«Կեզի»ի դատը անպարտ, Քաւալա ճաղերու ետին

Իսթանպուլի 30-րդ Եղեռնադատ Ատեանի մէջ 18 Փետրուարին կայացաւ «Կեզի» զբօսայգիի դիմադրութեան դատավարութիւնը։ Դատական նիստին ներկայ գտնուեցան աւելի քան երկու տարիէ ի վեր բանտարկուած Օսման Քաւալա եւ ոչ ձերբակալեալ եօթը ամբաստանեալներ։ Նիստին հետեւեցան Շուէտի, Գանատայի, Զուիցերիոյ, Դանիայի, Գերմանիայի եւ Նիտերլանտի աւագ հիւպատոսները, Լիւքսեմպուրկ, Պելկիա, Իրլանտիա եւ ԱՄՆ-ի աւագ դեսպանները։ Մասնակցեցան նաեւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու պատգամաւորներ եւ համակիրներու հոծ բազմութիւն մը։ Դատակազմի պետ Մեհմետ Կալիպ Բերք իրեն ուղղուած մեղադրանքներուն պատասխանելու համար խօսք տուաւ Օսման Քաւալային։ Այդ միջոցին ամբաստանեալներու կարգ մը իրաւապաշտպաններ ըսին թէ նախապէս ներկայացուած իրենց պահանջները նկատի չէ առնուած դատարանի կողմէ։ Անոնք նաեւ յայտնեցին թէ ունին ականատես վկաներ, որոնք դուրսը կը սպասեն ներկայացնելու համար իրենց վկայութիւնները, բայց դատարանը կը մերժէ անոնց խօսքը։ Երբ դատակազմը մերժեց իրաւապաշտպաններու այս պահանջները սրահին մէջ լարուած միջավայր մը գոյացաւ։ Դատակազմը նախ պահանջեց դահլիճը պարպել, բայց ապա շարունակեց նիստին։

Այդ հանգրուանէն ետք պատահեցաւ անակնկալ մը։ Դատակազմը սկսաւ վճիռը հրապարակել։ Այսպէս բոլորը զարմանքով լսեցին թէ անպարտ հռչակուած են բոլոր մեղադրեալները եւ Քաւալա ազատ է։ Այս անսպասելի զարգացումը ուրախութիւն պատճառեց, թէ դահլիճի մէջ եւ թէ դահլիճէն դուրս զարգացումներուն հետեւելու ջանացող համակիրներուն մօտ։ Իսկապէս ալ այսքան լարուած մթնոլորտի մէջ կայացած դատավճիռը զարմանալի կը թուէր շատերուն համար։ Ցմահ բանտարկութիւն պահանջուած Միւճելլա Եափըճը, իսկոյն յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ եւ ըսաւ հետեւեալը. «Ուրեմն ի՞նչ է եղեր, կարելի չէ «Կեզի»ն դատել»։

Միւս կողմէ այս որոշումով հանդերձ չկատարուեցաւ Օսման Քաւալայի ազատ արձակումը։ Անցնող ժամերու ընթացքին Իսթանպուլի գլխաւոր դատախազութիւնը յայտարարեց թէ պիտի առարկեն դատավճիռին դէմ։ Աւելի ետք դատախազութիւնը ըսաւ թէ իր դատուած թղթածրարի նիւթով ազատ մնացած Քաւալա պիտի հարցաքննուի ուրիշ յանցանքի մը պատճառաւ եւ այս ըսելով անոր բեռցուց Ֆեթուլլահ Կիւլենի հետ առնչուած մեղադրանքներ։

Այս անսպասելի եւ իրարու յաջորդող զարգացումները բնականաբար ընդվզման տեղի տուին եւ մարդիկ պախարակեցին իշխանամետ մամուլը, ըսելով որ «Այսքան երկար բանտարկութենէ ետք բերման ենթարկելը ի՞նչ նշանակութիւն ունի»։

Շատեր այս ընթացքին մէջ կը սպասէին նախագահ Էրտողանի հակազդեցութիւնը, իսկ ան իր կարգին ըրաւ յայտարարութիւններ եւ շարունակեց Քաւալան մեղադրել՝ անտեսելով կայացած վճիռը։ Այս պահուն Օսման Քաւալայի համար կրկին վերսկսած է անցման եղանակի մը սպասումը։ Դատարանը կրնայ ազատ արձակել Քաւալան կամ ալ կրնայ կրկին անգամ բանտարկութեան դատապարտէ զինք։

Բոլոր այս զարգացումներէն ետք Դատաւորներու եւ դատախազներու վեհագոյն խորհուրդը արտօնեց, որ հարցաքննուին անպարտ հռչակման որոշում կայացնող դատակազմը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ