Տիգրան Կիւլմեզկիլ Հայ Հիմնարկներու Միութեան Բ. Ատենապետ

Պոլսահայ հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու զօ­րակ­ցութեան հար­թա­կը ՎԱ­ՏԻՓ եր­կար ընդմի­ջու­մէ ետք առա­ջին ան­գամ ժո­ղով գու­մա­րեց 2 Մարտ եր­կուշաբ­թի երե­կոյեան։

Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի «Պի­լէք» սրա­հին մէջ կա­յացող դռնփակ ժո­ղովի ըն­թացքին միայն սկիզ­բին մա­մու­լին ար­տօ­նուե­ցաւ լու­սանկա­րել եւ ապա ժո­ղովը շա­րու­նա­կուե­ցաւ դռնփակ նիս­տով։ Ժո­ղովի աւար­տին կա­տարո­ւեցաւ մամ­լոյ յայ­տա­րարու­թիւն, ուր կը նշո­ւէր թէ այ­սուհե­տեւ կազ­մը պի­տի ներ­կա­յանայ Հայ Հիմ­նարկնե­րու Միու­թիւն անո­ւանու­մով, որուն դար­ձեալ պի­տի նա­խագա­հէ Ս. Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի հո­գաբար­ձութեան ատե­նապետ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լու։

Այս նոր շրջա­նի կա­րեւոր երե­ւոյթնե­րէն մէկն ալ նա­խապէս այս ժո­ղով­նե­րէն զերծ կե­ցող Գա­րակէօզեանի խնա­մակա­լու­թեան մաս­նակցու­թիւնը եղաւ։ Այս հի­ման վրայ Հայ Հիմ­նարկնե­րու Միու­թեան բ. նա­խագահ կար­գո­ւեցաւ Տիգ­րան Կիւլմեզ­կիլ։

Կը հա­ղոր­դո­ւի թէ Կիւլմեզ­կի­լի եւ Շի­րինօղ­լո­ւի մի­ջեւ առ­կայ սա­ռոյ­ցի հա­լուի­լը ու­րա­խու­թեամբ դի­մաւո­րուած է ներ­կա­ներու կող­մէ։

Ինչպէս նա­խապէս ալ տե­ղեկա­ցու­ցած էինք, Սա­հակ Բ. Պատ­րիար­քի կար­գադրու­թեամբ ար­դէն կազ­մո­ւած էր կեդ­րո­նական սե­ղան մը եւ հի­մա այս նոր կազ­մա­կեր­պութիւնն ալ պի­տի գոր­ծէ կեդ­րո­նական սե­ղանի զու­գա­հեռ ձե­ւով։ Այս առ­թիւ քննար­կո­ւեցաւ նաեւ կեդ­րո­նական սե­ղանի ձե­ւաւոր­ման մա­սին զա­նազան գա­ղափար­ներ եւ ապա որո­շուե­ցաւ որ կեդ­րո­նական սե­ղանը պի­տի գու­մա­րուի ամ­սա­կան եւ Հայ Հիմ­նարկնե­րու Միու­թիւնն ալ եր­կամսեայ հեր­թա­կանու­թեամբ։ Կեդ­րո­նական սե­ղանի աշ­խա­տան­քա­յին օրա­ցոյ­ցը պի­տի յստա­կանայ Սա­հակ Բ. Պատ­րիար­քի Հայաստանէն վերադարձով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ