ եկէք միաս­նա­բար մեր ապա­գայի հա­մար մեր Երկնա­ւոր Հօր ծունկնդրե­լով աղօ­թենք եւ իր­մէ ողոր­մութիւն խնդրենք մեր ազ­գին հա­մար, մեր հի­ւանդնե­րուն հա­մար, մեր տկար­նե­րուն հա­մար, մեր գտնո­ւած ան­դամնե­րուն հա­մար, ընտրու­թիւնը կորսնցու­ցածնե­րուն հա­մար։ Հի­մա անոնք տխուր են, բայց պի­տի անցնի անոնց տխրու­թիւնն ալ։ Մենք եղ­բայրներ ենք, միաս­նա­բար կրկին պի­տի գրկենք իրար եւ միաս­նա­բար մեր ճամ­բան պի­տի շա­րու­նա­կենք։

Կը յի­շէք՝ ձե­զի պատ­կեր մը գծած էի։ Մեր հա­մայնքը գե­տի մը պէս կը հո­սէր, բայց ժայ­ռի մը հան­դի­պեցաւ ու երկճիւ­ղո­ւեցաւ։ Ժայ­ռը ընտրու­թիւնն էր, որ եր­կուքի բաժ­նեց մեզ։ Ժայ­ռը շրջան­ցե­ցինք, հե­տեւա­բար եր­կուքի բաժ­նուած գետն ալ պի­տի միանայ իրա­րու։ Վերստին միաս­նա­բար հո­սելու պի­տի շա­րու­նա­կենք։ Ու­րեմն եկէք «Տէր Ողոր­մեայ» ըսենք»։

Հո­գեւոր Խոր­հուրդը եւս 
ճշդո­ւեցաւ

11 Դեկ­տեմբեր չո­րեք­շաբթի օր Սա­հակ Մա­շալեանի 102, Արամ Աթէ­շեանի 16 եւ 1 ան­կախ պատ­գա­մաւո­րի մաս­նակցած քո­ւէար­կութեամբ, կա­յացաւ նաեւ նո­րըն­տիր Հո­գեւոր Խոր­հուրդը։ Հո­գեւոր Խոր­հուրդի մաս կը կազ­մեն Թա­թուլ Ծայ­րա­գոյն Վար­դա­պետ Անու­շեան, Շնորհք Վար­դա­պետ Տո­նիքեան, Գրի­գոր Աւագ Քա­հանայ Տա­մատեան, Զա­ւէն Քա­հանայ Պը­չաք­ճեան, Կոր­յուն Քա­հանայ Ֆե­ներ­ճիեան, Տրդատ Քա­հանայ Ու­զունեան, Զա­քէոս Ծայ­րա­գոյն Վար­դա­պետ Օհա­նեան, Շիր­վան Քա­հանայ Միւրզեան եւ Զա­քար Քա­հանայ Քո­փարեան։ Հո­գեւոր Խոր­հուրդի պա­հես­տի ան­դամներն են Շա­հեն Քա­հանայ Օհա­նեան, Տի­րան Աւագ Քա­հանայ Ռէ­յիսեան եւ Մի­նաս Աւագ Քա­հանայ Ճի­հան­կիւլեան։

Գա­հակա­լու­թիւն

11 Դեկ­տեմբեր չո­րեք­շաբթի օրո­ւայ ժո­ղովէն ետք նո­րըն­տիր պատ­րիար­քը Սա­հակ Բ. «Հրա­շափառ»ի եր­գե­ցողու­թիւննե­րով առաջ­նորդո­ւեցաւ Աթո­ռանիստ Մայր Եկե­ղեցի, որուն զան­գակնե­րը ղօ­ղան­ջե­ցին աւետ­ման կշռոյ­թով։

Շնոր­հա­ւորա­կան

Արամ Արք. Աթէ­շեան ալ մա­մու­լին ղրկաց շնոր­հա­ւորա­կան ու­ղերցով մը յա­ջողու­թիւն մաղ­թեց իր երե­կուայ մրցակ­ցին, իսկ այժմու պատ­րիար­քին ուղղեալ։

«Ազ­գա­յին պատ­գա­մաւո­րական ժո­ղովը այ­սօր կ՚ընտրէ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռի 85-րդ գա­հակա­լը։ Շա­բաթա­վեր­ջի քո­ւէար­կութեան ար­դիւնքին հետ ու­ղիղ հա­մեմա­տու­թեամբ գահ կը բարձրա­նայ Բարձր. Տ. Սա­հակ Ս. Եպսկ. Մա­շալեան, որ վեր­ջին շրջա­նին կը վա­րէր տե­ղապա­հի պաշ­տօն եւ այժմ ար­դէն կը ստանձնէ մեր նո­ւիրա­պետա­կան ու սուրբ Աթո­ռին ղե­կը։ Այ­սու կու գանք ան­կեղծօ­րէն շնոր­հա­ւորել նո­րըն­տիր պատ­րիար­քը, որուն կը մաղ­թենք յա­ջողու­թիւններ։

Որ­պէս Պոլ­սոյ Աթո­ռի հո­գեւո­րակա­նաց դա­սու երի­ցագոյն ան­դա­մը՝ կը մաղ­թենք, թէ այս նոր շրջա­նին թրքա­հայ ազ­գա­յին-եկե­ղեցա­կան կեան­քէն ներս վե­րահաս­տա­տուի միաս­նա­կանու­թիւնն ու եղ­բայրու­թիւնը։ Մեր աղօթքն է, որ այս դա­րաւոր Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռին առ­ջեւ բա­ցուի ծաղ­կուն նոր շրջան մը եւ անոր առա­քելու­թիւնը ար­գա­սաւո­րուի նոր ձեռքբե­րումնե­րով՝ ի պայ­ծա­ռու­թիւն մեր սուրբ Եկե­ղեց­ւոյ եւ ի շահ մե­րազն ժո­ղովուրդին։

Տէ­րը ան­սա­սան պա­հէ Պոլ­սոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քութիւ­նը եւ իր Սուրբ Հո­գին ան­պա­կաս ընէ մե­րազն հա­ւատա­ցեալ ժո­ղովուրդի վրա­յէն» ըսաւ Արամ Ար­քե­պիս­կո­պոս Աթէ­շեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ