Կարօ Փայլան կ՚արդարացնէ երեսփոխանի կոչումը

Թուրքիոյ Խորհուրդարանի վերջին կար­­գադրու­­թիւննե­­րու հե­­տեւան­­քով որ­­քան ալ իր նշա­­նակու­­թիւնը եւ առա­­քելու­­թիւնը կորսնցու­­ցած թո­­ւի ՀՏՓ կու­­սակցու­­թեան պատ­­գա­­­մաւոր Կա­­րօ Փայ­­լան աշ­­խոյժ գոր­­ծունէու­­թիւն կը կա­­տարէ Խորհրդա­­րանի մէջ ընդմիշտ օրա­­կար­­գի վրայ պա­­հելով երկրի ամե­­նաէական խնդիր­­նե­­­րը։ Նա­­խորդ օրե­­րուն Փայ­­լան զա­­նազան հար­­ցումներ ուղղած էր իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րուն, բա­­ցատ­­րութիւն պա­­հան­­ջե­­­լով Սա­­նասա­­րեան Խա­­նի կան­­խա­­­հաս կեր­­պով աճուրդի դրո­­ւելուն դէմ։ Իսկ հի­­մա Փայ­­լան կրկին ան­­գամ օրա­­կար­­գի կը բե­­րէ «Աթ­­լաս Կլո­­պալ» ըն­­կե­­­րու­­թեան սնան­­կացման երե­­ւոյ­­թը եւ կը հար­­ցէ թէ ե՞րբ պի­­տի սկսին Իս­­թանպուլ-Երե­­ւան թռիչքնե­­րը։ Ինչպէս յայտնի է այդ թռիչքնե­­րու մի­­ջոցաւ առեւտրա­­կան­­ներ կ՚այ­­ցե­­­լէին Պո­­լիս եւ կ՚ապա­­հովէին աշ­­խոյժ շու­­կա­­­յական յա­­րաբե­­րու­­թիւններ եր­­կու եր­­կիրնե­­րու մի­­ջեւ։

«1993-էն ի վեր եր­­կու եր­­կիրնե­­րու մի­­ջեւ փակ են ցա­­մաքա­­յին սահ­­մաննե­­րը եւ հա­­ղոր­­դակցու­­թիւնը կ՚ապա­­հովո­­ւի միայն «Աթ­­լաս Կլո­­պալ» ըն­­կե­­­րու­­թեան թռիչքնե­­րով»։ Այժմ երբ ըն­­կե­­­րա-տնտե­­սական ճգնա­­ժամի հե­­տեւան­­քով կանգ առած են թռիչքնե­­րը, ուղղա­­կի կապն ալ խզո­­ւած է հա­­րեւան եր­­կու եր­­կիրներու միջեւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ