Խոստացած ենք Հրանդին, մեր ճիտին պարտքն է վէրքերուն գիտակցիլ ու սպիացնել


Հրանդ Տին­­­քի սպա­­­նու­­­թեան 13-րդ տա­­­րելի­­­ցի մի­­­ջոցա­­­ռու­­­մը կա­­­յացաւ ոճի­­­րի գոր­­­ծադրո­­­ւած ժա­­­մուն՝ 15։05-ին խուռնե­­­րամ բազ­­­մութեան մը մաս­­­նակցու­­­թեամբ կա­­­տարո­­­ւած յար­­­գանքի լռու­­­թեամբ։ Ոգե­­­կոչ­­­ման մաս­­­նակցած էին Հան­­­րա­­­­­­­պետա­­­կան կու­­­սակցու­­­թեան պատ­­­գա­­­­­­­մաւոր­­­ներ Սեզ­­­կին Թան­­­րը­­­­­­­քու­­­լու, Ալի Շե­­­քեր, Ժո­­­ղովուրդնե­­­րու Ժո­­­ղովրդա­­­կան կու­­­սակցու­­­թե­­­­­­­նէն Էրոլ Քա­­­թըր­­­ճըօղ­­­լու, Օյա Էր­­­սոյ, Կա­­­րօ Փայ­­­լան, Մու­­­սա Փի­­­րօղ­­­լու, նախ­­­կին պատ­­­գա­­­­­­­մաւոր Սըր­­­րը Սիւ­­­րէյյա Էօն­­­տէր եւ եր­­­բեմնի ԱՆԱՓ կու­­­սակցու­­­թեան նախ­­­կին պատ­­­գա­­­­­­­մաւոր Նես­­­րին Նաս։ Հան­­­րա­­­­­­­պետա­­­կան կու­­­սակցու­­­թեան Իս­­­թանպու­­­լի վա­­­րիչ Ճա­­­նան Գաֆ­­­թանճըօղ­­­լո­­­­­­­ւի կող­­­քին բազ­­­մա­­­­­­­թիւ քա­­­ղաքա­­­կան գոր­­­ծիչներ, Հա­­­սարա­­­կական կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւննե­­­րու ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչներ եւս բե­­­րին իրենց մաս­­­նակցու­­­թիւնը։ Զան­­­գո­­­­­­­ւածը վան­­­կարկեց «Հրան­­­դի հա­­­մար, ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան հա­­­մար», «Այս դա­­­տը չա­­­ւար­­­տիր մին­­­չեւ մենք չը­­­սենք» եւ այլ ծա­­­նօթ կար­­­գա­­­­­­­խօս­­­նե­­­­­­­րով։

Աւան­­­դա­­­­­­­բար պատշգամ­­­բէն ար­­­տա­­­­­­­սանո­­­ւած ճա­­­ռերու առա­­­ջինը կա­­­յացաւ 1994-ին սպան­­­նո­­­­­­­ւած Եու­­­սուֆ Էքին­­­ճիի որդւոյն՝ Սէր­­­թաչ Էքին­­­ճիի կող­­­մէ, որուն պատճէնը տեղադրուած է հայերէն երրորդ էջին վրայ։

Ապա ելոյթ ու­­­նե­­­­­­­ցաւ Մար­­­դու իրա­­­ւունքնե­­­րու հիմ­­­նարկի նա­­­խագահ, արար­­­դա­­­­­­­տական բժիշկ, Փրոֆ, Շեպ­­­նեմ Քո­­­րուր Ֆին­­­ճանճը, որուն ելոյ­­­թը նոյնպէս կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նենք ստո­­­րեւ։

«Սի­­­րելի բա­­­րեկամ­­­ներ,

Հրանդ աղ­­­բա­­­­­­­րիկին այդ հրա­­­շալի ըն­­­տա­­­­­­­նիքը, «Մա­­­նուկ մը ոճ­­­րա­­­­­­­գոր­­­ծի վե­­­րածող խա­­­ւար»ին հետ հա­­­շիւ տես­­­նող սի­­­րելի Ռա­­­քէլ Տինք, սի­­­րելի Հրան­­­դին ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան պայ­­­քա­­­­­­­րը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կող սի­­­րելի զա­­­ւակ­­­նե­­­­­­­րը, ըն­­­կերնե­­­րը։

Պրեխ­­­տի խօս­­­քե­­­­­­­րով չա­­­րիքի դէմ ատե­­­լու­­­թիւնով կը տգե­­­ղանայ մար­­­դու դէմ­­­քը։ Անար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան դէմ բո­­­ղոքը ձայ­­­նը կը կոշ­­­տացնէ։ Սա անցնող 13 տա­­­րինե­­­րու ըն­­­թացքին ոճի­­­րին յայտնի հե­­­ղինակ­­­նե­­­­­­­րը քօ­­­ղար­­­կող պե­­­տու­­­թեան դէմ բո­­­ղոքե­­­լը կը կոշ­­­տացնէ՞ մեր ձայ­­­նե­­­­­­­րը։ Ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան պայ­­­քա­­­­­­­րը ինքնին, ճնշո­­­ւած­­­նե­­­­­­­րուն զօ­­­րակ­­­ցութեամբ մի­­­թէ նրբու­­­թիւն չէ՞։

Բազ­­­մա­­­­­­­հազար­­­նե­­­­­­­րով ժո­­­ղովուրդի հե­­­ղեղան­­­ման եր­­­թը, հոն հնչող «Բո­­­լորս Հրանդ ենք, բո­­­լորս հայ են­­­քէ կար­­­գա­­­­­­­խօսը կա­­­րելի՞ է կոպ­­­տութիւն հա­­­մարել։ Հրան­­­դի ըն­­­կերնե­­­րը 13 տա­­­րինե­­­րէ ի վեր իրո­­­ղու­­­թիւնը մեր­­­ժող, ու­­­րա­­­­­­­ցող­­­նե­­­­­­­րու դէմ պայ­­­քա­­­­­­­րը կը խորհրդան­­­շէ։ Իրո­­­ղու­­­թեան, ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան պա­­­հան­­­ջը չէ դադ­­­րած եւ չի դադ­­­րիր ալ։ Շա­­­բաթօ­­­րեայ մայ­­­րե­­­­­­­րը հրա­­­պարակ­­­նե­­­­­­­րէն թէ­­­կուզ հե­­­ռաց­­­նեն, իրո­­­ղու­­­թիւնը հրա­­­պարա­­­կող­­­նե­­­­­­­րը թէ­­­կուզ բան­­­տարկեն, հա­­­կամարդկա­­­յին յան­­­ցա­­­­­­­գոր­­­ծութիւննե­­­րով թէ­­­կուզ ճնշեն, ինչպէս Հրանդ չէր հրա­­­ժարած իրո­­­ղու­­­թիւնը հրա­­­պարա­­­կելէ, մենք ալ պի­­­տի չհրա­­­ժարինք։ Մե­­­րը չա­­­րիքի դէմ ատե­­­լու­­­թիւն չէ լոկ, այլ ան­­­վերջա­­­նալի պայ­­­քար մը։ Մար­­­դիկ թող չհա­­­մակեր­­­պին չա­­­րիքի սո­­­վորու­­­թեան վե­­­րածո­­­ւելուն։ Թող պայ­­­քա­­­­­­­րին իրա­­­ւունքնե­­­րուն հա­­­մար, առանց հա­­­մակեր­­­պե­­­­­­­լու իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան։

Ու­­­ղիղ 13 տա­­­րի առաջ 18 Յու­­­նո­­­­­­­ւարի երե­­­կոյեան ընթրի­­­քի սե­­­ղանի մը շուրջ մէկ­­­տե­­­­­­­ղուած էինք Մար­­­դու Իրա­­­ւունքնե­­­րու Հիմ­­­նարկի նա­­­խագահ իմ սի­­­րելի եղ­­­բօր Եաւուզ Էօնէ­­­նի հետ։ Երազ­­­ներ ու­­­նէինք։ Մէկ կող­­­մէ ինստի­­­տուտ մը հիմ­­­նե­­­­­­­լով իրա­­­ւունքնե­­­րու ոտ­­­նա­­­­­­­կոխ­­­ման ազ­­­դե­­­­­­­ցիկ մի­­­ջոց­­­նե­­­­­­­րով հար­­­ցաքննուիլը, փաս­­­տո­­­­­­­ւիլը ապա­­­հովե­­­լու հա­­­մար դա­­­սըն­­­թացքներ կը ծրագ­­­րէինք, անոնք ալ թրաու­­­մա եւ մար­­­դու իրա­­­ւունքնե­­­րու ինստի­­­տու­­­տի մա­­­սին մեր երա­­­զան­­­քը բաժ­­­նած էին։

Ապա 19 Յու­­­նո­­­­­­­ւար ժա­­­մը 3,05-ին ժա­­­մանա­­­կը կանգ առաւ բո­­­լորիս հա­­­մար։ Շո­­­ւարած էինք, միատեղ հիւ­­­սուած երազ­­­նե­­­­­­­րով դեռ կը բա­­­բախէր մեր սիր­­­տե­­­­­­­րը... Եր­­­բեք չհրա­­­ժարե­­­ցանք այդ երազ­­­նե­­­­­­­րէն, քայլ առա քայլ յա­­­ռաջա­­­ցանք այդ ուղղու­­­թեամբ։

Որով­­­հե­­­­­­­տեւ այս հո­­­ղերու վէր­­­քը եր­­­բեք չսպիացաւ։ Ոչ թէ չսպիացաւ, այլ դա­­­տապար­­­տո­­­­­­­ւեցան այդ վէր­­­քը ամէն օր կրկին արիւ­­­նող պե­­­տական իշ­­­խա­­­­­­­նութեան մը։ Տա­­­կաւին քա­­­նի մը օր առաջ քաղ­­­դէացի ամու­­­սիններ ան­­­յայտ կո­­­րան։ Ասո­­­րեցո­­­ւոց Մօր Եագուպ եկե­­­ղեց­­­ւոյ հո­­­վիւ Ախօ բեր­­­ման են­­­թարկո­­­ւեցաւ։

Կո­­­տորե­­­լով, անա­­­պատ­­­ներ ղրկե­­­լով չգո­­­հացաւ, Թուրքիոյ հա­­­յերը ամէն օր աղաւ­­­նիի մը սար­­­սա­­­­­­­փով ապ­­­րին ըսե­­­լով ամէն ջանք գոր­­­ծադրեց Թուրքիոյ պե­­­տու­­­թիւնը։ Ապ­­­րած թա­­­ղերու անուննե­­­րը «Պոզ­­­քուրդ», փո­­­ղոցը «Էր­­­կե­­­­­­­նեքոն», դպրոց­­­նին «Թա­­­լաթ Փա­­­շա» կո­­­չեցին։ Ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թիւնը Օս­­­մա­­­­­­­նեան կայսրու­­­թեան, իսկ ոճի­­­րը պա­­­տուե­­­լը Թուրքիոյ Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան վի­­­ճակե­­­ցաւ։ Միատեղ ապ­­­րի­­­­­­­լը, բազ­­­մա­­­­­­­լեզու, բազ­­­մամշա­­­կոյթ դառ­­­նա­­­­­­­լը չենք յա­­­ջողած, աւե­­­լին չենք ամչցած մեր իսկ ստեղ­­­ծած խա­­­ւարէն։ Երբ հեր­­­թը հա­­­սաւ քիւրտե­­­րուն, հրե­­­տանիով ծակծկած պա­­­տերուն վրայ ատե­­­լու­­­թիւն գրեց պե­­­տու­­­թեան պաշ­­­տօ­­­­­­­նեան։

Քա­­­նի չենք յա­­­ջողիր առե­­­րեսո­­­ւելու, չենք դար­­­մա­­­­­­­ներ վէր­­­քե­­­­­­­րը, ամէն նոր օր պի­­­տի բա­­­ցուի նոր վէր­­­քե­­­­­­­րով, նոր այ­­­լա­­­­­­­մեր­­­ժութիւննե­­­րով։ Խոս­­­տա­­­­­­­ցած ենք Հրան­­­դին, պի­­­տի գի­­­տակ­­­ցինք վէր­­­քե­­­­­­­րուն ու պի­­­տի դար­­­մա­­­­­­­նենք։ Երբ հաս­­­նի առե­­­րես­­­ման պա­­­հը, երբ փոք­­­րիկ Eichmann-ներ երբ պնդեն թէ միայն ու միայն հրա­­­հանգնե­­­րը գոր­­­ծադրած են, ուշ չէ ամա­­­չելու հա­­­մար։ Պար­­­տա­­­­­­­ւոր ենք չա­­­րիքը ճանչնա­­­լու եւ հե­­­ղինակ­­­նե­­­­­­­րը մի առ մի հրա­­­պարա­­­կելու։ Հրան­­­դի հա­­­մար, ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան հա­­­մար։

Սի­­­րելի Եըլ­­­տը­­­­­­­րըմ Թիւրքեր իր պար­­­տէ­­­­­­­զի ան­­­կիւննե­­­րէն քա­­­ղած առա­­­ջին գրութեան մէջ «Կեան­­­քը պաշտպա­­­նելու հա­­­մար ընդմիշտ չա­­­րիքի հետ խնդիր ու­­­նե­­­­­­­նալը, ժա­­­մանա­­­կի ըն­­­թացքին կրնայ կու­­­րացնել մար­­­դու հո­­­գին։ Ինչպէս որ եր­­­կար ժա­­­մանակ խա­­­ւարի մէջ մնա­­­ցած մէ­­­կը կրնայ կու­­­րա­­­­­­­նալ յան­­­կարծ լոյ­­­սի ել­­­լե­­­­­­­լով» կ՚ըսէ՝ բայց այս խա­­­ւարի մէջ բա­­­րիքը զա­­­նազա­­­նելու հա­­­մար պայ­­­ման է Սա­­­րամա­­­կոյի Կոյ­­­րե­­­­­­­րու երկրին մէջ տես­­­նող աչք ըլ­­­լալ։ Տես­­­նել ու ցոյց տալ իրո­­­ղու­­­թիւնը..

Հոս ենք, չենք դադրած աղբարիկ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ