Գինեձօն Զահրատի ամբողջական թարգմանութեան

Արեւմտահայ բա­­նաս­­տեղծա­­կան աւան­­դի մե­­րօրեայ կա­­րեւո­­րագոյն դէմ­­քե­­­րէն էր բա­­նաս­­տեղծ Զահ­­րատ, կամ իս­­կա­­­կան անու­­նով Զա­­րեհ Եալ­­տըզճեան։ Զահ­­րա­­­տի բա­­նաս­­տեղծու­­թիւննե­­րուն ամ­­բողջա­­կան թարգմա­­նու­­թիւնը գի­­նեձօ­­նով մը ող­­ջունո­­ւեցաւ 10 Մարտ երեք­­շաբթի երե­­կոյ «Արաս» հրա­­տարակ­­չա­­­տան «Եսա­­յեան» սրա­­հին մէջ։

Այս առ­­թիւ հրա­­տարակ­­չա­­­տան հիմ­­նա­­­դիր­­նե­­­րէն Եդո­­ւարդ Թով­­մա­­­սեան, բա­­նասէր Սե­­ւան Տէ­­յիր­­մենճեան եւ թարգմա­­նու­­թիւննե­­րու հե­­ղինակ Յով­­հաննէս Շաշ­­կալ ելոյթներ ու­­նե­­­ցան Զահ­­րա­­­տի գրա­­կան իւ­­րա­­­յատ­­կութեան եւ կեն­­սագրու­­թեան նիւ­­թե­­­րով։

Տէ­­յիր­­մենճեան նշեց թէ Զահ­­րատ խո­­րապէս ազ­­դո­­­ւած է Կար­­պիս Ճան­­ճի­­­կեանէ եւ իր առա­­ջին բա­­նաս­­տեղծու­­թիւննե­­րը 1940-ական տա­­րեթի­­ւերուն հրա­­տարա­­կուած են «Ժա­­մանակ» օրա­­թեր­­թի մէջ։ Զահ­­րատ նոյն տա­­րինե­­րուն խմբա­­գիրի պաշ­­տօն ստանձնած է իր ալ ու­­սա­­­նած Մխի­­թարեան Սա­­նուց Միու­­թեան «Սան» պար­­բե­­­րակա­­նի մէջ։ Ան 1960-ական­­նե­­­րուն կը հա­­մարո­­ւէր ար­­դի բա­­նաս­­տեղծու­­թեան ջա­­հակիր­­նե­­­րէն։ Իր կար­­գին ներշնչման աղ­­բիւր դար­­ձած էր Երե­­ւանի մէջ լոյս տես­­նող «Գա­­րուն» պար­­բե­­­րակա­­նի։

Վեր­­ջա­­­պէս Տէ­­յիր­­մենճեան յայտնեց, թէ Զահ­­րա­­­տին թրքե­­րէն կար­­դա­­­ցող զան­­գո­­­ւածին հա­­մար ալ հա­­սանե­­լի ըլ­­լա­­­լու խնդրին մէջ շատ կա­­րեւոր նպաստ բե­­րած է Յով­­հաննէս Շաշ­­կա­­­լի թարգմա­­նու­­թիւննե­­րը։

Յով­­հաննէս Շաշ­­կալ ալ նշեց, որ Զահ­­րա­­­տի բա­­նաս­­տեղծու­­թիւննե­­րը 1990-ական տա­­րեթի­­ւերուն սկսած է թարգմա­­նել եւ այդ թարգմա­­նու­­թիւննե­­րու «Իւ­­ղի Կա­­թիլ» անու­­նով հրա­­տարա­­կուած հա­­տըն­­տի­­­րը հետզհե­­տէ Զահ­­րա­­­տի երկրպա­­գու­­նե­­­րու բա­­նակի մը ձե­­ւաւոր­­ման սկիզ­­բը եղած է։ «Զահ­­րատ իր բո­­լոր գոր­­ծե­­­րը հա­­յերէ­­նով ար­­տադրեց։ Եթէ յօ­­ժարած ըլ­­լար թրքե­­րէն գրե­­լու, ան­­շուշտ որ շատ աւե­­լի լայն զան­­գո­­­ւածի մը վրայ ազ­­դե­­­ցու­­թիւն պի­­տի գոր­­ծէր» ըսաւ Շաշ­­կալ։ Ան նաեւ աւել­­ցուց, որ Զահ­­րատ եր­­բեք չէր մի­­ջամ­­տեր թարգմա­­նու­­թիւննե­­րուն, այլ կը բա­­ւարա­­րէր որոշ ցուցմունքներ ընե­­լով։

Զահ­­րա­­­տի վեր­­ջին բա­­նաս­­տեղծու­­թիւնը կը խօ­­սէր Հրանդ Տին­­քի մա­­սին, բայց ափ­­սոս որ կի­­սաւարտ մնաց։

Գիր­­քի շնոր­­հանդէ­­սը աւար­­տին հա­­սաւ գի­­նեձօ­­նով, ուր գի­­նիով օծո­­ւեցաւ «Բո­­լորո­­վին Տար­­բեր Գա­­րուն Մը» հատորը։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ