Աւելի քան մէկ ամիս է կորսուած են ասորի ամուսիններ

ՀՏՓ կուսակցու­թեան պատ­գա­մաւոր Թու­մա Չե­­լիք Մա­­մոլոյ յայ­­տա­­­րարու­­թիւն մը հրա­­պարա­­կելով ըսաւ. «Ինչ որ տե­­ղի ու­­նե­­­ցած է ան­­ցեալին, իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րու վե­­րաբեր­­մունքը այդ հար­­ցի նկատ­­մամբ նոյնն է, Տի­­րիլ ամո­­լի ան­­հե­­­տաց­­ման մա­­սին։ Կը նպա­­տակադ­­րուի ան­­հանգստաց­­նել այդ շրջա­­նի ասո­­րի քա­­ղաքա­­ցինե­­րը, որ այժմ փոքր թիւ մը կը կազ­­մեն, եւ ապա մտա­­հոգու­­թեան մատ­­նել մեծ թի­­ւով ասո­­րիներ, որոնք կը ցան­­կա­­­նան վե­­րադառ­­նալ իրենց նախ­­կին հո­­ղերուն»։

Չե­­լիք օգ­­տա­­­գոր­­ծած է հե­­տեւեալ յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րը իր հար­­ցագրին մէջ։

«Թուրքիոյ 90-ական­­նե­­­րը կը նշո­­ւին չբա­­ցայայ­­տո­­­ւած ոճիր­­նե­­­րով եւ ան­­յայտ կո­­րած­­նե­­­րով։ Ար­­տա­­­կարգ դրու­­թեան կի­­րառ­­ման ար­­դիւնքին հա­­զարա­­ւոր բնա­­կավայ­­րեր ամա­­յացած են։ Մեծ թի­­ւով մար­­դիկ դար­­ձած են չբա­­ցայայ­­տո­­­ւած ոճիր­­նե­­­րու զո­­հեր։ Խորհրդա­­րանի տո­ւեալ­­նե­­­րով՝ 1998 թո­­ւակա­­նին պար­­պո­­­ւած է մօտ 4 հա­­զար բնա­­կավայր։ Քննիչ մարմնի տո­­ւեալ­­նե­­­րով՝ մօտ 7 հա­­զար մարդ ան­­յայտ կո­­րած է։ Ճշմար­­տութեան եւ Յի­­շողու­­թեան Կենդրո­­նի տո­­ւեալ­­նե­­­րով՝ 90-ական­­նե­­­րուն ձեր­­բա­­­կալո­­ւած է 1352 անձ։ Տա­­րածաշրջա­­նի հնա­­գոյն ժո­­ղովուրդնե­­րէն ասո­­րիներն ալ, խիստ տու­­ժած է այս բռնու­­թիւննե­­րէն։ Ասո­­րինե­­րու Միու­­թիւննե­­րու ֆե­­դերա­­ցիայի հե­­տազօ­­տու­­թիւննե­­րու հա­­մաձայն՝ Մար­­տին, Շըր­­նաք եւ Հաք­­քա­­­րիի մէջ մօտ 50 ասո­­րի քա­­ղաքա­­ցի զո­­հուած է չբա­­ցայայ­­տո­­­ւած սպա­­նու­­թիւննե­­րու հե­­տեւան­­քով եւ տաս­­նեակ ասո­­րի գիւ­­ղեր պար­­պո­­­ւած են։

Հիւրմիւզ Տի­­րիլ եւ Շի­­մու­­նի Տի­­րիլ՝ կո­­րուստի վեր­­ջին դէպ­­քը։ Տի­­րիլ ամո­­լը միակ ըն­­տա­­­նիքն է, որը կը բնա­­կուի Քո­­վան­­քա­­­յա գիւ­­ղի մէջ, որը 1990-ական­­նե­­­րուն տա­­րահա­­նուած է Շը­­րան­­քի Պէյ­­թուլշա­­պապի շրջա­­նէն։

65-ամեայ Հիւրմիւզ Տի­­րիլ եւ 71-ամեայ Շի­­մու­­նի Տի­­րիլէն Յու­­նո­­­ւարի 11-էն ի վեր լուր չէ առ­­նո­­­ւած։ Կու­­սա­­­կալու­­թեան եւ գա­­ւառա­­պետի յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րը գո­­հացու­­ցիչ չեն։ Փրկա­­րարա­­կան աշ­­խա­­­տանքնե­­րը անբւա­­րար են։ Կլի­­մայի աննպաստ պայ­­մաննե­­րը պատ­­րո­­­ւակե­­լով միայն օդա­­յին հե­­տապնդում կը կա­­տարո­­ւի։ Դէպ­­քի կա­­պակ­­ցութիւ­­նով դա­­տախա­­զու­­թիւնը հե­­տաքննու­­թիւն սկսած է, սա­­կայն որո­­շում կա­­յացու­­ցած է չհրա­­պարա­­կել հե­­տաքննու­­թեան ար­­դիւնքնե­­րը։

Միւս կող­­մէ Իս­­թանպու­­լի Քաղ­­դէացի­­ներու Վե­­րապա­­տուե­­լի Ռեմ­­զի Տի­­րիլ ալ յայ­­տա­­­րարու­­թիւն մը ընե­­լով զգայ­­նութիւն պա­­հան­­ջեց ծնող­­նե­­­րուն յայտնա­­բեր­­ման հա­­մար։ «Ով որ առե­­ւան­­գեց, թող նոյն տե­­ղը թո­­ղու զի­­րենք» ըսաւ Ռեմ­­զի Տիրիլ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ