«Ես այդ բոլորը տեսած եմ»

ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

estukyan@gmail.com

Պոլսոյ յոյները Սուրբ Զատիկէն 40 օր առաջ աւանդաբար կը տօնէին յատուկ Բարեկեն­դան մը, որ կը կո­չուէր «Մա­քուր Եր­կուշաբ­թի» կամ ալ աւե­լի տա­րածուն ար­տա­յայ­տութեամբ՝ «Պաք­լա­խորա­նի»։

Այս աւան­դա­կան տօ­նակա­տարու­թիւնը 1941-ին պաշ­տօ­նապէս ար­գի­լուե­ցաւ օրուան իշ­խա­նու­թեան կող­մէ։ 2009-ին փոր­ձեր կա­տարո­ւեցան այդ աւան­դութիւ­նը վե­րահաս­տա­տելու հա­մար։ Մին­չեւ 2014 Պաք­լա­խորա­նին նշո­ւեցաւ փո­ղոց­նե­րու վրայ եւ ապա դար­ձեալ դադ­րե­ցաւ։ Այս տա­րի Շիշ­լիի քա­ղաքա­պետա­րանի քա­ղաքա­կան խոր­հուրդը որո­շած է այս ու­րախ տրա­մադ­րութիւ­նը ան­գամ մը եւս փո­ղոց իջեց­նել։ Քա­ղաքա­պետա­կան խոր­հուրդի այս որո­շու­մին կ՚աջակ­ցի նաեւ Քուրթու­լուշի Յու­նաց նա­խակրթա­րանի վար­չութիւ­նը։

Այս առ­թիւ սոյն դպրո­ցին մէջ այ­ցե­լեցինք 1934-ին այս թա­ղին մէջ ծնած տի­կին Էվան­կե­լիա Քա­զալի­տիցը։ Իր­մէ լսե­ցինք 1940-ական տա­րեթի­ւերու Թա­թավ­լա­յի մա­սին յու­շեր ու վկա­յու­թիւններ։ «Մենք եօթը սե­րունդ է, որ Թա­թավ­լա կը բնա­կինք։ 6 տա­րեկան էի, երբ սկսայ այս դպրո­ցը յա­ճախել։ Այ­սօր հան­րա­շար­ժե­րու կան­գառ ըլ­լա­լով գոր­ծա­ծուած այս տա­րած­քը ան­ցեալին բո­լորո­վին պա­րապ էր։ Զատ­կի օրե­րուն հոն քա­նի մը ֆայ­թոն, քա­րու­զել եւ օրօ­րոց կը գտնո­ւէր։ Հայ­րի­կէս 25 ղրուշ կը խնդրէի, որոն հետ չորս աղ­ջիկ ֆայ­թոն կ՚առ­նէինք եւ պտը­տելու հա­մար Մե­ճիտի­յէքէօյ կ՚եր­թա­յինք։ Տուն բան չկար։ Ամէն տեղ ազատ տա­րածքներ էր։ Ֆայ­թո­նը մեզ մին­չեւ Մե­ճիտի­յէքէօյ կը տա­նէր ու ապա ետ կը բե­րէր։ Վե­րադար­ձին կրկին դրամ կը խնդրէի հօր­մէս, որ­պէսզի նոյն պտոյ­տը դար­ձեալ կրկնեմ։ Այս պատ­մածներս 1940-ական տա­րեթի­ւեր են։ Քուրթու­լուշի նախ­կին բնա­կիչ­նե­րը, որոնցմէ շա­տեր այ­սօր գե­րեզ­մանն են, յան­կարծ եթէ տես­նեն թա­ղին ներ­կայ վի­ճակը, կը շրջին իրենց շի­րիմ­նե­րուն մէջ։ Չէք կրնար պատ­կե­րաց­նել թէ իմ ման­կութեան տա­րինե­րուն մար­դիկ փո­ղոցը որ­քան վա­յելուչ կը հագ­նո­ւէին։ բո­լոր այր մար­դիկ ֆէօթր գլխարկ կը կրէին։ Իսկ կա­նայք պլու­զով ան­գամ փո­ղոց չէին ել­լեր։ Մար­դիկ ար­ծա­թեայ գա­ւազան­ներ կը կրէին։ Ամէն մարդ իրար կը բա­րեւէր «քա­լիմե­րա» ըսե­լով։ Հի­մա ո՜ւր մնա­ցած է այդ Թա­թավ­լան։ Հի­մա մար­դիկ քա­լելու ժա­մանակ իրար կը հրմշտկեն։ Նոյ­նիսկ չես կրնար առար­կել։ «Հիլ­թոն» հիւ­րա­նոցի մէջ պա­լօներ կը կազ­մա­կեր­պո­ւէր։ Աղ­քա­տախ­նա­մի հա­մար դրա­մահա­ւաք կ՚ըլ­լար։ Ահա­քին մարդ կը մաս­նակցէր այդ տե­սակի հա­ւաքոյթնե­րուն։ Պահ­քին նա­խոր­դող օրն ալ պա­լօ կը կազ­մա­կեր­պո­ւէր։ Կ՚եր­թա­յինք ու մին­չեւ առ­տու կ՚ու­րա­խանա­յինք։ Այդ օր ահա­գին բան կ՚ու­տո­ւէր։ Բայց անոր մէջ կա­րեւո­րագոյ­նը «ֆա­վա»ն էր։ Կ՚ու­տէինք, կը խմէինք կը զո­ւար­ճա­նայինք եւ յա­ջորդ օր պահ­քը կը սկսէր։ Լաւ օրեր էին։ Թա­թավ­լա­յի մէջ պաք­լա­խորա­նին թէ դպրո­ցէ ներս ու­րա­խու­թիւն էր եւ թէ փո­ղոցը։ Բա­րեկեն­դա­նի ժա­մանակ տու­նե­րու դռնե­րը ընդմիշտ բաց կը մնար։ Շատ լաւ կը յի­շեմ 8 կամ 9 տա­րեկան ըլ­լա­լու եմ։ Մաս­քա­րաներ հա­գայ։ Մէ­կը կի­թառ միւ­սը աքոր­տիոն նո­ւագող եր­կու մար­դիկ տուն մտան։ Ան­ծա­նօթ­ներ էին։ Տուն մտնե­լով սկսան եր­գել։ Մէ­կը ճիշդ որ կ՚եր­գէր հայրս բեր­նէն ներս տոլ­մա մը թխեց։ «Տէ՛ հի­մա եր­գէ» ըսաւ։ Մար­դը չկրցաւ եր­գել ան­շուշտ։ Այդ դէպ­քը մին­չեւ հի­մա կը յի­շեմ։ Նո­ւագե­ցին ու գա­ցին։ Բայց անոնցմէ ետք ու­րիշներ եկան եւ այս այդպէս ընդմիշտ։ Պաք­լա­խորա­նիի օր էր երե­կոյեան դրան առ­ջեւ ելայ։ Լու­սին կար։ Օրը լու­սա­ւորո­ւած էր։ Ո՛չ էլեկտրա­կանու­թիւն, ո՛չ ալ լապ­տեր։ Ամէն մարդ երգ կ՚եր­գէր։ Մի­ջոց մը ետք ձիակառք մը եկաւ։ Շո­ւարած էի։ Ի՞նչ գործ ու­նէր, որ հոս։ Ձիակառ­քէն մար­դիկ իջան եւ եր­գե­լով տու­նե­րէն ներս մտան։ «Քա­լիս­բե­րա» ըսե­լով ող­ջունե­ցին բո­լորին։

6-7 Սեպ­տեմբե­րի դէպ­քերն ալ ապ­րած եմ ես։ Այդ ժա­մանակ ամուսնա­ցած եմ եւ Նի­շան­թա­շի կը բնա­կինք։ Տան գոր­ծե­րուն օգ­նա­կան կ՚ըլ­լայ խոր­հե­լով Իմ­րոզցի աղջնակ մը առած էինք մեր մօտ։ Փո­ղոցէն 20-25 հո­գի ձեռ­քերնին Թուրքի դրօ­շակ­նե­րով երթ կ՚ընէին։ Իմաստ մը չէի կրցած տալ։ Չհասկցայ թէ ի՞նչ կ՚ըլ­լայ։ Այդպէս պո­ռում գո­չու­մով ան­ցան հե­ռացան։ Այդ տա­րինե­րուն Նի­շան­թա­շի մէջ շատ քրիս­տո­նեայ չէր ապ­րեր։ Բո­լորը թուրքեր էին։ Յա­ջորդ օր ամու­սինս զան­գա­հարեց ու ըսաւ թէ պի­տի դժո­ւարա­նայ տուն գա­լու։ Աշ­խա­տատե­ղին Փե­րան էր, Թո­քալ­թըեան Խա­նի կող­քի փո­ղոցը։ Պէ­յօղ­լու մօտ 10հա­զար մարդ ձեռ­քե­րին կա­ցին­նե­րով խա­նութնե­րուն կը յար­ձա­կին ինչ որ գտնեն կը կոտ­րեն կը թա­փեն։ Նա­խապէս «Էթափ» հիւ­րա­նոցի գտնո­ւած տե­ղը յոյն մը խա­նութ բա­ցած էր։ Այդտեղ սառ­նա­դարան­նե­րը երկրորդ յար­կէն վար նե­տեր են։ Ռա­տիօն բա­ցինք սկսանք սպա­սելու։ Վեր­ջա­պէս ժա­մը 01,00-ի սահ­մաննե­րուն ար­տա­կարգ իրա­վիճակ հռչա­կուեց։ Այդ լսե­լով խո­րունկ կշունչ մը առինք։ Յե­տոյ յայտնի դար­ձաւ որ Թե­սաղո­նիկէի մէջ Աթա­թիւրքի տու­նին ռումբ դնո­ղը թուրք մըն է եղեր։ Մուշտակ մը ու­նէի որ նո­րոգու­թեան թո­ղած էի։ Յա­ջորդ օր փոր­ձե­ցի եր­թալ ու առ­նել։ Շէն­քին դռնա­պանը ըն­կե­րակ­ցե­ցաւ ին­ծի բայց ան­կա­րելի բան։ Հա­զիւ Ֆրան­սա­կան Դես­պա­նատան առ­ջեւ հա­սած էինք սոս­կում լռու­թիւն մը։ Կար­ծես Հի­րոշի­մայի վրայ ռումբ ին­կած ըլ­լար։ «Ին­ճի» ծա­ղարա­նի առ­ջեւ հա­սանք սոս­կա­լի էր երե­ւոյ­թը։ Բո­լոր ապա­կինե­րը ջարդ ու փշուր եղած էին։ Վեր­ջա­պէս հա­սանք մուշտա­կավա­ճառին մօտ։ Խեղճ մար­դը լաց լա­լագին։ Խա­նու­թը ինչ որ կայ բզիկ բզիկ ըրած էին։ Յե­տոյ ուղղա­թիռ իջաւ Կա­լաթա­սարա­յի հրա­պարա­կը։ Վար­չա­պետ Ատ­նան Մեն­տե­րեսն էր։ Քո­վը քա­նի մը հո­գի եւս կա­յին։ Ափ­սո­սան­քով դի­տեց շուրջ բո­լորը եւ յե­տոյ յան­դի­մանեց՝ «Ես ի՞նչ ըսի, դուք ի՞նչ ըրիք» ըսե­լով։ Մի­ջոց մը շուրջ բո­լորը դի­տեց ափ­սո­սան­քով եւ ապա «վա՜խ վա՜խ» ըսե­լով նոյն ինքնա­թիռով հե­ռացաւ։ Այդ օրե­րուն ապա­կի ճա­րելը լուրջ խնդիր դար­ձած էր։ Մա­մաս, հայ­րիկս Քուրթու­լուշ կը բնա­կէին։ Տու­ներնիս եռա­յարկ էր։ Անոնք ալ վախ ու սար­սա­փի մէջ էին, տե­սած էին Այա Թռիատա եկե­ղեց­ւոյ այ­րի­լը։ Ինձմէ վեց տա­րի փոքր քոյր մը ու­նիմ։ Հայրս անոր պա­տուի­րեր է, եթէ յան­կարծ տուն մտնեն վեր «ելիր ու ինքզինքդ պա­տու­հա­նէն վար նե­տէ» ըսե­լով։ Մին­չեւ մեր դու­ռը եկեր են։ Դրան առ­ջե­ւի խօ­սակ­ցութիւննե­րը լսեր է։ Խու­ժա­նին մէ­կը «Հայ­տէ մտնենք այս տու­նը» ըսեր է։ Ու­րիշ մէ­կը առար­կեր է «Այս չոր­պա­ճըն լաւ մարդ է, աղ­քատնե­րուն կ՚օգ­նէ։ Չմտնենք անոր տու­նը»։ Հի­մա եր­բեմն թոռս 6-7 Սեպ­տեմբե­րի դէպ­քե­րու մա­սին ֆիլմ մը կամ նկար մը գիրք մը տես­նէ իս­կոյն ին­ծի կ՚իմաց­նէ։ Միշտ նոյն պա­տաս­խա­նը կ՚ու­տամ իրեն։ Ես այդ բո­լորը տե­սած եմ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ