ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Փարոս

Անցեալ շաբաթ կարօտով փարած էինք «համբոյր» բառին, երբ նորելուկ համաճարակ մը այսօր համաշխարհային հանրութեան կը հրամայէ հեռու մնալ ամէն տեսակ յարաբերութենէ, ներառեալ՝ համբոյրէ։ Այս մութ եւ անորոշ ժամանակներուն, երբ բոլորս բանտարկուած ենք բնակարաններէն ներս, որպէսզի լուսաւորուի օրը, որոշեցի կրկին անդրադառնալ հայկական շատ փայլուն բառի մը մասին... փարոս։ «Կրկին» կ՚ըսեմ, որովհետեւ, տարիներ առաջ, կը յիշէ՞ք, զրուցեր էինք անոր մասին։ Իսկ այսօր խնդրենք, որ հայկական «փարոս»ը իր ամբողջ հզօրութեամբ շողայ ու ցոյց տայ, թէ իր լոյսը ինչքան հեռու տեղեր հասեր է ու լուսաւորեր է մեր միտքը։

Դուք, յարգելի ընթերցող, կ՚ուզէ՞ք նախ գիտնալ, թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս «կառուցուեցաւ» այդ բառը։ Պատմեմ։ (Բայց, նախ ստուգաբանութեան հետքերով ճամբորդենք Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա նորակառոյց քաղաքը, որպէսզի ականատես ըլլանք, թէ «փարոս»ը ինչպէս ծովէն բարձրացաւ քար առ քար, յարկ առ յարկ։)

Ք.Ա. 305 թուականն է։ Երկու տասնամեակ մը առաջ մահացած է Մեծն Աղեքսանդրը։ Միջերկրականի վրայ, Նեղոսի արեւմտեան ափին անոր շինած համանուն քաղաքը, իր նորակառոյց նաւահանգիստով, սկսած է փայլելու վառ գեղեցկութեամբ։ Պտղոմէոս Ա.ը, Աղեքսանդրի զօրավարներէն ու անոր եօթը թիկնապահներէն մէկը, դարձեր է Եգիպտոսի կառավարիչը։ Ան կ’որոշէ նաւահանգիստը պսակել լուսատու կոթողային աշտարակով մը։ Յարմար կը տեսնուի զայն կառուցել ափամերձ ամայի կղզեակի մը վրայ, որուն անունն է Փարոս։ Այդ շինարարութիւնը, յարգելի ընթերցող, պիտի տեւէ 12 տարի, պիտի աւարտի Պտղոմէոս Բ.ի օրով։ Եռայարկ աշտարակը ծրագրուած էր ունենալ 120-130 մ. բարձրութիւն, առաջին յարկը ըլլալու էր քառակուսի, երկրորդը՝ ութանկիւն, իսկ երրորդը՝ բոլորաձեւ։ Իսկ գագաթի վրայ ունենալու էր խարոյկ։ Ճարտարապետները, սակայն, չէին ծրագրած, թէ աշտարակի անո՛ւնը պիտի դառնար համասփիւռ ու պիտի լուսաւորէր բազմաթիւ լեզուներ։ Այժմ խօսինք բառի զարգացման մասին։

«Փարոս»ը եգիպտական բառ է։ Կը կարծուի, թէ «փ» նախաձայնը որոշիչ յօդ է, իսկ «արոս» կը նշանակէ «պահակ»։ Ժամանակի ընթացքին, «Փարոս» յատուկ անունը դարձաւ հասարակ անուն։ Ան մտաւ յունաց լեզուն, ապա լատիներէն, լատինածին լեզուներ, սլաւոնական լեզուներ, իսկ վերջապէս՝ սպանական առագաստներով հասաւ Հեռաւոր Ասիա՝ Ֆիլիպիններ։ Բառը ստացաւ հետեւեալ ձեւերը- pharus, phare, phar, pha, parol, faro, fara, far, hvar, որոնք կամ լուսատու աշտարակ են, եւ կամ՝ ինքնաշարժերու եւ այլ մեքենաներու լուսարար կազմածը։ Բայց, փարոսի շինարարները չէին նախատեսած, թէ աշտարակին անունը պիտի դառնար նաեւ գեղապաշտ բանաստեղծներու, յատկապէս Վահան Տէրեանի, ներշնչման աղբիւրը։

Կասկած չկայ։ Հայկական քնարերգութեան մէջ ամէնէն շատ Վահան Տէրեանն է, որ առինքնուած ըլլալ կ՚երեւի «փարոս» բառով։ Մէկ բանաստեղծութեան մէջ ան քսանամեայ բանաստեղծի համար թովիչ, բայց դաժան սիրահար է, իսկ մէկ այլ ստեղծագործութեան մէջ մենութիւն եւ խաւար, որովհետեւ բացակայ է «փարոս»ը, -փոխաբերութիւն մը՝ սիրածի աչքերուն համար յաճախ գործածուած. «Ւմ հոգին ծովերում անծանօթ - / Մենաւոր ու մոլոր մի նաւակ... / Ինձ հեռուից լոյս փարոս չի կանչում, / Չի ժպտում ինձ խաղաղ հանգրուան»։ Օգտակար է գիտնալ, թէ «փարոս»ը կրնայ թէ՚ նաւերուն լոյս տալ եւ թէ հոգիներուն տանջանք։ Տէրեանն է դարձեալ. «Մոլորուածին անխօս կանչող փարոսի շող, / Քո աչքերը հոգի տանջող»։ Տէրեանին կը պատկանին նաեւ հետեւեալ տողիկները. «Սեւ գիշերն իջաւ իր անյայտ գահից... / Խաւարեց հեռւում փարոսը հետին», «Փարոսում ես դո՛ւ, քաղցր պատրանք... / Անունդ թող փարոս լինի ինձ / Սուտ կեանքի եւ դառը մահու դէմ...»։

Եղիշէ Չարենցի համար փարոսը միշտ չէ, որ կը ցոլացնէր թախծոտ տրամադրութիւններ, ընդհակառակը՝ ան աղբիւրն էր պայծառ միտքերու։ Ահա «Մեր Լեզուն» բանաստեղծութիւնը. «Մեր լեզուն ճկուն է ու բարբարոս, / Առնական է, կոպիտ, բայց միեւնոյն պահին / Պայծառ է նա, որպէս մշտաբորբոք փարոս»։

Մեր ազգը, որ այնքան յափշտակուած ըլլալ կ՚երեւի «փարոս»ով եւ անոր ներշնչած լուսաւորութեան գաղափարով, անկասկած պիտի ունենար իր մարդացած փարոսները։ Մանկավարժ, բանաստեղծ եւ հրապարակախօս Ռէթէոս Պէրպէրեանի համար Մխիթար Սեբաստացին էր այդ փարոսներէն մէկը։ Աբբայի երկը հարիւրամեակին նուիրուած յօդուածին մէջ Պէրպէրեանը «փարոս լուսասփիւռ» կ՚որակէ մեծ Սեբաստացիին, «Հանդէս Ամսօրեայ», 1901։ Սիամանթոյի համար գիրերու գիւտարարն էր հայոց մեծագոյն փարոսը։ «Գիւտին Փառքը» բանաստեղծութեան մէջ կարդացինք. Մեսրո՛պ... / Դո՛ւն՝ մանուկներու մերկ ուղեղէն / Մինչեւ հանճարը ցոլքեր ցանող / Գիտակցութեանց անգի՛ւտ փարոս»։ Թումանեանի գրիչով, պարմանուհի Թամարը դարձաւ փարոս, լողորդ տղու մը համար. «Խաւար կղզուց պարզ ու պայծառ / Մի լոյս կանչում է նրան, / Մի վառ փարոս նրա համար, / Չմոլորի իր ճամբան»։ Իսկ Դանիէլ Վարուժանը, դասական գեղեցկութեան երկրպագու քնարը, արգաւանդ օր մը, նկարագրեց մէկ այլ «փարոս»՝ Պտղոմէոսներու տոհմի վերջին թագուհի Կղէոպատրան, որ արքայական նաւակով Անտոնէոսը տեսնելու համար կը սուրայ Միջերկրականն ի վեր. «Սահէ՛, ո՛վ նաւ... / Բամբի՛շ, գոհարը թագիդ / Եղաւ Քաղքին ա՛լ փարոս։ / Աչքը քեզի անքըթիթ / Հոն կը սպասէ Անտոնէոս»։

«Փարոս» բառը լուսատուն եղաւ նաեւ հայկական մամուլին։ Այդ բառը եղեր է բազմաթիւ գիրքերու խորագիր, ինչպէս՝ «Փարոսի մը պատմութիւն», «Փարոսի պահապանները», «Կարմիր Փարոս», «Նոր Փարոս», «Փարոսի վրայ», նաեւ երգարան մը Նիւ Եօրքի մէջ, մայրենի լեզուի քերական եւ ընթերցարան մը Տիթրոյիթի մէջ, օրացոյց մըն ալ Թիֆլիսի մէջ, մեծագոյն փայլը ունեցաւ որպէս տպարան։ «Փարոս» անունով հայկական տպարաններ ազգի լուսաւորութեան ծառայած են հայրենիքէն մինչեւ սփիւռքի հեռաւոր գաղութները- երախտապարտութեամբ փորձենք յիշել բոլորը- Պարտիզակ, Թիֆլիս, Սոխումի, Պագու, Սոֆիա, Պոլիս, Մոսկուա, Կիրովական, Սպիտակ, Ախալքալաք, Երեւան, Ֆրեզնօ, Սիտնի, Պէյրութ, Պլովտիւ, Ֆիլատելֆիա, Գահիրէ, Թէհրան, Նիկոսիա եւ Լոնտոն։ Յիշենք նաեւ, թէ Գահիրէի մէջ 1897 թուականէն մինչեւ 1927 գործած «Փարոս» տպարանը խմբագրած է նաեւ «Փարոսէ լրագիրը։ Խորհրդային Հայաստանի մէջ ան փայլեր է, որպէս բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյ, «Այս Գրքոյկը Պիտի Խօսի Ծովի Մասին ու Փարոսի», 1953, Երեւան։ Իսկ այսօր, այդ ծառայասէր օտար երկվանկը, հայրենիքի մէջ կը լուսաւորէ խումբ մը երաժշտասէր հայրենակիցներու կեանքը, միակը երկրագունդի վրայ, որպէս հաշմանդամներու յատուկ, միջազգային մրցանակներու դափնեկիր, «Փարոս սենեկային երգչախումբ»։

Իսկ այժմ առաջարկ կայ, -հայրենի դասախօս, պատմաբան Սոնա Նազարեանի յուսատու առաջարկը-, թէ ամբողջ Հայաստա՛նը դառնայ... փարոս. «Հայաստանը պէտք է դառնայ հային տուն կանչող տուն ու փարոս»։ Յուսանք, թէ «փարոս» բառը եւ անոր կանչը կ՚առինքնէ մեր բոլոր ընթերցողներուն։ Մնացէք լուսաւոր։