8 Մարտեան խոհեր՝ փոքրամասնութեան մէջ

8Մարտ Կա­­նանց Հա­­մաշ­­խարհա­­յին Օրո­­ւայ առ­­թիւ «Արաս» հրա­­տարակ­­չա­­­տան «Եսա­­յեան» սրա­­հի մէջ շրջօ­­րեայ մի­­ջոցա­­ռումներ տե­­ղի ու­­նե­­­ցան։ Անոնցմէ մէկն էր «Փոք­­րա­­­մաս­­նութեան մէջ կին ըլ­­լալ» խո­­րագ­­րեալ ասու­­լի­­­սը։ Մաս­­նա­­­կից­­ներն էին՝ Թի­­նա Տար­­սա, Թի­­նա Ալա­­ճա Նա­­ճար, Ան­­նա Մա­­րիա Աս­­լա­­­նօղ­­լու եւ Ժաք­­լին Չա­­թալ։ Ատե­­նախօս­­նե­­­րը անդրա­­դար­­ձան հրեայ, ասո­­րի, յոյն եւ հայ հա­­մայնքնե­­րու մէջ եւ ընդհան­­րա­­­պէս ըն­­կե­­­րու­­թեան մէջ դէմ առ դէմ մնա­­ցած նա­­հապե­­տական սո­­վորու­­թիւննե­­րու եւ անոնց իրենց կեան­­քի վրայ տե­­ղի ու­­նե­­­ցած ազ­­դե­­­ցու­­թիւննե­­րու շուրջ։

Թի­­նա Տար­­սա խօսեցաւ գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րու խումբե­­րու հետ աշ­­խա­­­տելէ ետք աւե­­լի ներ­­քին գոր­­ծող հա­­սարա­­կու­­թեան մը մէջ աշ­­խա­­­տելու տե­­ղի տո­­ւած ազ­­դե­­­ցու­­թիւննե­­րուն շուրջ։ Ան նշեց թէ եր­­բեմն հա­­սարա­­կու­­թեան չա­­փանիշ­­նե­­­րը ինչպէս կը գե­­րազան­­ցեն ան­­հա­­­տական կողմնո­­րոշումնե­­րը։

Թի­­նա Ալա­­ճա Նա­­ճար աւե­­լի շատ ծան­­րա­­­ցաւ մայ­­րե­­­նի լե­­զուի խնդրին, դի­­տել տա­­լով թէ դպրո­­ցի բա­­ցակա­­յու­­թիւնը ինչ տե­­սակ ժխտա­­կան ազ­­դե­­­ցու­­թիւններ կրնայ ու­­նե­­­նալ լե­­զուի տի­­րապե­­տելու նիւ­­թին մէջ։ Ան նաեւ ընդգծեց խառն ամուսնու­­թիւննե­­րու պա­­րագա­­յին այ­­րե­­­րու ըն­­տա­­­նիքի մէջ ու­­նե­­­ցած թե­­րակա­­տարու­­թիւնը։ Ան­­նա Մա­­րիա Աս­­լա­­­նօղ­­լու յոյն հա­­սարա­­կու­­թեան մէջ կնոջ վե­­րագ­­րո­­­ւած յատ­­կութիւննե­­րը եւ ակնկա­­լու­­թիւննե­­րը նկա­­րագ­­րեց մա­­նաւանդ հրա­­տարակ­­չա­­­տան ոլոր­­տէ ներս իր ու­­նե­­­ցած փոր­­ձա­­­ռու­­թիւննե­­րէն օրի­­նակ­­ներ թո­­ւելով։

Ժաք­­լին Չա­­թալ ալ իր դի­­տար­­կումնե­­րը ուղղեց հայ հա­­սարա­­կու­­թեան մէջ նկա­­տած դա­­սակար­­գա­­­յին տար­­բե­­­րու­­թիւննե­­րուն։ Այ­­րիշխան հա­­սարա­­կու­­թեան պար­­տադրանքնե­­րուն, այս բո­­լորին դի­­մաց ան­­հա­­­տակա­­նացած ու իր սե­­փական որո­­շումնե­­րը առ­­նե­­­լու կա­­րողու­­թիւն ու­­նե­­­ցող կնոջ կեր­­պա­­­րին։ Այդ կեր­­պա­­­րին հա­­սարա­­կու­­թեան մէջ ըն­­կալման եղա­­նակին եւ տե­­ղի տա­­լիք խո­­չըն­­դոտնե­­րուն անդրա­­դար­­ձաւ Ժաք­­լին Չաթալ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ