Զրկանքի գաղթականութիւնԳեղթաե

ԼԻՒԼԻՒՖԷՐ ՔԷՕՐԻՒՔՄԵԶ

lulufer@gmail.com

«Նոյնն է գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րու նիւ­­թին մէջ մեր քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը, բայց խնդիր մը ու­­նինք, այ­­լեւս անոնք չենք կրնար պա­­հել»։ Եր­­կար գոր­­ծընթացք մը ապ­­րե­­­ցանք մին­­չեւ որ հա­­սանք այս հանգրուանին։ Սու­­րիոյ խնդրին մէջ որ­­դեգրած ինք բաց դրան քա­­ղաքա­­կանու­­թիւն մը։ Խնդի­­րը շրջո­­ւեցաւ եւ հա­­սանք սահ­­մա­­­նագ­­ծին հաստ ու բարձր պա­­տեր հիւ­­սե­­­լու հանգրո­­ւանին։ Գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րը նախ դի­­մաւո­­րած էինք «հիւ­­րեր» ըլ­­լա­­­լով։ Ապա անոնք վե­­րածո­­ւեցան «սու­­րիացի»ի։ Հիւ­­րա­­­սիրու­­թիւնը վե­­րածո­­ւեցաւ հան­­դուրժե­­լու։ Նա­­խապէս ամե­­նաբարձր գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րը ամե­­նալաւ պայ­­մաննե­­րով ըն­­դունող եր­­կիր էինք եւ հի­­մա կը յայ­­տա­­­րարենք, թէ անոնք պա­­հելու ի վի­­ճակի չենք։ Ինչպէ՞ս եղան այս ան­­ցումնե­­րը։

2015-ին «Եր­­կար Ամառ» նկա­­րագ­­րո­­­ւած եւ ընդհան­­րա­­­պէս սու­­րիացի­­ներէ բաղ­­կա­­­ցող գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րուն Թուրքիոյ վրա­­յէն դէ­­պի արեւմտեան եր­­կիրներ զան­­գո­­­ւածա­­յին գաղ­­թէն ետք ԵՄ նախ Թուրքիան դա­­սեց ապա­­հով եր­­րորդ երկրի աս­­տի­­­ճանա­­կար­­գով եւ 2016-ի Մար­­տին ալ Թուրքիոյ հետ կնքեց «Ետ ըն­­դունե­­լու հա­­մաձայ­­նութիւն»։ Այս հա­­մաձայ­­նութիւ­­նը մէկ կող­­մէն Թուրքիան կը դնէր Հա­­մաշ­­խարհա­­յին գաղ­­թի վար­­չութեան առանցքա­­յին երկրի դիր­­քին, իսկ միւս կող­­մէ կը պատ­­շա­­­ճէր Եւ­­րո­­­պայի սահ­­մաննե­­րու վար­­չա­­­մեքե­­նայի ար­­տաքսման տրա­­մադ­­րութեան։ Այսպէ­­սով Եւ­­րո­­­միու­­թեան սահ­­մաննե­­րը գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րու հա­­մար քիչ մը աւե­­լի հե­­ռու քշուած եղան։ Այս հա­­մաձայ­­նութեամբ զա­­նազան մի­­ջոց­­նե­­­րով մին­­չեւ Եւ­­րո­­­պա եր­­թալ յա­­ջողած­­նե­­­րը շու­­տա­­­փոյթ կեր­­պով ետ պի­­տի վե­­րադար­­ձո­­­ւէին դէ­­պի Թուրքիա։ Եւ­­րօ Միու­­թիւնը նաեւ կը խոս­­տա­­­նար Թուրքիոյ նիւ­­թա­­­կան աջակ­­ցութիւն ապա­­հովել սու­­րիացի­­ներու կեն­­ցա­­­ղը բա­­րելա­­ւելու հա­­մար։

Մի­­ջազ­­գա­­­յին հա­­մագոր­­ծակցու­­թիւնով մը Թուրքիա մնա­­լու դա­­տապար­­տո­­­ւած գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րուն առող­­ջա­­­կան ծա­­ռայու­­թիւննե­­րու, ուսման, աշ­­խա­­­տանք գտնե­­լու, առիթ­­նե­­­րը թուղթի վրայ երաշ­­խա­­­ւորո­­ւեցան։ Այդ բո­­լորը մնա­­ցին թուղթի վրայ, որով­­հե­­­տեւ իրո­­ղու­­թեան մէջ գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րը են­­թարկո­­ւեցան՝ թշո­­ւառու­­թեան, կե­­ղեքու­­մի, խտրա­­կանու­­թեան հետզհե­­տէ ցե­­ղապաշ­­տութեան սպառ­­նա­­­լիք­­նե­­­րու հետ դէմ­­հանդի­­ման։ Անոնք ար­­դէն զուրկ էին գաղ­­թա­­­կանի օրի­­նական իրա­­վիճա­­կէն։ Այսպէ­­սով իրենց դի­­մաց փա­­կուած կ՚ըլ­­լար ապաս­­տա­­­նելու առիթ­­նե­­­րը եւս։ Իսկ Թուրքիա հա­­մաձայ­­նութեան պար­­տադրան­­քին տակ լրջօ­­րէն կը հսկէր սահ­­մաննե­­րը եւ ար­­գելք կ՚ըլ­­լար ապօ­­րէն ան­­ցումնե­­րուն։

Անոնք հի­­մա մատ­­նո­­­ւած էին լուրջ անո­­րոշու­­թեան մը։ Մէկ կող­­մէն կը շրջէին գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րուն քա­­ղաքա­­ցիու­­թիւն շնոր­­հե­­­լու մա­­սին լու­­րեր, սա­­կայն կա­­րելի չէր ըլ­­լար, այդ պնդումնե­­րուն իրո­­ղու­­թիւնը հաս­­տա­­­տել։ Վեր­­ջա­­­պէս սու­­րիացի գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րուն հա­­մար, թէ կը ջնջո­­ւէր մի­­ջազ­­գա­­­յին խնա­­յելու մի­­ջոց­­նե­­­րը եւ թէ Թուրքիոյ մէջ կեան­­քը հետզհե­­տէ աւե­­լի դա­­ժան կ՚ըլ­­լար։

Սու­­րիոյ պա­­տերազ­­մի հա­­մաշ­­խարհա­­յին քա­­ղաքա­­կանու­­թեան վրայ ու­­նե­­­ցած ալե­­կոծու­­մը եւ պա­­տերազ­­մի բեր­­մամբ իրենց եր­­կիրնե­­րէն հե­­ռանա­­լով զան­­գո­­­ւածա­­յին ձե­­ւով դէ­­պի Թուրքիա եկող­­նե­­­րու բազ­­մութիւ­­նը ան­­տե­­­սու­­թեան մատ­­նեց այլ եր­­կիրնե­­րէն եկած գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րը։ Յատ­­կա­­­պէս Աֆ­­ղա­­­նիս­­տա­­­նէն գաղ­­թը տա­­րինե­­րէ ի վեր կը շա­­րու­­նա­­­կուի եւ ՄԱԿ-ի գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րու բարձրա­­գոյն կո­­միսա­­րու­­թիւնը տա­­րողու­­թեան ան­­բա­­­ւարա­­րու­­թիւնը պատ­­րո­­­ւակե­­լով գաղ­­թա­­­կան չ՚ըն­­դունիր եր­­րորդ որե­­ւէ երկրի հա­­մար։ Անոնք միայն պայ­­մա­­­նաւո­­րուած պաշտպա­­նու­­թեան մը կրնան տի­­րանալ եւ կը տե­­ղաւո­­րուին յա­­տուկ կա­­ռու­­ցուած բնա­­կավայ­­րեր առանց աշ­­խա­­­տան­­քի իրա­­ւունքի տի­­րանա­­լու։ Այս բո­­լորը շա­­տերուն հա­­մար կրնան թո­­ւիլ դժո­­ւար հասկնա­­լի թեխ­­նի­­­քական տե­­ղեկու­­թիւններ։ Այ­­լեւս չեն գոր­­ծեր բո­­լոր այն հա­­մակար­­գե­­­րը, որոնք ձե­­ւաւո­­րուած էին Բ. Հա­­մաշ­­խարհա­­յին պա­­տերազ­­մի աւար­­տին եւ կը մի­­տէին կեան­­քը վտան­­գո­­­ւած մար­­դոց օգ­­նել։ Իսկ այ­­սօր բա­­զում ար­­գելքներ կան օրէնքնե­­րով երաշ­­խա­­­ւորո­­ւած այդ առիթ­­նե­­­րուն հաս­­նե­­­լուն դի­­մաց։ Այս օրե­­րուս ան­­գամ մը եւս աւե­­լի մար­­դա­­­վայել պայ­­մաննե­­րու մէջ ապ­­րիլ ցան­­կա­­­ցող­­նե­­­րը իրենց դի­­մաց կը գտնեն փշա­­թելեր, պա­­տեր, տե­­սախ­­ցիկներ եւ զի­­նեալ սահ­­մա­­­նապա­­հեր։ Պե­­տու­­թիւննե­­րը իրենց բո­­լոր կա­­րողու­­թիւնով կը փոր­­ձեն ար­­գելք ըլ­­լալ գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րուն ներ­­թա­­­փանցման։ Անո­­ւանի քա­­ղաքա­­գէտ Ակամ­­պե­­­նի բնու­­թագրած ար­­տա­­­յայ­­տութեամբ մերկ կեանք մը ձե­ւաւո­­րուած է գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րուն դի­­մաց։ Սահ­­մա­­­նագ­­ծին վրայ իրենց են­­թարկո­­ւած ան­­մարդկա­­յին վե­­րաբե­­րու­­մը ան­­պատժե­­լիու­­թիւնով երաշ­­խա­­­ւորո­­ւած է։ Նոյ­­նիսկ անոնք այ­­լեւս մարդ կո­­չու­­մի ալ ար­­ժա­­­նի չեն դա­­տուիր։ Հա­­զարա­­ւոր մարդկանց են­­թարկո­­ւած այս պայ­­մաննե­­րը ստեղ­­ծողնե­­րը ո՛չ միայն գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րուն, այլ գաղ­­թա­­­կան չե­­ղող­­նե­­­րուն հա­­մար ալ շատ լուրջ մղձա­­ւանջ մը դար­­ձած է։ Պա­­տերազ­­մի ըն­­թացքին կա­­տարո­­ւած յան­­ցա­­­գոր­­ծութիւննե­­րը, զան­­գո­­­ւածա­­յին մար­­դասպա­­նու­­թիւննե­­րը, ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնը եւ դեռ ան­­հա­­­մար չա­­րիք ան­­խուսա­­փելիօրէն ծանր բեռ մը կը թո­­ղու մարդկանց վրայ։ 27 Փետ­­րո­­­ւարի գի­­շերո­­ւայ ժա­­մերէն այս կողմ հա­­զարա­­ւոր մար­­դիկ ան­­տե­­­սուած են Թուրքիա Յու­­նաստան սահ­­մա­­­նագ­­ծին վրայ։ Այդտեղ կա­­տարո­­ւած­­նե­­­րը մարդկու­­թեան դէմ յան­­ցա­­­գոր­­ծութիւն ըլ­­լա­­­լով պի­­տի յի­­շուին պատ­­մութեան էջերուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ