Կայացաւ Սարիկ Սեւադայի «Հայրենադարձի աչքերով» գրքի շնորհանդէսը

ՔՐԻՍՏԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

 

Երեւան՝ DoubleTree by Hilton հիւ­­րա­­­նոցի մէջ, Փետ­­րո­­­ւարի 2-ին տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ լրագ­­րող, մի­­ջազ­­գայնա­­գէտ Սա­­րիկ Սե­­ւադա­­յի «Հայ­­րե­­­նադար­­ձի աչ­­քե­­­րով» գրքի շնոր­­հանդէ­­սը։ Հե­­ղինա­­կը գրքի մէջ 30 հար­­ցազրոյց, 30 վե­­րադար­­ձի պատ­­մութիւն ներ­­կա­­­յացու­­ցած է։ Սե­­ւադա­­յի նպա­­տակը եղած է՝ խրա­­խու­­սել հայ­­րե­­­նադար­­ձութիւ­­նը։ Յա­­տուկ օրի­­նակ­­նե­­­րով միւսնե­­րուն եւս հայ­­րե­­­նադար­­ձութեան կոչ ընել։ Դահ­­լի­­­ճը լե­­ցուն էր եւ խօ­­սիլ ցան­­կա­­­ցող­­նե­­­րուն թի­­ւը՝ մեծ։ Գիրքը իր ձե­­ւաչա­­փին մէջ առա­­ջին օրի­­նակ կը հա­­մարո­­ւի։ Ան նո­­ւիրո­­ւած է ոչ այնքան Հա­­յաս­­տան ար­­դէն բնա­­կու­­թիւն հաս­­տա­­­տած հայ­­րե­­­նադարձնե­­րուն, որ­­քան հայ­­րե­­­նիքէն հե­­ռու այդ ցան­­կութիւ­­նը թա­­քուն փայ­­փա­­­յող­­նե­­­րուն։

Հե­­ղինա­­կի խօս­­քով՝ 30 հայ­­րե­­­նադարձնե­­րու մա­­սին յա­­ջողո­­ւած պատ­­մութիւննե­­րը բա­­ւարար են, որ­­պէսզի հիմք հան­­դի­­­սանան հայ­­րե­­­նադարձնե­­րու թի­­ւի շա­­տաց­­մա­­­նը։ Սա­­րիկ Սե­­ւադան կը նա­­խատե­­սէ 2020 թո­­ւակա­­նին եւս շա­­րու­­նա­­­կել յօ­­դուած­­նե­­­րու շար­­քը եւ մօտ 50 հայ­­րե­­­նադար­­ձի պատ­­մութիւ­­նը ներ­­կա­­­յաց­­նել։ Պատ­­մութիւննե­­րը ոգե­­ւորիչ էին եւ ներ­­կա­­­ները ոգե­­ւորո­­ւած։ Դահ­­լի­­­ճի մէջ էին նաեւ գրքի հե­­րոս­­նե­­­րը՝ հայ­­րե­­­նադարձնե­­րը։ Անոնք հայ­­րե­­­նիքին ի նպաստ բա­­ւական լուրջ գոր­­ծունէու­­թիւն ծա­­ւալած են՝ տար­­բեր ոլորտնե­­րու մէջ։ Յա­­ջողակ գոր­­ծա­­­րար­­ներ են, հա­­սարա­­կական գոր­­ծիչներ, տե­­ղեկա­­տուա­­կան տեխ­­նո­­­լոգիանե­­րու մաս­­նա­­­գէտ­­ներ, մար­­զիչներ եւ այլն։ Սա­­րիկ Սե­­ւադա­­յի գրքի ազ­­դե­­­ցու­­թիւնը կա­­րող է հայ­­րե­­­նադար­­ձութեան հա­­մար նոր զար­­թօնք ապա­­հովել։

Դահ­­լի­­­ճին գտնո­­ւող ներ­­կայ սփիւռքա­­հայե­­րը եւ հայ­­րե­­­նադարձնե­­րը եւս կար­­ծիքներ յայտնե­­ցին գրքի առանձնա­­կի կա­­րեւո­­րու­­թեան մա­­սին։ Ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լով սե­­փական փոր­­ձա­­­ռու­­թիւննե­­րը, հայ­­րե­­­նիքին տար­­բեր տա­­րինե­­րուն հաս­­տա­­­տուած հայ­­րե­­­նադարձնե­­րը են­­թա­­­հող կը ստեղ­­ծեն նո­­րերու հա­­մար։ Լի­­բանա­­նի «Զար­­թօնք» օրա­­թեր­­թի գլխա­­ւոր խմբա­­գիր Սե­­ւակ Յա­­կոբեանի խօս­­քով՝ այս գիր­­քը հո­­յակապ նա­­խաձեռ­­նութիւն է, որու կա­­րիքը սփիւռքն ու Հա­­յաս­­տա­­­նը ու­­նի։

Ըստ անոր՝ շատ լաւ կ՚ըլ­­լայ, եթէ գիր­­քը արեւմտա­­հայե­­րէն եւս հրա­­տարա­­կուի, որ­­պէսզի սփիւռքա­­հայ ըն­­թերցո­­ղին եւս հասկնա­­լի ըլ­­լայ։

Ներ­­կա­­­ները իրենց ելոյթնե­­րուն միաձայ­­նութեամբ հաս­­տա­­­տեցին այն հան­­գա­­­ման­­քը, որ այս գիր­­քը մեծ կա­­րեւո­­րու­­թիւն ու­­նի սփիւռքի մեր հայ­­րե­­­նակից­­նե­­­րուն հա­­մար։ Հար­­ցազրոյցնե­­րու հե­­րոս­­նե­­­րէն մի քա­­նին իրենց խօս­­քին մէջ շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնե­­ցին հե­­ղինա­­կին, յի­­շեցին հար­­ցազրոյ­­ցի անցկաց­­ման հե­­տաքրքիր դրո­­ւագ­­ներ եւ կոչ ըրին բո­­լոր սփիւռքա­­հայե­­րուն վե­­րադառ­­նալ հայ­­րե­­­նիք։

Լսե­­լով ներ­­կա­­­ներու ջերմ ու դրա­­կան կար­­ծիքնե­­րը, Սե­­ւադան իր ելոյ­­թին սկսաւ նախ շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնե­­լով Սա­­հակեան- Բագ­­րա­­­մեան հիմ­­նադրա­­մին՝ ի դէմս Պրուքլի­­նի հայ հա­­մայնքի ղե­­կավար Տիգ­­րան Սա­­հակեանին՝ գրքի տպագ­­րութիւ­­նը հո­­վանա­­ւորե­­լուն հա­­մար։

«Շատ հա­­ճելի է, երբ հայ­­րե­­­նադար­­ձութեան թե­­մայով ֆի­­նան­­սա­­­ւորու­­մը կը ստա­­նաս սփիւռքէն։ Գիրքս ստեղ­­ծե­­­լու գա­­ղափա­­րը առա­­ջացաւ այն ժա­­մանակ, երբ որ­­պէս լրագ­­րող կ՚աշ­­խա­­­տէի Սփիւռքի նա­­խարա­­րու­­թեան մէջ։ Ըն­­թացքին հասկցայ, որ կա­­րելի է մէկ­­տե­­­ղել բո­­լոր հար­­ցազրոյցնե­­րը։ Շատ յա­­ջողո­­ւած պատ­­մութիւններ են եւ թի­­րախա­­ւորու­­մը ըլ­­լա­­­լու էր սփիւռքի մէջ, որ­­պէսզի սփիւռքի երի­­տասարդնե­­րը վճռա­­կան ըլ­­լան հայ­­րե­­­նադարձման գա­­ղափա­­րին։ Յա­­ջորդ շնոր­­հա­­­կալու­­թիւնս կ՚ու­­զեմ յայտնել գրքի խմբա­­գիր Կա­­րինէ Աւա­­գեանին, որուն ուղղոր­­դող յոր­­դորնե­­րու շնոր­­հիւ է այս գիր­­քը ծնած։ Կ՚ու­­զեմ շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնել բո­­լոր հայ­­րե­­­նադարձնե­­րուն, ով­­քեր միս ու արիւն տո­­ւին իմ այս նա­­խաձեռ­­նութեանը։ Եթէ դուք չըլ­­լա­­­յիք, իմ այս նա­­խագի­­ծը չէր ըլ­­լար»։

Մի­­ջոցառ­­ման աւար­­տին Սա­­րիկ Սե­­ւադան գրքի 30 հայ­­րե­­­նադարձ հե­­րոս­­նե­­­րուն, որոնք ներ­­կայ էին արա­­րողու­­թեանը, յա­­տուկ մա­­կագ­­րութեամբ գիր­­քը նո­­ւիրեց, ապա բո­­լոր ցան­­կա­­­ցող­­նե­­­րուն սի­­րով յանձնեց 30 հայ­­րե­­­նադար­­ձի մա­­սին պատ­­մող կա­­րեւոր աշ­­խա­­­տու­­թիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ