Աքչամ ֆրանսահայոց պատուոյ հիւրն էր


Ֆրան­­սա­­­յի հայ կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րու հա­­մակար­­գող խոր­­հուրդը (CCAF) այս տա­­րուայ աւան­­դա­­­կան ընթրի­­քին պա­­տուեց անո­­ւանի պատ­­մա­­­բան Թա­­ներ Աք­­չա­­­մը։ Աք­­չա­­­մի «Նա­­յիմ Էֆեն­­տիի յու­­շագրու­­թիւնը» եւ «Թա­­լաթ Փա­­շայի հե­­ռագիր­­նե­­­րը» անուն ու­­սումնա­­սիրու­­թեան ֆրան­­սե­­­րէն թարգմա­­նու­­թիւնը նա­­խորդ շա­­բաթ­­նե­­­րուն կա­­տարո­­ւած էր եւ գիր­­քը տրա­­մադ­­րո­­­ւած ֆրան­­սա­­­խօս ըն­­թերցո­­ղի ու­­շադրու­­թեան։ 29 Յու­­նո­­­ւարի երե­­կոյեան կա­­յացող ընթրի­­քին ներ­­կայ գտնո­­ւեցաւ նաեւ նա­­խագահ Մաք­­րոն։ Այս առ­­թիւ Մաք­­րոն շնոր­­հա­­­ւորեց Թա­­ներ Աք­­չա­­­մը ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան մի­­ջազ­­գա­­­յին ճա­­նաչ­­ման գոր­­ծընթա­­ցին մէջ իր ծա­­ւալած աշ­­խա­­­տու­­թեան հա­­մար։ Ան իր ելոյ­­թին մէջ նշեց թէ Ֆրան­­սա 19 տա­­րիներ առաջ պաշ­­տօ­­­նապէս ճանչցած է Հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնը եւ այժմ կը պատ­­րաստո­­ւի ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան ժխտու­­մը դա­­տապար­­տող օրի­­նագ­­ծի մը վրայ։ «Ոմանց մոռ­­նալ նա­­խընտրա­­ծը դուք յայտնա­­բերե­­ցիք եւ այս ար­­դիւնքը կա­­րեւոր ան­­կիւնա­­դարձ մըն է թուրք վար­­չա­­­կան­­նե­­­րու հետ շա­­րու­­նա­­­կուող տա­­րակար­­ծութեան մէջ։ Հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան ճա­­նաչ­­ման հա­­մար տա­­րած պայ­­քա­­­րը միաժա­­մանակ ան­­ձայնու­­թեան դէմ, մո­­ռացու­­թեան դէմ պայ­­քար մըն է»։ Ընթրի­­քի ըն­­թացքին Աք­­չամ պար­­գեւատրուեցաւ քաջութեան շքանշանով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ