Ռոպէր Հատտէճեան պարգեւատրուած Պեշիքթաշլեանի շքանշանով

«Ակօս»ի նա­խորդ հա­­­­մարով ար­­­­դէն անդրա­­­­դար­­­­ձած էինք «Մար­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­րա» թեր­­­­թի գլխա­­­­ւոր խմբա­­­­գիր Ռո­­­­պէր Հատ­­­­տէ­­­­­­­­­­­­­­­ճեանի Մկրտիչ Պե­­­­շիք­­­­թաշլեանի շքան­­­­շա­­­­­­­­­­­­­­­նով պար­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­ւատրման մա­­­­սին։ Ար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­րեւ 2 Փետ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­ւար կի­­­­րակի երե­­­­կոյ Ֆե­­­­րիգիւ­­­­ղի եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ Շի­­­­րինօղ­­­­լու սրա­­­­հին մէջ կա­­­­յացաւ պար­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­ւատու­­­­չութիւ­­­­նը խուռնե­­­­րամ բազ­­­­մութեան մը մաս­­­­նակցու­­­­թեամբ։ Մեծ թի­­­­ւով ժո­­­­ղովուրդ փու­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­ցած էր այս կա­­­­րեւոր մի­­­­ջոցառ­­­­ման հե­­­­տեւե­­­­լու հա­­­­մար։ Գոր­­­­ծադրո­­­­ւեցաւ խնա­­­­մեալ յայ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­գիր մը ըստ որու նախ վաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­կաւոր ու­­­­սուցչու­­­­հի Ար­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­ւենի Մի­­­­րօղ­­­­լու հա­­­­կիրճ կեր­­­­պով ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացուց բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­վաս­­­­տակ լրագ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­ղի կեն­­­­սագրու­­­­թիւնը։ Ապա երի­­­­տասարդ մտա­­­­ւորա­­­­կան Սեր­­­­տար Քո­­­­րու­­­­ճու վեր­­­­լուծա­­­­կան ակ­­­­նարկ մը ըրաւ Հատ­­­­տէ­­­­­­­­­­­­­­­ճեանի «Առաս­­­­տաղ» վէ­­­­պի շուրջ, հիմք ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նալով վէ­­­­պի թրքե­­­­րէն թարգմա­­­­նու­­­­թիւնը։ Ան իր ելոյ­­­­թի աւար­­­­տին իբ­­­­րեւ մաղ­­­­թանք յայտնեց թէ հա­­­­սարա­­­­կու­­­­թիւնը ան­­­­համբե­­­­րու­­­­թեամբ պի­­­­տի սպա­­­­սէ եռեակի երկրորդ հա­­­­տորի թարգմա­­­­նու­­­­թեան եւ եր­­­­րորդ հա­­­­տորի ալ աւարտման։ Իրաւ ալ Հատ­­­­տէ­­­­­­­­­­­­­­­ճեանի հսկայ գրա­­­­կան վաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­կին մէջ յա­­­­տուկ տեղ ու­­­­նի «Առաս­­­­տաղ» վէ­­­­պը, որ պոլ­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­հայու մե­­­­ծագոյն մղձա­­­­ւան­­­­ջի՝ ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­գաղ­­­­թի երե­­­­ւոյ­­­­թը կը քննար­­­­կէ շատ հա­­­­րազատ լե­­­­զուամ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­ծողու­­­­թեամբ։ Ար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­րեւ Հատ­­­­տէ­­­­­­­­­­­­­­­ճեանը բնու­­­­թագրող կա­­­­րեւո­­­­րագոյն յատ­­­­կութիւնն է անոր գրչի ան­­­­մի­­­­­­­­­­­­­­­ջակա­­­­նու­­­­թիւնը, մա­­­­նաւանդ երբ կը խօ­­­­սինք արեւմտա­­­­հայե­­­­րէնի մա­­­­սին։ Ցաւ մը, որ ալ աւե­­­­լի իմաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­լից կը դարձնէ մո­­­­րացու­­­­թեան մատ­­­­նո­­­­­­­­­­­­­­­ւած լե­­­­զուով կա­­­­տարո­­­­ւած գրա­­­­կանու­­­­թիւնը։

Լա­­­­րուած ու­­­­շադրու­­­­թեան մէջ հա­­­­ղոր­­­­դումը կ՚ընդհա­­­­նար ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­ներուն պար­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­ւելով գրա­­­­կան ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­կար­­­­գօ­­­­­­­­­­­­­­­րէն բարձր ապ­­­­րում մը։ Կար­­­­ծես խօ­­­­սափո­­­­ղը վերցնող ամէն մէկ ան­­­­հատ կու գար իր շնորհքով ող­­­­ջունե­­­­լու օրո­­­­ւայ մե­­­­ծարեալը։ Պոլ­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­հայ բե­­­­մերու վաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­կաւոր մշակ Պօ­­­­ղոս Չալ­­­­կը­­­­­­­­­­­­­­­ճըօղ­­­­լու կրկին ան­­­­գամ շատ յա­­­­ջող դե­­­­րասա­­­­նու­­­­թեամբ ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացուց «Առաս­­­­տաղ» վէ­­­­պէն հա­­­­տուած մը։ Կեդ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­նակա­­­­նի եւ Սա­­­­մաթիոյ Անա­­­­րատ Յղու­­­­թիւն վար­­­­ժա­­­­­­­­­­­­­­­րանի հա­­­­յերէ­­­­նի ու­­­­սուցիչ Արաս Սա­­­­րըչո­­­­պանի գրա­­­­բարով օժ­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւած ելոյ­­­­թը որ­­­­պէս յան­­­­կարծա­­­­բանու­­­­թիւն մը մեծ տպա­­­­ւորու­­­­թիւն ստեղ­­­­ծեց դահ­­­­լի­­­­­­­­­­­­­­­ճին մէջ։ Երգչու­­­­հի Թա­­­­թիանա Պոս­­­­թան Արէթ Խրի­­­­մեանի կի­­­­թառի ըն­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րակ­­­­ցութեամբ մե­­­­ներ­­­­գեց հա­­­­յերէն եր­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­ցան­­­­կի շատ սի­­­­րուած եւ դա­­­­սակա­­­­նացած երեք գոր­­­­ծեր՝ «Գե­­­­տակի վրայ», «Ծաղ­­­­կած բա­­­­լենի» եւ «Սա­­­­րի սի­­­­րուն եար»։ Այս կա­­­­տարումնե­­­­րու ըն­­­­թացքին ժո­­­­ղովուրդը այ­­­­լեւս կը դժո­­­­ւարա­­­­նար ան­­­­հա­­­­­­­­­­­­­­­ղորդ մնա­­­­լու եւ ամ­­­­բողջ դահ­­­­լի­­­­­­­­­­­­­­­ճը կ՚ըն­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րակ­­­­ցէր երգչու­­­­հիի գնքուշ կա­­­­տարու­­­­մին։ Հե­­­­տաքրքրա­­­­կան կեր­­­­պով մի­­­­ջոցա­­­­ռու­­­­մը իր մէջ կը պա­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կէր բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­թիւ անակնկալ­­­­ներ։ Անոնցմէ մէկն էր «Շե­­­­հիր» հա­­­­մալ­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­րանի դա­­­­սախօս Ֆա­­­­թիհ Մեհ­­­­մետ Ուսլո­­­­ւի ելոյ­­­­թը, որ սկսած էր սա­­­­հուն հա­­­­յերէ­­­­նով։ Այս ան հա­­­­յերէ­­­­նը չէր, որուն սո­­­­վոր էինք նախ­­­­կին քա­­­­ղաքա­­­­պետի բեր­­­­նէն լսե­­­­լով «Քոյ­­­­րիկներ աղ­­­­բա­­­­­­­­­­­­­­­րիկ­­­­ներ ես ձեզ շատ կը սի­­­­րեմ»։ Ո՛չ Ֆա­­­­թիհ Մեհ­­­­մետ Ուսլու կը խօ­­­­սէր զգաց­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լով թէ ինք որ­­­­քան հմուտ կը տի­­­­րապե­­­­տէ հա­­­­յերէ­­­­նին։ Եւս դե­­­­րասա­­­­նու­­­­հի մը այս ան­­­­գամ Պեր­­­­ճուհի Պեր­­­­պե­­­­­­­­­­­­­­­րեան դե­­­­րասա­­­­նական շնոր­­­­հով պի­­­­տի ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յաց­­­­նէր հայ բե­­­­մերու մօտ ան­­­­ցեալի կա­­­­րեւոր դէմ­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րէն մէ­­­­կուն՝ Ար­­­­թօ Պեր­­­­պե­­­­­­­­­­­­­­­րեանի գրի­­­­չէն ցո­­­­լացող «6.35-ի ան­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­սանե­­­­լի ճամ­­­­բորդը» գոր­­­­ծէն հա­­­­տուած մը։ Պեր­­­­պե­­­­­­­­­­­­­­­րեան այս շա­­­­րադ­­­­րութիւ­­­­նը պատ­­­­րաստած էր Հատ­­­­տէ­­­­­­­­­­­­­­­ճեանի լրագ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­ղու­­­­թեան 40-ամեակի առ­­­­թիւ։

Հակ Կա­­­­թողի­­­­կէ հա­­­­մայնքի վի­­­­ճակա­­­­ւոր Լե­­­­ւոն Արք. Զէ­­­­քիեան հա­­­­մար­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­կու­­­­թիւնը ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցած էր մեր եկե­­­­ղեցա­­­­կան երաժշտու­­­­թեան մէջ մտցնե­­­­լով տու­­­­տուկը։ Գե­­­­րապայ­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­ռը այս յան­­­­դուգն քայ­­­­լին հա­­­­մար­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­կած էր վստա­­­­հելով տու­­­­տուկա­­­­հար Էր­­­­դան Թե­­­­քինի նո­­­­ւագին վսե­­­­մու­­­­թեան։ Գե­­­­րապայ­­­­ծառ գի­­­­տէր թէ Էր­­­­դան Թե­­­­քինի երաժշտու­­­­թիւնը եր­­­­բե­­­­­­­­­­­­­­­ւիցէ պի­­­­տի չխան­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­րէր հա­­­­ւատա­­­­ցեալի եր­­­­կիւղա­­­­ծու­­­­թիւնը։

Մշա­­­­կոյ­­­­թի նա­­­­խարա­­­­րի փո­­­­խանորդ Ահ­­­­մետ Միս­­­­պահ Տե­­­­միր­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­նի ելոյ­­­­թէն ետք օրո­­­­ւայ մե­­­­ծարեալ Ռո­­­­պէր Հատ­­­­տէ­­­­­­­­­­­­­­­ճեան շնոր­­­­հա­­­­­­­­­­­­­­­կալու­­­­թեան ու­­­­ղերձով մը բաժ­­­­նեց իր զգա­­­­ցումնե­­­­րը, որու աւար­­­­տին Գե­­­­րապայ­­­­ծառ Զէ­­­­քիեան մե­­­­ծարեալին լամ­­­­բա­­­­­­­­­­­­­­­կին զե­­­­տեղեց Մկրտիչ Պե­­­­շիք­­­­թաշլեանի ոս­­կեայ մետայլը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ