Ընկերս Երուանդ Պարէտ Մանոք

Նախորդ Շաբաթ օր ափսոսանքով եւ խոր վիշտով վերահասու եղանք սիրելի բարեկամի մը՝ Երուանդ Պարէտ Մանոքի յանկարծական մահուան բօթին։ Ան երկար տարիներ վարած էր Հայր Լեւոն Արք. Զէքիեանի նախաձեռնութեամբ Վենետիկի Համալսարանի մէջ կայացող հայերէնի խտացեալ դասընթացքներու դասախօսի պաշտօնը։ Վերջերս այս ծիրէն ներս յաճախակի հանդիպումներ ունեցած էր քաղաքիս մէջ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը մեզի համար արտակարգ առիթ մըն էր այս արժէքաւոր մտաւորականի հետ հանդիպելու եւ խորհուրդներ փոխանցելու առումով։

Խորապէս ցնցուած ենք Երուանդ Պարէտ Մանոքի կորուստի պատճառաւ եւ այս առթիւ կու գանք մեր ցաւակցութիւնները յայտնելու իր ընտանիքի պարագաներու։ Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք սիրելի Պարէտի յիշատակին համար իր մտերիմ բարեկամ Ֆըրատ Կիւլլիւի սրտախօսիկ յօդուածը։

 

ՖԸՐԱԹ ԿԻՒԼԼԻՒ

 

Առաջին անգամ գրա­­կան պար­­բե­­­րաթերթ «Քրի­­թիք»ի 2008 թո­­ւին մէջ հան­­դի­­­պած էի իր անու­­նին։ Այդ շրջա­­նին Պո­­ղազի­­չի Բեմային Արո­­ւեստնե­­րու Միու­­թեան կազ­­միմ մէջ կու­­սումնա­­սիրէինք թատ­­րո­­­նի մէջ մշա­­կու­­թա­­­յին բազ­­մա­­­զանու­­թեան նիւ­­թը։ Այդ ծի­­րեն ներս ծա­­նօթա­­ցած էինք հայ թատ­­րո­­­նի գոր­­ծիչնե­­րուն հետ։ Միասին ու­­սումնա­­սիրու­­թիւններ, աւե­­լի կա­­րեւո­­րը հրա­­տարա­­կու­­թիւններ կա­­տարե­­ցինք։ Սի­­րելի Պօ­­ղոս Չալ­­կը­­­ճըօղ­­լուի թարգմա­­նած Շա­­րասա­­նի «Թրքա­­հայ բե­­մը եւ իր գոր­­ծիչնե­­րը» գիր­­քի հրա­­տարա­­կու­­թիւնով նոր թափ ստա­­ցաւ մեր աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րը։ Թէեւ այդ գիր­­քը նա­­խապէս ալ ծա­­նօթ էր թատ­­րոն ու­­սումնա­­սիրող­­նե­­­րու, բայց թարգմա­­նու­­թեան շնոր­­հիւ հա­­սաւ շատ աւե­­լի լայն զան­­գո­­­ւածի մը։ Ես այդ թարգմա­­նու­­թեան հե­­տեւան­­քով ծա­­նօթա­­ցայ Մեհ­­մետ Ֆա­­թիհ Ուսլո­­ւի հետ։ Ան Վե­­նետի­­կի մէջ աշա­­կեր­­տած էր Պօ­­ղոս Լե­­ւոն Զե­­քիեանի եւ ահա­­գին տե­­ղեկու­­թիւն ու­­նէր այդ քա­­ղաքի Մխի­­թարեան վար­­դա­­­պետ­­նե­­­րուն թատ­­րո­­­նին բե­­րած ներդրու­­մին մա­­սին։ Իր մի­­ջոցաւ ծա­­նօթա­­ցանք նաեւ Պա­­րէտի հետ։

2010-ի Նո­­յեմ­­բե­­­րին Էլ-նա­­մակ­­նե­­­րով սկսաւ մեր բա­­րեկա­­մու­­թիւնը։ Յա­­ջորդ տա­­րուայ Ապ­­րի­­­լին, Փրոֆ. Պօ­­ղոս Լե­­ւոն Զե­­քիեանի «Շե­­հիր» հա­­մալ­­սա­­­րանի մէջ տո­­ւած դա­­սախօ­­սու­­թեան առ­­թիւ ան­­ձամբ ծա­­նօթա­­նալու բախ­­տը ու­­նե­­­ցայ։ Դա­­սախօ­­սու­­թե­­­նէ ետք միաս­­նա­­­բար ճա­­շեցինք։ Այդ մի­­ջոցին ար­­դէն իսկ սկսած էինք ծրագ­­րել Պա­­րէտի Սուրբ Ղա­­զար վան­­քի մէջ Մխի­­թարեան հայ­­րե­­­րու թրքե­­րէն թատ­­րո­­­նի աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րուն մա­­սին գիր­­քի իտա­­լերէն բնա­­գիրէն թարգմա­­նելով հրա­­տարա­­կու­­թիւնը։ Առա­­ջին պա­­հեն իսկ վե­­րացած էր թղթակ­­ցութիւննե­­րու ըն­­թացքին մեր դի­­մած պաշ­­տօ­­­նակա­­նու­­թիւնը։ Ոչ ես «Պա­­րոն Ֆը­­րադ» էի, ոչ ինք «Պա­­րոն Պա­­րէտ»։ Այս հան­­դի­­­պու­­մէն մէկ- եր­­կու օր ետք կրկին հան­­դի­­­պեցանք, այս ան­­գամ Գա­­տըգիւղ, Պե­­շիկ­­թա­­­շի նա­­ւամա­­տոյ­­ցին վրայ գտնո­­ւած «Տե­­նից Աթը» սրճա­­րանը։ Այդ վայ­­րը մին­­չեւ որ փա­­կուի, մեր յա­­ճախա­­կի ժա­­մադ­­րա­­­վայրն էր։

Ի՞նչ կը խօ­­սէինք մեր այդ եր­­կար զրոյցնե­­րուն։ Առ­­հա­­­սարակ Թուրքիոյ քա­­ղաքա­­կան ան­­ցուդար­­ձե­­­րը։ Զար­­մա­­­նալիօրէն տե­­ղեակ էր երկրի զար­­գա­­­ցումնե­­րէն։ Քա­­ղաքա­­կան կեան­­քին կը հե­­տեւեր թէ թրքա­­կան եւ թէ եւ­­րո­­­պական մա­­մու­­լի մի­­ջոցաւ։ Նոյ­­նիսկ եր­­բեմն կը շփո­­թէի թէ մեր եր­­կուքէն որ մէ­­կը այս տե­­ղացի է, որ մէ­­կը դրսե­­ցի։ Յա­­ճախ հար­­ցումնե­­րով կ՚ու­­զէր աւե­­լի շատ բան իմա­­նալ։ Իր կար­­ծիքնե­­րը պար­­զե­­­լէ աւե­­լի կը սի­­րէր խօ­­սակ­­ցին միտ­­քե­­­րը իմա­­նալ։ Եր­­կար չէր տե­­ւեր Պա­­րէտի Պոլ­­սոյ այ­­ցե­­­լու­­թիւննե­­րը։ Հա­­զիւ մէկ կամ առա­­ւելա­­գոյն եր­­կու շա­­բաթ։ Շատ կա­­պուած էր ըն­­տա­­­նիքին, Իս­­թանպու­­լեան օրե­­րուն միշտ իրենք կը մտա­­ծեր։ Բայց այդպէս ըլ­­լա­­­լով հան­­դերձ վեր­­ջին այ­­ցե­­­լու­­թիւննե­­րուն Իս­­թանպու­­լի մէջ ժա­­մանա­­կաւոր գործ մը գտնել ու աւե­­լի եր­­կար մնա­­լու մա­­սին կը մտմտար։ Ան­­շուշտ այս բո­­լորը կ՛ըլ­­լա­­­յին երկրի քա­­ղաքա­­կան մի­­ջավայ­­րին այսքան սրո­­ւած չե­­ղած ժա­­մանակ­­նե­­­րուն։ Եթէ չեմ սխա­­լիր, իր հա­­մեմա­­տաբար աւե­­լի եր­­կար տե­­ւող այ­­ցե­­­լու­­թիւննե­­րէն մէ­­կուն մաս­­նակցե­­ցաւ Հայ­­Ճա­­­րի կազ­­մա­­­կեր­­պած պտոյտնե­­րէն մէ­­կուն, որ ուղղո­­ւած էր դէ­­պի Տիար­­պէ­­­քիր եւ շրջա­­կայ­­քը։ Շատ ոգե­­ւորո­­ւած վե­­րադար­­ձած էր այդ շրջա­­գայու­­թե­­­նէն։

Ան քա­­նի կ՚ու­­զէր Թուրքիոյ քա­­ղաքա­­կան նիւ­­թե­­­րու մա­­սին խօ­­սիլ, ես ալ նոյնքան կը փոր­­ձէի նիւ­­թը բե­­րել թատ­­րերգու­­թեան։Հա­­մոզո­­ւած էի թէ շատ լաւ պի­­տի ըլ­­լար իր այնքան հան­­դարտ պատ­­մած Վե­­նետի­­կեան ապ­­րումնե­­րը եթէ լսեն շատ ու շատ մար­­դիկ։ Յա­­տուկ ու­­րա­­­խու­­թիւն կ՚ապ­­րէր թատ­­րո­­­նի երի­­տասարդ գոր­­ծիչնե­­րու հետ աշ­­խա­­­տելէ։ Կ՚ըսէր թէ 1980-ական­­նե­­­րուն, երբ շատ երի­­տասարդ էր, ու­­սուցիչ­­նե­­­րը զինք մղած էին թա­­տերա­­կան ու­­սումնա­­սիրու­­թեան։ Չէր սի­­րեր «թա­­տերա­­գէտ» կո­­չու­­մը։ Ան աւե­­լի շատ հա­­կած էր մշա­­կոյ­­թի պատ­­մութեան եւ ինքնու­­թեան խնդիր­­նե­­­րու։ Հա­­մալ­­սա­­­րանի տա­­րինե­­րէն ետք շատ ալ ու­­շադրու­­թիւն չէր դար­­ձուցած թատ­­րո­­­նին։ Ձեռ­­քին ու­­նէր Սուրբ Ղա­­զարի գրա­­դարա­­նէն առ­­նուած եւ մեծ զգու­­շութեամբ տա­­րափո­­խու­­թիւն կա­­տարո­­ւած երեք թատ­­րերգու­­թիւն եւ աշ­­խա­­­տու­­թեան կա­­րօտ եւս երեք թատ­­րերգու­­թիւն։ Կ՚ու­­զէր այդ աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րը երի­­տասարդ գի­­տաշ­­խա­­­տողի մը փո­­խան­­ցել, բայց ան­­փորձնե­­րու հա­­մար բա­­ւակա­­նին դժո­­ւար էր այս աշ­­խա­­­տու­­թիւնը։ Պա­­րէտ սա­­կայն եր­­բեք չէր յու­­սալքո­­ւած։ Կը հա­­ւատար, որ վերջ ի վեր­­ջոյ պի­­տի գտնէ վստա­­հելի երի­­տասարդ գի­­տաշ­­խա­­­տողը։ Մե­­զի յա­­ճախ կը պատ­­մէր վան­­քի գրա­­դարա­­նին ամէն մէկ ան­­կիւնը, ծա­­կը իմա­­ցող տա­­րեց վա­­նակա­­նի մը մա­­սին։ Անոր մի­­ջոցաւ յայտնա­­բերած էր այս ձե­­ռագիր մա­­տեան­­նե­­­րը, կա­­շի պա­­յու­­սա­­­կի մը մէջ։ Վե­­նետի­­կեան հա­­մալ­­սա­­­րանի ամառ­­նա­­­յին դա­­սըն­­թացքնե­­րու մաս­­նակցող­­նե­­­րուն բո­­լորը լսած էին այս պատ­­մութեան մա­­սին։ Իր աշա­­կեր­­տութեան ըն­­թացքին ահա այդ տա­­րեց վա­­նակա­­նը այս ձե­­ռագիր­­նե­­­րը տրա­­մադ­­րած էր իրեն եւ Պա­­րէտ առա­­ջին երե­­քին վրայ աշ­­խա­­­տելէ ետք յա­­ջորդ երե­­քը գրա­­դարան վեր­­ցուցած էր եւ այ­­սօր ալ կը դժո­­ւարա­­նար անոնք վե­­րագտնե­­լու։ Մա­­նաւանդ վա­­նակա­­նի մա­­հէն ետք այդ պա­­յու­­սակն ալ կո­­րած էր։ Այս լսող­­նե­­­րը քիչ մըն ալ բար­­կացնե­­լու մի­­տու­­մով կը մե­­ղադ­­րէին Պա­­րէտը, որ­­պէսզի ան ընդվզու­­մով գո­­չէ թէ ինք ար­­դէն պար­­տադրան­­քով ստանձնած է այդ աշ­­խա­­­տան­­քը։ Ի վեր­­ջոյ Վե­­նետի­­կի մէջ իրեն աշա­­կեր­­տած մէ­­կու մի­­ջոցաւ այդ պա­­յու­­սա­­­կը վե­­րագտնո­­ւեցաւ։ Պա­­րէտ հան­­գիստ շունչ մը քա­­շած էր։

Պա­­րէտ վեր­­ջին շրջան­­նե­­­րուն իր ակա­­դեմա­­կան ու մտա­­ւորա­­կան բո­­լոր ու­­շադրու­­թիւն ուղղած էր ինքնու­­թեան խնդրի վրայ։ Կը մեր­­ժէր այն հա­­մատա­­րած կար­­ծի­­­քը ըստ որու ազ­­գա­­­յին եւ կրօ­­նական ինքնու­­թիւնը ամ­­բողջու­­թիւն մըն է։ Այս առու­­մով յա­­ճախ կը դի­­մէր իր ազ­­գա­­­յին ինքնու­­թիւնը պա­­հելով հան­­դերձ իս­­լամ կրօ­­նը իւ­­րա­­­ցու­­ցած հա­­յերու օրի­­նակ­­նե­­­րը։ Ան հա­­մոզո­­ւած էր, թէ հա­­յու­­թիւնը կամ թրքու­­թիւնը ազատ կամ­­քով ընտրո­­ւած ըլ­­լայ կամ պար­­տադրո­­ւած բո­­լոր ինքնու­­թիւննե­­րը մա­­սամբ ալ ըլ­­լայ ձե­­ւական են։ Այս առու­­մով ալ վառ օրի­­նակ մը ըլ­­լա­­­լով կը նշէր Մխի­­թարեան վար­­դա­­­պետ­­նե­­­րու Վե­­նետի­­կեան կղզիի մէջ նստած թրքե­­րէն թատ­­րո­­­նով զբա­­ղելու օրի­­նակը։ Կը մեր­­ժէր մար­­դուս լոկ մէկ ինքնու­­թեան մէջ սահ­­մա­­­նափա­­կուե­­լով մնա­­ցեալ բո­­լոր ինքնու­­թիւննե­­րուն հան­­դէպ թշնա­­մանք ու­­նե­­­նալը։ Ֆրան­­սա­­­յի հա­­սարա­­կու­­թեան մօտ եր­­կար տա­­րիներ իշ­­խած այս կարծրա­­տիպը կը յու­­սար թէ պի­­տի փշրո­­ւի նոր սե­­րունդի մեր­­ձե­­­ցումնե­­րով։ Ան Ֆրան­­սան կը տես­­նէր, որ­­պէս իր եր­­կի­­­րը։ Վե­­նետի­­կի հետ յա­­տուկ կա­­պէր ու­­նէր, որոնցմով կը հպար­­տա­­­նար։ Բայց միշտ կը յի­­շէր թուրքիացի ըլ­­լա­­­լու հան­­գա­­­ման­­քին իր ինքնու­­թեան վրայ ու­­նե­­­ցած դե­­րակա­­տարու­­թիւնը։ Ան յա­­մառ մար­­դա­­­սէր մըն է, միշտ պատ­­րաստ բո­­լոր մար­­դիկ գրկե­­լու։ Այս առու­­մով կրնամ ըսել, որ ան ամէն բա­­նէ առաջ խրա­­խու­­սող աւագ եղ­­բայր մը եղած է ին­­ծի հա­­մար։

Նա­­խորդ շա­­բաթ ափ­­սոս որ կորսնցու­­ցինք զինք։ Յստա­­կօրէն սա իրո­­ղու­­թիւնը գի­­տեմ, որ զինք շատ պի­­տի կա­­րօտ­­նամ։ Մեր վեր­­ջին զրոյ­­ցին, որ տե­­ղի ու­­նե­­­ցած էր մա­­հէն քա­­նի մը օր առաջ հա­­զիւ, կը ծրագ­­րէինք նոր հրա­­տարա­­կուած գիր­­քե­­­րու մա­­սին խօ­­սիլ։ Ու­­նէինք ծրա­­գիր­­ներ։ Դար­­ձեալ Գա­­տըգիւ­­ղի մէջ պի­­տի ժա­­մադ­­րո­­­ւէինք ու եր­­կար պի­­տի զրու­­ցէինք։ Այդ բո­­լորը ան­­կա­­­տար մնա­­ցին։ Եթէ մնաց բան մը մեր ըն­­կե­­­րու­­թիւնն էր։ Այս պա­­հուն վշտա­­հար կեր­­պով ու­­նիմ մէկ մաղ­­թանք միայն «Լոյ­­սե­­­րու մէջ ննջէ սի­­րելի Պա­­րէտ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ