Կը մեկնարկէ Հրանդ Տինք Հիմնարկի հայերէնի դասընթացքները

16Մարտին կը մեկ­­նարկէ Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկի Գա­­լուստ Կիւլպէն­­կեան Հիմ­­նադրա­­մի հետ գոր­­ծակցե­­լով կազ­­մա­­­կեր­­պած հա­­յերէ­­նի դա­­սըն­­թացքնե­­րը։ Ըն­­դա­­­մէնը 72 ժա­­մուայ տե­­ւողու­­թեամբ նա­­խատե­­սուած դա­­սըն­­թացքնե­­րը պի­­տի կա­­յանան շա­­բաթը եր­­կու օր եւ ըն­­դա­­­մէնը վեց ժամ տե­­ւողու­­թեամբ։

Դա­­սըն­­թացքնե­­րու աւար­­տին մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րը առա­­ջին մա­­կար­­դա­­­կի վրայ գրա­­ճանաչ պի­­տի դառ­­նան։ պի­­տի կրնան առօ­­րեայ ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րը խօ­­սիլ եւ պարզ նա­­խադա­­սու­­թիւննե­­րը հասկնալ։

Այս մա­­կար­­դա­­­կի դա­­սըն­­թացքնե­­րը տե­­ղի կ՚ու­­նե­­­նան եր­­կուշաբ­­թի եւ չո­­րեք­­շաբթի օրե­­րը 18.00-21.00 ժա­­մերու մի­­ջեւ։

Երկրորդ մա­­կար­­դա­­­կի մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րը ար­­դէն տի­­րապե­­տած են առա­­ջին մա­­կար­­դա­­­կի դա­­սըն­­թացքին եւ իրենց հե­­տաքրքրո­­ւած նիւ­­թե­­­րու մէջ պի­­տի կրնան ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւիլ աւե­­լի բարդ նա­­խադա­­սու­­թիւննե­­րով։

Այս մա­­կար­­դա­­­կի դա­­սըն­­թացքներն ալ պի­­տի կա­­տարո­­ւի երեք­­շաբթի եւ ուրբաթ օրե­­րը, դար­­ձեալ 18.00-21.00 ժա­­մերու մի­­ջեւ։

Եր­­րորդ մա­­կար­­դա­­­կը այ­­լեւս ի վի­­ճակի է, թէ գրա­­ւոր եւ թէ բա­­նաւոր ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւելու յատկու­­թեան։

Դա­­սըն­­թացքնե­­րը պի­­տի կա­­յանան հինգշաբ­­թի 18.00-21.00 եւ շա­­բաթ 10.00- 13.00 ժա­­մերու մի­­ջեւ։

Բա­­ցի այս հա­­յերէ­­նի գի­­տելիք­­նե­­­րը զար­­գացնել ու­­զողնե­­րու հա­­մար հիմ­­նարկը կը ձեռ­­նարկէ հա­­յերէն ըն­­թերցման աշ­­խա­­­տանոց­­նե­­­րու։

10 նիս­­տե­­­րով նա­­խատե­­սուած ըն­­թերցման աշ­­խա­­­տանո­­ցի ժա­­մերն են շա­­բաթ օրե­­րը 14.00-16.00-ի մի­­ջեւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ