ԹՈՒՆԱՒՈՐՈՒԱԾ ՇՈՒՆԵՐՈՒ ՊԱՏՍՊԱՐԱՆԸ

Քերիմ կամ Քատիր էր անունը, բաւական երկար ժամանակ անցաւ յստակ չեմ յիշեր, բայց ան իմ յիշողութեան մէջ դրոշմուեցաւ «Տոկմեն» ըլլալով։ Ես մինչեւ օրս շուներուն իր նման գուրգուրանք ցուցաբերող ոչ մէկը տեսած եմ։ Շուներն ալ փոխադարձաբար վստահութեան անհուն զգացումով զինք կը շրջապատեն, իր կողքէն չեն բաժնուիր։ Քիւչիւքչեքմեճէի հիւսիսային հատուածին Առնաւութքէօյի շրջակայքը շուներու պատսպարանոցի մը մէջ կամաւոր կ՚աշխատէր։ Քանի մը անասնաբոյժ եւ իրենց օգնականներու ձեռքով այդ պատսպարանը շահագործուած, թունաւորուած շուներու բուժման կեդրոնի մը վերածուած էր։ Նախապէս ալ լսած էի այս կեդրոնին մասին, բայց տեղը չէի կրցած ստուգել։ Ոչ ոք ճշգրիտ կերպով գիտէր անոր տեղը։ Վերջապէս աղջիկս, որ այդ ժամանակ բաւական թերատի էր յաջողեցաւ իմանալ այդ վայրը եւ առաւօտ մը ընտանեօք այցելեցինք։

Մանկական միամտութեամբ տիրացուած եւ ապա խնամելու դժուարութենէն ձանձրանալով լքուած անասունները քաղաքի տարբեր թաղամասերէն հոս կը բերուին եւ իբրեւ թէ կը լքուին բնութեան գիրկը։

Այդ կեդրոնը երթալով այդքան շատ թիւով խնամքի կարօտ անասուններու հետ հանդիպելը բոլորիս ալ տրամադրութիւնը խանգարած էր։ Այստեղի գոյատեւման համար ոմանք մեծ քանակութեամբ կեր կը բերեն, ոմանք ալ դեղորայք կամ այլ նիւթեր ապահովելու համար նիւթական աջակցութիւն կ՚ընեն։ Երկու կամաւոր անասնաբոյժ կը դժուարանային այսքան շատ անասունի հետ գլուխ ելլելու։

Ողբերգական պատկերէ մը յուսադրիչ պատում մը հիւսելու համար աշխատող մարդկանց հանդիպելով մենք ալ ոգեւորուած էինք։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ