ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ո՞ւր էինք մնացած

Պատ­րիար­քի ընտրու­թեան, չընտրու­թեան, մի­լիթան հասցնե­լու բամ­բա­սանքնե­րուն, ամա­նորի տաղտկնու­կի մէջ պէտք չէ աչ­քէ հե­ռու պա­հել չա­րամիտ­նե­րու դի­տումնա­ւոր զրպար­տութիւննե­րը։

Վեր­ջերս «Աք­շամ» թեր­թի յօ­դուա­ծագիր Էմին Փա­զար­ճըի «Արաս» հրա­տարակ­չութիւ­նը թի­րախ դարձնող գրու­թիւնը կա­րելի չէ ան­տե­սել եւ մա­նաւանդ ան­պա­տաս­խան թո­ղուլ։

Փա­զար­ճը, իր այդ չա­րամիտ յօ­դուա­ծով նախ կը նկա­րագ­րէ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին Թուրքիոյ հաս­ցէագ­րո­ւած ար­տերկրեայ մե­ղադ­րանքնե­րը, ապա զգօն ըլ­լա­լու կոչ կ՚ընէ ներ­սէն հա­րուա­ծող­նե­րու մա­սին։

«Ներ­սէն հա­րուա­ծել» բա­ցատ­րութիւ­նը կը բե­րէ մատ­նա­ցոյց ընե­լով թրքա­հայ նօս­րա­ցած հա­մայնքը։ Իրա­կանու­թեան մէջ ան այս մեր­ձեցման ռահ­վի­րան չէ, այլ հան­րա­պետու­թեան հիմ­նարկու­թեան տա­րինե­րուն եփած ապու­րի մը վեր­ջին պնա­կալէ­զը։ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ տա­րագ­րութեան մնա­ցոր­դա­ցը, այ­սինքն երկրի ոչ իս­լամ բնակ­չութիւ­նը թուրք ազ­գայնա­կան­նե­րու կող­մէ դեռ պե­տու­թեան հիմ­նադրման տա­րինե­րուն «Հին­գե­րորդ թեւ» անո­ւանո­ւած էր, ներ­քին թշնա­միի իմաս­տով։ Էմին Փա­զար­ճը ահա այդ ապու­րէն մնա­ցածն է որ կը լի­զէ հո­տած պնա­կի ընդմէ­ջէն։

Նա­խապէս զա­նազան առիթ­նե­րով անդրա­դար­ձած ենք «Արաս» հրա­տարակ­չա­տան առա­քելու­թեան։ Ան ցայ­սօր հրա­տարա­կած գիր­քե­րով Թուրքիոյ հա­սարա­կու­թեան կը ներ­կա­յաց­նէ զգու­շօ­րէն քօ­ղար­կո­ւած իրա­կանու­թիւն մը։ Թուրքիոյ հան­րա­պետու­թեան իբ­րեւ պե­տական քա­ղաքա­կանու­թիւն որ­դեգրած պատ­մութիւ­նը ու­րա­նալու, ժխտե­լու ռազ­մա­վարու­թեան դէմ հրա­տարակ­չութեան մի­ջոցաւ պայ­քար մըն է այս ազ­գա­յին հաս­տա­տու­թեան կա­տարա­ծը։ Այդ աշ­խա­տան­քը ալ աւե­լի կա­րեւոր իմաստ կը ստա­նայ երբ երկրի հա­յու­թիւնը այ­լեւս վճռած է հրա­պարա­կել իր պա­հան­ջա­տիրու­թիւնը։

Սոյն պա­հան­ջա­տիրու­թեան եր­կու կա­րեւոր դրսե­ւորումներն են «Արաս»ի հիմ­նադրու­թիւնը եւ «Ակօս»ի հրա­տարա­կու­թիւնը։ Թրքա­հայու­թիւնը այս եր­կու նա­խաձեռ­նութիւ­նով փոր­ձեց իր ձայ­նը լսե­լի դարձնել Թուրքիոյ հա­սարա­կու­թեան։ Սա ինքնին յան­դուգն քայլ էր թէ ներ­հա­մայնքա­յին եւ թէ երկրի ընդհա­նուր հա­մոզումնե­րու դէմ։ Յա­րատեւ ճնշումնե­րուն իբր հե­տեւանք, հա­յը եր­կար տա­րիներ իր ապա­հովու­թիւնը կա­պած էր ան­տե­սանե­լի ըլ­լա­լու մա­շեց­նող ռազ­մա­վարու­թեան։ Քա­նի կծկուէր իր պա­տեանին մէջ, այնքան ապա­հով ըլ­լալ պի­տի կար­ծեր։ Թէեւ իշ­խող մտայ­նութիւ­նը, քա­նի մը տա­րինե­րու հեր­թա­կանու­թեամբ բա­զում ան­գամներ այդ պա­տեանի մէջ իսկ հա­յուն տան­ջեց զա­նազան եղա­նակ­նե­րով։

1990-ական­նե­րու կէ­սին, ար­դէն իսկ բա­ժակը յոր­դած էր եւ պատ­րիար­քա­րանի ու հա­մայնքա­յին վա­րիչ­նե­րու ամօ­թալի լռու­թեան դի­մաց, մտա­ւորա­կան­նե­րու ստո­ւար հա­տուած մը որո­շեց ձայն բարձրաց­նել, ազ­գին ար­ժա­նապա­տուու­թիւնը բարձր պա­հելու մտա­հոգու­թեամբ։

Ող­ջա­միտ մար­դիկ գի­տեն թէ ոչ Արաս եւ ոչ ալ Ակօս իրենց հրա­տարա­կու­թիւննե­րով թշնա­մանք չեն ստեղ­ծեր։ Ընդհա­կառակ անոնք ստեղ­ծո­ւած թշնա­ման­քի դէմ է որ կը պայ­քա­րին։

Բնա­կանա­բար բա­րի միտ­քը սպառ­նա­լիք է չա­րամիտ­նե­րուն հա­մար։ Իսկ այս տո­ղերը կը գրո­ւին զգօ­նու­թեան հրա­ւիրե­լու բո­լոր անոնք, որոնք վա­ղը կրնան ըսել «Ասոնք ալ շատ կը խօ­սէին»։

Փոր­ձով գի­տենք, շատ ան­գամներ լսած ենք այս դժբախտ չքմե­ղան­քը։ Պատ­մութե­նէն գի­տենք, հե­տեւա­բար չմոռ­նանք թէ սա­կաւա­թիւ հայ հա­մայնքն ալ իր կար­գին ու­նե­ցած է եւ այ­սօր ալ ու­նի սե­փական «հին­գե­րորդ թեւ» մը, որուն ամօ­թալի պատ­մութիւ­նը զգու­շօ­րէն քօ­ղար­կո­ւած է ներ­համայնքային բազմաբնոյթ լծակներով։