Պիտի շարունակենք արդարութիւն պահանջել

ՕՍՄԱՆ ՔԱՒԱԼԱ

 

«Ակօս»ի թանկագին ընթերցողներ, այս տարի, 19 Յունուարին երրորդ անգամ ըլլալով «Ակօս»ի դրան առջեւ պիտի չկարենամ մէկտեղուիլ Հրանդի ընկերներուն հետ։ Այդ օր զինք պիտի յիշատակեմ ճայերով նկարուած պատկերը յիշելով եւ գլխուս վերեւ թռչող ճայերը դիտելով։

Հրանդը յիշատակել կը նշանակէ մարդ արարածի իր տեսակին, համաերկրացիին հանդէպ որքան դիւրաւ չարիք գործելու կարողութիւն ունենալուն դառն ճշմարտութեան հետ առերեսուիլ։ Բայց Հրանդը մտածել, մեր ապրածներուն հանդուրժելու, յոյսով դիմադրելու համար ուժ ալ կը ներշնչէ։

Ես ու իմ նման անիրաւուած կերպով բանտարկուածներս որոշ ժամանակի համար զրկուեցանք մեր ազատութենէն։ Հրանդ գրածներուն կամ խօսածներուն պատճառաւ կեանքը կորսնցուց։ Որքան ատեն որ կենդանի ենք, անհատաբար կամ միասնաբար արդարութիւն պահանջելու եւ յուսադրուելու առիթը պիտի ունենանք։ Անհատաբար կամ միասնաբար Հրանդի համար, այս երկրի սպաննուած պատուաւոր մարդկանց համար պիտի շարունակենք արդարութիւն պահանջել։ Կը մաղթեմ թէ 2020 տարեթիւին ալ աւելի սրուին մեր յոյսերը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ