Բագրատ Էսդուգեան Լոս Անճելըսի մէջ

ՏՈՔԹ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

«Գեղարդ» կայք էջէն

 

Պոլիսը քանի մը դար իրա­­­ւամբ նկա­­­տուած է արեւմտա­­­հայու­­­թեան իւ­­­րա­­­­­­­յատուկ մայ­­­րա­­­­­­­քաղա­­­քը։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ, բուն Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մէջ տի­­­րող քա­­­ղաքա­­­կան եւ ռազ­­­մա­­­­­­­կան ան­­­բա­­­­­­­րեն­­­պաստ պայ­­­մաննե­­­րու բե­­­րու­­­մով, Բիւ­­­զանդա­­­կան Կայսրու­­­թեան մայ­­­րա­­­­­­­քաղա­­­քը՝ Կոս­­­տանդնու­­­պո­­­­­­­լիսը 5-րդ դա­­­րէն սկսած էր դառ­­­նալ խո­­­շորա­­­գոյն կեդ­­­րոն մը նաեւ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի հա­­­մար։ Հայ հո­­­գեւո­­­րական­­­ներ, քա­­­ղաքա­­­կան գոր­­­ծիչներ, ռազ­­­մա­­­­­­­կան դէմ­­­քեր, մին­­­չեւ իսկ հայ նա­­­խարա­­­րական ըն­­­տա­­­­­­­նիք­­­ներ սկսեր էին փայ­­­լիլ տիեզե­­­րական այս երկրորդ ոս­­­տա­­­­­­­նին մէջ։

1453-էն ետք, երբ Պո­­­լիսը ան­­­ցաւ օս­­­մանցի թուրքե­­­րու տի­­­րապե­­­տու­­­թեան տակ, հա­­­յեր շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեցին հոն ապ­­­րիլ ու գո­­­յատե­­­ւել։ 1461 թո­­­ւակա­­­նին ստեղ­­­ծուեցաւ Պոլ­­­սոյ հա­­­յոց պատ­­­րիար­­­քութիւ­­­նը, իսկ 18-19-րդ դա­­­րերուն Պո­­­լիսը դար­­­ձաւ արեւմտա­­­հայու­­­թեան ազ­­­գա­­­­­­­յին, կրօ­­­նական, մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին, կրթա­­­կան եւ, ան­­­շուշտ, տնտե­­­սական կեդ­­­րո­­­­­­­նը։ Ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թիւնը թէեւ ու­­­ժեղ հա­­­րուած հաս­­­ցուց հայ ժո­­­ղովուրդին, բայց հա­­­յու­­­թիւնը չվե­­­րացաւ Պոլ­­­սոյ երկնա­­­կամա­­­րէն եւ յա­­­մառօ­­­րէն շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեց հին աւան­­­դութիւննե­­­րը, հա­­­կառակ Թուրքիոյ Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան զա­­­նազան ճնշումնե­­­րուն եւ հա­­­լածանքնե­­­րուն։ Վեր­­­ջին տաս­­­նա­­­­­­­մեակ­­­նե­­­­­­­րուն պոլ­­­սա­­­­­­­հայ բա­­­զում մտա­­­ւորա­­­կան­­­ներ գոր­­­ծունէու­­­թիւն ծա­­­ւալե­­­ցին։ Այդ շար­­­քին ամէ­­­նէն աչ­­­քա­­­­­­­ռու մտա­­­ւորա­­­կան­­­նե­­­­­­­րէն են Հրանդ Տինքն ու անոր զի­­­նակի­­­ցը՝ Բագ­­­րատ Էս­­­դուգեանը։

Բագ­­­րատ Էս­­­դուգեան

Բագ­­­րատ Էս­­­դուգեան Լոս Ան­­­ճե­­­­­­­լըս հրա­­­ւիրո­­­ւած էր տեղ­­­ւոյն Պոլ­­­սա­­­­­­­հայ Միու­­­թեան մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին յանձնա­­­խումբին կող­­­մէ՝ ստա­­­նալու հա­­­մար 2020 տա­­­րուան «Հրանդ Տին­­­քի անո­­­ւան Ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան եւ Ազա­­­տու­­­թեան տա­­­րեկան շքան­­­շա­­­­­­­նը»։ Հան­­­դի­­­­­­­սու­­­թե­­­­­­­նէն առաջ տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­ցաւ ու­­­շագրաւ հար­­­ցազրոյց մը մե­­­ծարեալին հետ։

Բագ­­­րատ Էս­­­դուգեան հե­­­ղինակ է բազ­­­մա­­­­­­­թիւ պատ­­­մո­­­­­­­ւածքնե­­­րու, որոնք լոյս տե­­­սած են ոչ միայն հայ­­­կա­­­­­­­կան, այ­­­լեւ յու­­­նա­­­­­­­կան ու թրքա­­­կան թեր­­­թե­­­­­­­րու մէջ՝ աչ­­­քի զար­­­նող հե­­­տաքրքրու­­­թիւն ստեղ­­­ծե­­­­­­­լով անոր շուրջ։ Պատ­­­մո­­­­­­­ւածքնե­­­րէն ընտրա­­­նի մը հրա­­­տարա­­­կուած է թրքե­­­րէնով՝ «Հայ հի­­­քայելէր», ապա հա­­­յերէ­­­նով՝ «Պան­­­դուխտ եր­­­գեր» վեր­­­նա­­­­­­­գիր­­­նե­­­­­­­րով։ Հրանդ Տին­­­քի հրա­­­ւէրով՝ մաս կազ­­­մած է «Ակօս»ի հայ­­­կա­­­­­­­կան բաժ­­­նի խմբագ­­­րա­­­­­­­կան կազ­­­մին, ապա դար­­­ձած է անոր խմբա­­­գիրը։ 2017-էն սկսեալ «Ար­­­դը» հե­­­ռուստա­­­կայա­­­նին հա­­­մար «Ափոեւ­­­մա­­­­­­­թինի» յու­­­նա­­­­­­­րէն թեր­­­թի խմբա­­­գիր Մի­­­խայիլ Վա­­­սիլիատե­­­սի ըն­­­կե­­­­­­­րակ­­­ցութեամբ շա­­­բաթա­­­կան հեր­­­թա­­­­­­­կանու­­­թեամբ կը պատ­­­րաստէ հե­­­ղինա­­­կային հա­­­ղոր­­­դում մը՝ նիւթ ու­­­նե­­­­­­­նալով շաբ­­­թո­­­­­­­ւան ըն­­­կե­­­­­­­րա-քա­­­ղաքա­­­կան ան­­­ցուդար­­­ձե­­­­­­­րը։ Կ՚աշ­­­խա­­­­­­­տակ­­­ցի Փա­­­րիզի «Այ­­­բ» ռա­­­տիօկա­­­յանին, Պոլ­­­սոյ «Ռա­­­տիօ Ակօս»ին, նաեւ թրքե­­­րէն «Ենի Եաշամ» օրա­­­թեր­­­թին։

Հար­­­ցազրոյց

Բագ­­­րատ Էս­­­դուգեանին տրո­­­ւեցան պոլ­­­սա­­­­­­­հայու­­­թեան, Պոլ­­­սոյ պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան ընտրու­­­թեան, նա­­­խագահ Էր­­­տո­­­­­­­ղանի ներ­­­քին եւ ար­­­տա­­­­­­­քին քա­­­ղաքա­­­կանու­­­թեան, Ռու­­­սաստա­­­նի Դաշ­­­նութիւն-Թուրքիա յա­­­րաբե­­­րու­­­թեան եւ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան հետ առնչո­­­ւող խնդիր­­­նե­­­­­­­րուն վե­­­րաբե­­­րող հար­­­ցումներ։

Խօս­­­քի ազա­­­տու­­­թիւնը 
Թուրքիոյ մէջ

«Խօս­­­քի ազա­­­տու­­­թիւնը խնդիր մըն է, բայց ան­­­յաղթա­­­հարե­­­լի ալ չէ։ Այ­­­սօր հա­­­րիւ­­­րա­­­­­­­ւոր թուրք լրագ­­­րողներ բան­­­տերն են»,– ըսաւ Բագ­­­րատ Էս­­­դուգեան։

Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան ընտրու­­­թիւնը

Ըստ Բագ­­­րատ Էս­­­դուգեանի, պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան վեր­­­ջին ընտրու­­­թիւնը պատ­­­մութեան մէջ իր նմա­­­նը չու­­­նե­­­­­­­ցող երե­­­ւոյթ մըն էր։ «Եր­­­բեք չէր եղած ընտրու­­­թիւն մը, ուր թեկ­­­նա­­­­­­­ծու­­­ներն ու ընտրող­­­նե­­­­­­­րը են­­­թարկո­­­ւէին այս ան­­­գա­­­­­­­մուան սահ­­­մա­­­­­­­նափա­­­կումնե­­­րուն։ Իբ­­­րեւ բո­­­ղոքի ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւն, շա­­­տեր որո­­­շեցին ձայն չտալ, ինչպէս ես, ինչպէս Թուրքիոյ խորհրդա­­­րանի ան­­­դամ Կա­­­րօ Փայ­­­լա­­­­­­­նը, բայց ընտրող­­­նե­­­­­­­րուն 70%-ը մաս­­­նակցե­­­ցաւ ընտրու­­­թեան։ Մենք ստի­­­պուած էինք ընտրել «չա­­­րեաց փոք­­­րա­­­­­­­գոյ­­­նը»։ Ի հար­­­կէ, այս ամ­­­բողջ արա­­­րողու­­­թիւնը ըն­­­թա­­­­­­­ցաւ հա­­­կատե­­­մոք­­­րա­­­­­­­տական կեր­­­պով, ամէն վայրկեան զգա­­­լի էր Իս­­­թանպու­­­լի կուսակալու­­­թեան ներ­­­կա­­­­­­­յու­­­թիւնը։ Բայց ես, որ­­­պէս «Ակօս»ի խմբա­­­գիր, ստի­­­պուած եմ մէ­­­կ դի դնել անձնա­­­կան հա­­­մոզումներս եւ յար­­­գել ժո­­­ղովուրդիս մե­­­ծամաս­­­նութեան որո­­­շու­­­մը, այ­­­սինքն՝ չան­­­տե­­­­­­­սել 9,000 կողմ քո­­­ւէար­­­կած հայ­­­րե­­­­­­­նակից­­­նե­­­­­­­րուս ձայ­­­նը»։

«Գաղտնի» կամ 
«թաք­­­նո­­­­­­­ւած» հա­­­յեր

Թուրքիոյ ներ­­­քին գա­­­ւառ­­­նե­­­­­­­րուն (բուն Պատ­­­մա­­­­­­­կան Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի) մէջ ապ­­­րող «գաղտնի» կամ «թաք­­­նո­­­­­­­ւած» հա­­­յոց խնդրին վե­­­րաբե­­­րող հար­­­ցումին պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նելով, Բագ­­­րատ Էս­­­դուգեան ըսաւ, թէ այս հա­­­յոց պա­­­րագան պոլ­­­սա­­­­­­­հայու­­­թեան կա­­­րեւոր մար­­­տահրա­­­ւէր­­­նե­­­­­­­րէն է։ «Կը նմա­­­նի Աւե­­­տարա­­­նի կոր­­­սո­­­­­­­ւած որ­­­դիին պատ­­­մութեան։ Ինչպէս որ հայ­­­րը ըն­­­դունեց իր կոր­­­սո­­­­­­­ւած որ­­­դին՝ ըսե­­­լով թէ «մե­­­ռած էր՝ ողջնցաւ, կոր­­­սո­­­­­­­ւած էր՝ գտնո­­­ւեցաւ», այդպէս է մեր այս հայ­­­րե­­­­­­­նակից­­­նե­­­­­­­րուն պա­­­րագան։ Մեր մէջ կան ազ­­­գա­­­­­­­յին պաշ­­­տօննե­­­րու վրայ գտնո­­­ւող ան­­­ձեր, որոնք կաս­­­կա­­­­­­­ծան­­­քով կը մօ­­­տենան «նո­­­րեկ»նե­­­րուն, կա՛մ քրիս­­­տո­­­­­­­նեայ ըլ­­­լա­­­­­­­լը առաջ­­­նա­­­­­­­յին կը նկա­­­տեն, կա՚մ կը կար­­­ծեն, թէ անոնք խա­­­բեբայ են։ Ո՚չ. մենք պէտք է շատ ճկուն ըլ­­­լանք, համ­­­բե­­­­­­­րող ու հաս­­­կա­­­­­­­ցողու­­­թիւն ցոյց տանք։ Աւե­­­լին. զա­­­նոնք մեր մէջ պէտք է ըն­­­դունինք հա­­­րազա­­­տի պէս»։

Հայ դպրո­­­ցը

«Մեր ազ­­­գա­­­­­­­յին վար­­­ժա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րը լուրջ աւան­­­դութիւն ու­­­նին Պոլ­­­սոյ մէջ, ու­­­նինք 150 տա­­­րուայ եւ աւե­­­լի հին դպրոց­­­ներ։ Պէտք է ըն­­­դունիմ, որ մեր քով, ինչպէս եւ այ­­­լուր, զգա­­­լի նա­­­հանջ մը կայ, որուն գլխա­­­ւոր պատ­­­ճա­­­­­­­ռը գի­­­տակ­­­ցութեան պա­­­կասն է։ Ծնող­­­ներ կ՚ու­­­զեն իրենց զա­­­ւակ­­­նե­­­­­­­րը հայ­­­կա­­­­­­­կան դպրոց ղրկել, բայց զա­­­նոնք չծան­­­րա­­­­­­­բեռ­­­նել, «թե­­­թեւ» անցնիլ կամ հա­­­յերէ­­­նին տեղ անգլե­­­րէն սոր­­­վեցնել։

Պոլ­­­սոյ մէջ ու­­­նինք 16 վար­­­ժա­­­­­­­րան, որոնք հա­­­յագի­­­տական առար­­­կա­­­­­­­ներ կը դա­­­սաւան­­­դեն, բայց կ՚են­­­թարկո­­­ւին պե­­­տու­­­թեան կրթա­­­կան ծրագ­­­րին։ Ու­­­նինք նաեւ Հրանդ Տին­­­քի անու­­­նով եւ 150 աշա­­­կերտնե­­­րով «ոչ-պաշ­­­տօ­­­­­­­նական» վար­­­ժա­­­­­­­րան մը, որուն դա­­­սերը կը կա­­­տարո­­­ւին արե­­­ւելա­­­հայե­­­րէնով, իսկ դպրո­­­ցին տէրն ու տի­­­րակա­­­նը տնօ­­­րէնու­­­թիւնն ու հո­­­գաբար­­­ձութիւնն են։ Նա­­­խարա­­­րու­­­թիւնը այս դպրո­­­ցի ու­­­սումնա­­­կան ծրա­­­գիրին չի խառ­­­նո­­­­­­­ւիր, դա­­­սագիր­­­քե­­­­­­­րը Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նէն են, ծախ­­­սե­­­­­­­րը ծնող­­­նե­­­­­­­րը կը հո­­­գան, իսկ նիւ­­­թա­­­­­­­կան բա­­­ցերը պոլսահայ բա­­­րերար զոյգ մը կը փա­­­կէ»։

Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թիւն – Թուրքիոյ Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թիւն առնչու­­­թիւններ.

Վեր­­­ջին տա­­­րինե­­­րուն գրե­­­թէ ոչ մէկ յա­­­րաբե­­­րու­­­թիւն կայ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի եւ Թուրքիոյ պե­­­տու­­­թիւննե­­­րուն մի­­­ջեւ։ Հար­­­ցումին, թէ ի՞նչ է այժմ կա­­­ցու­­­թիւնը՝ հա­­­շուի առած ատրպէյ­­­ճա­­­­­­­կան զօ­­­րաւոր գոր­­­ծօ­­­­­­­նը, Բագ­­­րատ Էս­­­տուգեան ըսաւ. «Իրա­­­կանու­­­թեան մէջ, քա­­­ղաքա­­­կան գե­­­տին մէջ ներ­­­քին հո­­­սան­­­քը շատ աւե­­­լի զօ­­­րաւոր է Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի եւ Թուրքիոյ մտա­­­ւորա­­­կանու­­­թեան ու ակա­­­դէմա­­­կան մա­­­կար­­­դակնե­­­րու առու­­­մով։ Վեր­­­ջին շրջա­­­նին եթէ պե­­­տական մա­­­կար­­­դա­­­­­­­կի վրայ գե­­­տի մա­­­կերե­­­սին վրայ հո­­­սան­­­քը շատ դան­­­դաղ կը շար­­­ժի, նոյ­­­նը չենք կրնար ըսել ներ­­­քին հո­­­սան­­­քին մա­­­սին։ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի ջան­­­քե­­­­­­­րով եւ շնոր­­­հիւ անոր ստանձնած նիւ­­­թա­­­­­­­կան աջակ­­­ցութեան, եր­­­կու կող­­­մե­­­­­­­րու ակա­­­դէմա­­­կան­­­ներ փո­­­խադարձ այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­թիւններ կու տան եւ փոր­­­ձի փո­­­խանա­­­կումներ կը կա­­­տարեն։ Փոխ հաս­­­կա­­­­­­­ցողու­­­թեան եւ հա­­­մատեղ գոր­­­ծունէու­­­թեան փայ­­­լուն առիթ­­­ներ ստեղ­­­ծո­­­­­­­ւեցան՝ հա­­­կառակ Ատրպէյ­­­ճա­­­­­­­նի զգա­­­լի ներ­­­կա­­­­­­­յութեան»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ