ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱՏԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑԸ

Քանի մը ամիս անցած էր Վանի երկրաշարժի վրայէն։ Էօզճան Եուրտալան Ղալաթիոյ լուսանկարչատան մէջ աշխատութիւններու սկսած էր Վան, զրկանքներու մէջ ապրող երախաներու համար կազմակերպելիք լուսանկարչական աշխատանոցին համար։ Աշխատանոցին ուսուցչութիւն ընելու համար կամաւոր լուսանկարիչներով կայացած ժողովներէն մէկուն մեզի գաղտնիքներ փոխանցեց երախաները, այս նիւթին մօտեցնելու համար։ Ասեղի ծակով տեսախցիկ եւ քալէյտոսքոփի շինութեան մասին բացատրութիւններ տուաւ։ Բոլորս ալ տպաւորուած էինք Էօզճանի շուտափոյթ արտադրած նախափորձերը տեսնելով։ Բոլորս փորձել ուզած էինք։ Իսթանպուլի իմ առաջին շրջաններուն նկարած այս գործը երբ որ տեսնեմ կը յիշեմ Ղամիշլիի մանկութեան տարիներս եւ առաջին քալէյտոսքոփս։

Հազիւ 5-6 տարեկան էի, երբ առաջին անգամ քալէյտոսքոփով մը դիտեցի պայծառ երկինքը։ Քալէյտոսքոփ, որ կ՚ըսեմ իրականութեան մէջ խաւաքարտէ սարքուած երկու ծայրերուն ձուաձեւ թափանցիկ փլասթիքներ տեղադրուած, մէջն ալ աժան ժելաթին թուղթի փշրանքներ դրուած պարզ թիւփ մըն էր։ Տարիներ անց Թորոնթոյի ճափոնական խանութի մը մէջ հանդիպելով փոքրիկ աղջնակի մը նուիրելու համար գնած իրական քալէյտոսքոփի նախնական մէկ օրինակն էր պարզապէս։ Մեր թաղի նպարավաճառէն գնած էի։ Իմ մանկութեան Ղամիշլիի նպարավաճառները ամէն մէկը ինծի համար նորութիւն համարուող զանազան հետաքրքրական իրերով լեցուն էին։ Շատ բաներ առաջին անգամ այդ նպարավաճառներու մօտ տեսած եմ։ Քարեգնդակներ, հոլեր «սինէմայի հեռադիտակ» կոչուած View-Master մակնիշով սթերէոսքոփներ աժան ծամոններէն ելլող Թարզանի, Հերքիւլի ֆիլմերուն պատկանող նկարներ…։

Երանելի օրեր էին։ Շատ լաւ լուսանկարներու եւ քարեգնդակներու հաւաքածոյ ունէին։ Բայց քալէյտոսքոփը ուրիշ էր։ Այդ թիւփէն ներս նայելով ընդմիշտ փոխուող գոյները ու ձեւերը դիտելը արտակարգ հաճոյք մը դարձած էր։ Այդ կախարդական թիւփը քանի մը օր ձեռքէս վար չէի դրած։ Երբեմն արտօնած էի, որ իմ լաւագոյն ընկերները Պետիկ եւ Հրայրն ալ մերթ ընդ մերթ դիտեն։

Խոստովանիմ որ քալէյտոսքոփի կախարդանքին պատճառած այդ առաջին ոգեւորութիւնը մինչեւ օրս վառ մնացած է։ Երանի թէ այս երեւոյթը կարենայի բացատրել իմ մէջ միշտ վառ մնացած մանկութիւնով։ Բայց գիտեմ բուն պատճառը տարբեր է, քալէյտոսքոփ մանուկներու չափ չափահասներն ալ զգլխեցնող յատկութիւն ունի։ 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ