Հին ողբերգութեան նոր բեմադրութիւնը

Եթէ շա­բաթ մը առաջ երկրի օրա­կար­գը զբա­ղեց­նող գլխա­ւոր նիւթն էր Քո­րոնա ժահ­րը, նա­խորդ հինգշաբ­թի երե­կոյեան Սու­րիոյ մէջ Թրքա­կան բա­նակին են­թարկո­ւած զի­նեալ յար­ձա­կու­մը իս­կոյն շրջեց այդ երե­ւոյ­թը։ Ամ­բողջ շա­բաթ մըն է, որ բո­լոր լրա­տուա­միջոց­նե­րը կ՚անդրա­դառ­նան Իտ­լի­պի մէջ պա­տահած­նե­րուն եւ անոր հե­տեւանքնե­րուն։ Իս­կա­պէս ալ առ­նո­ւազն 33 զի­նուոր­նե­րու մա­հը անակնկալ մըն էր երկրի հա­սարա­կու­թեան հա­մար։ Բայց հա­կազ­դե­ցու­թիւնը դար­ձեալ անակնկալ մը եղաւ, երբ նա­խագահ Էր­տո­ղան յայ­տա­րարեց, թէ ար­գելք պի­տի չ՚ըլ­լայ երկրի մէջ բնա­կող ապաս­տա­նեալ­նե­րուն դէ­պի արեւմտեան եր­կիրներ գաղ­թին։ Ար­տա­քին քա­ղաքա­կանու­թեան մէջ շատ լուրջ շե­ղում մըն էր այս մէ­կը, քա­նի Թուրքիա գլխա­ւորու­թեամբ Գեր­մա­նիոյ դաշ­նութեան վար­չա­պետին, Եւ­րո­պական զա­նազան քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րու հետ կնքած էր հա­մաձայ­նութիւն, սու­րիացի գաղ­թա­կան­նե­րը երկրի մէջ պա­հելու մա­սին։

Նա­խագա­հի յայ­տա­րարու­թե­նէն ետք երկրի տար­բեր քա­ղաք­նե­րէն բազ­մա­թիւ գաղ­թա­կան­ներ խու­ժե­ցին դէ­պի Յու­նաստա­նի սահ­մա­նագի­ծը։ Անոնք այս նոր զար­գա­ցու­մէն իրա­զեկ եղած էին շշու­կի մա­մու­լի մի­ջոցաւ։ Կար­ծած էին թէ Թուրքիա երբ ըն­թացք կու տայ երկրէն դուրս ել­լե­լու, հա­րեւան պե­տու­թիւնն ալ նոյն հեշ­տութեամբ պի­տի բա­նայ դռնե­րը եկո­ւոր գաղ­թա­կան­նե­րու դի­մաց։

Իրո­ղու­թիւնը բո­լորո­վին տար­բեր էր։ Էր­տո­ղան գի­տէր թէ յու­նա­կան կող­մը գրկա­բաց պի­տի չ՚ըն­դունի գաղ­թա­կան­նե­րու հոս­քը։ Եւ այդպէս ալ եղաւ, գաղ­թա­կան­ներ առանց որե­ւէ գոր­ծո­ղու­թեան կամ մաք­սա­յին ստուգման պի­տի կրնա­յին ել­լել Թուրքիայէն, բայց դառն փոր­ձութեամբ տե­սան, թէ պի­տի չկա­րենան մտնել Յու­նաստան, որ Եւ­րո­միու­թեան արե­ւելեան դար­պա­սը կը հա­մարո­ւի։

Գաղ­թա­կան­նե­րը բիրտ ու բռնի վե­րաբեր­մունքով ետ շպրտո­ւեցան Յու­նաստա­նի սահ­մա­նապահ ոս­տի­կան­նե­րու ձե­ռամբ։ Մինչ այդ սահ­մա­նագ­ծի Թրքա­կան հա­տուա­ծի վրայ կը տի­րէր կա­տարեալ ան­տէ­րու­թիւն։ Մա­նաւանդ արե­ւամու­տէն ետք ցուրտ քա­մի կը տի­րէր տա­րած­քի վրայ, ուր գաղ­թա­կան­նե­րը պաշտպա­նուե­լու ոչ մէկ մի­ջոց ու­նէին։ Նա­խագահ Էր­տո­ղան Եւ­րո­պայի դի­մաց ան­գամ մը եւս յա­ջողած էր իր սպառ­նա­լիք­նե­րով, որուն զո­հը կը դառ­նա­յին բազ­մա­թիւ գաղ­թա­կան­ներ։

Մարդկա­յին ող­բերգու­թիւն մըն է, որ կը կա­տարո­ւի Յու­նաստա­նի սահ­մա­նին վրայ, երբ աւե­լի մար­դա­վայել պայ­մաննե­րու տի­րանա­լու ակնկա­լու­թեամբ սահ­ման խու­ժած մար­դիկ նոր յու­սալքու­թեամբ, նոր հիաս­թա­փու­թեամբ կը վե­րադառ­նան իրենց եկած քա­ղաք­նե­րը։ Ցա­ւալի է այն իրո­ղու­թիւնը, որ անոնք նախ­քան այս ճամ­բորդու­թիւնը իրենց բո­լոր ու­նե­ցուած­քը սպա­ռած էին վեր­ջին պատ­րաստու­թիւննե­րու եւ աւե­լին, ահա­գին ծախ­սեր ըրած էին քաու­չուք նա­ւեր ապա­հովե­լու հա­մար։ Վեր­ջա­պէս մարդկա­յին ող­բերգու­թիւն մըն է, որ կ՚ապ­րո­ւի շնոր­հիւ նա­խագահ Էր­տո­ղանի դա­ւադ­րա­կան ռազ­մա­վարու­թեան, եւ­րո­պացի­ներու կա­տարեալ ան­ճա­րակու­թեան եւ բա­ցի սու­րիացի­ներէ աֆ­ղա­նիս­տանցի, իրան­ցի, նոյ­նիսկ ափ­րի­կեցի ժո­ղովուրդի ճա­րահա­տու­թեան պայ­մաննե­րուն տակ։

Այ­սօր կա­րելի է այս բո­լորը դի­տել բա­ցար­ձակ ան­հո­գու­թիւնով, բայց իւ­րա­քան­չիւր հայ պէտք է իր մտքին մէջ յի­շած ըլ­լայ նոյն իր ժո­ղովուրդին 100 տա­րի առաջ ապ­րած ող­բերգու­թիւնը։

Ցա­ւալի է տես­նել այլ իրո­ղու­թիւն մը եւս, որու հա­մաձայն ոչ զե­հերը փո­խած են իրենց դիր­քը եւ ոչ ալ դա­ժան ոճրագործները։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ