Լուսաբանութիւն «Աքշամ» Թերթի 2 Յունուար 2020 Թուակիր Հարցազրոյցի Մասին

2Յունուար 2020 թուակիր Թրքական «Աքշամ» Թերթը հրապարակած էր Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հետ կատարուած հարցազրոյց մը, որուն մէջ արտայայտուած մի քանի նախադասութիւն որոշ ընկերային ցանցերու եւ այլ հաղորդամիջոցներու կողմէ ամենէն բացասական մեկնաբանութիւններով եւ հասկացողութեան սահմանները չափազանցելով հասած են զԻնք մրոտելու ուղղեալ արշաւի մը, զոր ափսոսանքով կը դիմաւորենք։

Մօտաւորապէս քառասուն վայրկեան տեւող հարցազրոյցը կը պարունակէր լայնածաւալ բացատրութիւններ ու մանրամասնութիւններ, որոնք բնականօրէն գրութեան մէջ տեղ չեն գտած։ Թերթին մէջ լոյս տեսած խօսքերը զտուած են այն բացատրութիւններէն, զորս տրուած էին ի պատասխան մասնաւոր հարցումի մը։ Սոյն ոճը խմբագրի ընտրութիւնը եղած է։ Առանց հարցումները նկատի ունենալու, երբ միայն պատասխանները տեղի կ՚ունենանք կը պատահին իմաստի սահումներ, որովհետեւ զետեղուած են խօսքերը իրարայաջորդ ձեւով՝ ետեւէ ետեւ։ Այս պարագային անոնք կը վերածուին անյստակ ասոյթներու եւ ձախորդ արտայայտութիւններու, որոնք կ՚իմաստազրկեն փոխանցուած գաղափարը։

Սփիւռքի եւ Թրքահայութեան յարաբերութեան մասին ուղղուած հարցումին տրուած է հետեւեալ պատասխանը. «Թուրքիոյ հայերը ի տարբերութիւն Սփիւռքի եւ Հայաստանի հայերէն, կը կազմեն երրորդ հատուած մը։ Վարչական եւ տնտեսական տեսակէտէ հայկական սփիւռքը մեզի հետ կապ չունի. մենք ինքնաբաւ ենք»։

Երբ Նորին Ամենապատուութեան հարցուեցաւ Սփիւռքահայերու անհաշտ մերձեցումը Թուրքիոյ դէմ եւ իրենց բացասական կեցուածքի պատճառները, տրուած պատասխանը չի պատկանիր Նորին Ամենապատուութեան, այլ՝ պարզ ընկերաբանական ճշդում մըն է ամենուն ծանօթ՝ հետեւեալ ձեւով արտայայտուած. «100 տարի առաջ մեծ ողբերգութիւններով այս հողերէն մեկնող այս մարդիկը իրենց ապրած հոգեցնցումը ապագայ սերունդներուն փոխանցած եւ անդրադարձած են որ հայոց ինքնութեան եւ պահպանման համար օգտակար եւ անհրաժեշտ է կառուցել ցեղասպանութեան գիտակցութիւն մը։ Անոնք հարիւր տարիէ ի վեր կը շարունակեն ապրիլ Թուրքիայէն եւ Թուրքերէն հեռու գոյավիճակի մը մէջ։ Իսկ մենք՝ Թուրքիա մնացած հայերս շարունակեցինք մեր կեանքը բաժնել Թուրքերուն հետ այս հողերուն վրայ եւ միասին ապրելու փորձառութիւն մը ձեռք բերինք։ Այս առումով մենք իւրայատուկ հայեր ենք հայ աշխարհի մէջ»։

Նման գերզգայուն նիւթերու շուրջ մարդոց առաջնահերթութիւնը եղած է, թէ անոնք լսեն միշտ իրենց ուզածը եւ, ո՛չ թէ Թրքահայոց պատրիարքները ի՚նչ կ՚ըսեն եւ ինչպիսի պայմաններու ներքեւ։ Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքներուն վիճակուած է երբեք չհալող երկու խոշոր սառակոյտերու միջեւ ճզմուող նաւու մը նաւապետը ըլլալ։ Այս դրութեան մէջ միշտ կարելի չըլլար ներդաշնակութիւնը ապահովել եւ տեղի կ՚ունենան կողմերէն մէկուն սխալ թուող վրիպումներ։ Սահակ Պատրիարք հայրը եւս, իր նախորդներուն նման հայկական հարցի շուրջ բոլոր կողմերը գոհ ձգելիք կատարեալ պատասխաններ տալ փորձած է։ Երբեք ընդունելի չէ որեւէ կողմի նկատմամբ մերժողական ու աննկատ թողելու կեցուածք։ Իւրաքանչիւր անհատի կը վիճակի նախ ուղիղ ըմբռնել, թէ իրականին մէջ ինչեր արտայայտուած են արտասանուած խօսքերով եւ ապա քննադատել։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ