ՔՈՒՐԹՈՒԼՈՒՇԻ ՓՈՂՈՑՆԵՐԸ

Քուրթուլուշի Փողոցները

Եկեղեցիներու նստարանները նստելու համար չեն

ՆՈՒՊԱՐ ՖԵՆԵՔԵԱՆ

Խոստովանիմ որ շատ անգամ թոռանս միջոցաւ տեղեակ կ՚ըլլամ զանազան անցուդարձներէ։ Այս անգամ ալ նոյնը պատահեցաւ։ Ինք էր, որ ցոյց տուաւ ընկերային ցանցերու մէջ օրակարգ զբաղեցնող նոր լուր մը։ Վերջերս կարգ մը մզկիթներու մէջ սկսած են նստարաններ տեղադրել յատկապէս օգնական ըլլալու համար տարեց հաւատացեալներուն։ Սակայն այս զարգացումը մեծ անհանգստութիւն պատճառած է կարգ մը մոլեռանդ շրջանակներու մօտ։ Նոյնիսկ տեսայ թէ թերթերէն մէկը գործածած էր «Վերջ մզկիթներէ ներս նստարանի խայտառակութեան» խորագիրը։ Այս ըսողները կը պնդէին թէ կատարուածը քրիստոնեայ եկեղեցիներուն յատուկ երեւոյթ է։ Արդարեւ նստարան տեղադրելով մզկիթներն ալ պիտի նմանին եկեղեցիի։ Այդ ընդվզումը տեսնելով ակամայ մտածեցի, թէ «Եկէք դուք այդ նստարանները մէյմն ալ մեզի հարցուցէք»։

Եթէ ունիմ մահմետականն ընթերցողներ նախ թող իմանան, որ մեր եկեղեցիներուն մէջ հազիւ արարողութեան մէկ տասներորդի ընթացքին նստիլ կարելի է։ Շատերս նոյնիսկ չենք գիտեր, թէ երբ պէտք է նստինք եւ երբ ոտքի կենանք։ Շատ անգամ պատարագիչը կը զգուշացնէ, ըսելով թէ «Հիմա կրնանք նստիլ»։ Ես իմ հաշւոյնս ընդհանրապէս կը հետեւիմ այս կարգ ու կանոնը գիտցող մէկու մը շարժումներուն եւ եթէ ինք նստած է ես ալ կը նստիմ։ Որովհետեւ ժամանակի ընթացքին անդրադարձայ որ շատ անգամ ալ անիմաստ տեղը ոստքի կանգնած կը մնանք։ Վերջապէս անցեալները մեծ աղջիկս Վաղարշակ Սերովբեանի ղրկած գիրքը բերաւ, այդ կարդալով աւելի լաւ պիտի սորվիմ կարգ ու կանոնը։

Գալով պատրիարքի ընտրութեան խնդրին, կը տեսնեմ, որ կատարուած ընտրութիւնը անարդար գտնողներու բարկութիւնը տակաւին չէ հանդարտած։ Իրականութեան մէջ ըսելիք շատ բան ալ չունիմ։ Իսկապէս ալ միւս թեկնածուներու իրաւունքը խլեցին։ Մինչեւ վերջ անստոյգ մնաց ընտրողներու ընդհանուր թիւը։

Այս շաբաթուայ իրադարձութիւններէն մէկն ալ Կրօնական Ժողովի դիւանի կազմութիւնն է։ Հայր Թաթուլ Անուշեան, թէ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ, թէ Լուսարարապետ եւ թէ Դիւանապետ նշանակուեցաւ։ Նկատի ունենալով, որ պատգամաւորներու ընտրութեան ընթացքին ամենաշատ ձայներ ստացողը ինքն էր, հետեւաբար այս պաշտօնակոչումն ալ կ՚երեւի թէ տեղին է։ Բայց կը լսեմ, որ Կրօնական Ժողովի կազմէն դուրս մնացողներն ալ բաւական վիրաւորուած են։ Նոյնիսկ անոնցմէ մէկը մտադիր եղեր է երկիրը լքել հեռանալու։

Հետաքրքրական զարգացում մը եւս։ Իսթանպուլի քաղաքապետարանը նոր ձեռնարկութեան մը կը դիմէ քաղաքապետարանի մէջ հաստատելով «Հաւատքներու Սեղան» մը։ Հայոց Պատրիարքարանը այդ սեղանի վրայ պիտի ներկայացնէ Տէր Զաքար քահանայ Քոփարեան։ Յոյն եւ հրեայ հոգեւորականներ ալ նշանակուած են, բայց կարծես տակաւին ոչ մէկը գիտէ թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ իր հիմնական պաշտօնը։

Ու վերջապէս լուր մըն ալ նոր հաստատուած Կանոնակարգի մասին։ Ասկէ ետք եկեղեցիներու մէջ պիտի գտնուի պաշտօնեայ մը, որուն գլխաւոր պարտականութիւնն է իրենց ծնողներով եկեղեցի եկած երախաներուն հսկել։ Սակայն եկեղեցւոյ այս պաշտօնեան հոգեւորական մը պիտի չըլլայ եւ նախընտրաբար կին պիտի ըլլայ եղեր։ Ինչեւիցէ, այս շաբաթուան համար առայժմ այսքան։