Պարոն Սերովբեանի բացակայութեամբ հինգ տարիներ

Ուղիղ հինգ տարի առաջ 28 Մարտին էր, որ մահացաւ «Ակօս»ի հիմնադիրներէն Սարգիս Սերովբեան։ Ան անխոնջ նուիրեալ մըն էր հայոց պատմութեան, որ ամբողջ կեանքի ընթացքին ուսումնասիրեց եւ գիտելիքներն ալ շռայլօրէն բաժնեց իր ժողովուրդին։ Ոմանք նկատի ունենալով անոր թեքնիկ մասնագիտութիւնը, կը փորձէին անտեսել իր վաստակը։ Ինք ալ երբեք տարբեր յաւակնութիւն մը չէր ունեցած։ Ամէն առթիւ ճակատաբաց եւ ինչու չէ որոշ հպարտութեամբ ինքզինք կը ներկայացնէր իբրեւ սառնարանի նորոգիչ։

Ճիշդ է ակադեմական չէր Սերովբեան, աւելին՝ ան ինքնին ակադեմիա մըն էր։ Դպրոց մը՝ որ ինք դրած էր հիմնաքարը հետեւելով նախնեաց ուխտին։ Իր հիմնած դպրոցի դասատուն էր ան, նախ թերթին մէջ լոյս տեսած գրութիւններով, մանաւանդ ալ կազմակերպած շրջագայութիւններով, որոնց շնորհիւ բազմաթիւ անձեր առիթը ունեցան այդ մեծ պաշարէն գիտելիքներ քաղելու։ Իսկ ովքե՞ր էին Սերովբեանի աշակերտները, դժուար է մէկ անգամով պատասխանել։ Բոլոր անոնք, որոնք երկրի այս կամ այն գաւառի մասին, իրենց պապենական երկրի, ընտանիքի կորած մասնիկներու մասին հարցումներով կը դիմէին «Ակօս»ի նախկին խմբագրատունը, Սերովբեանի աշխատասենեակին։

Պոլսահայ համայնքը քաղքենի բարքերէն դուրս մնացած կատարեալ մտաւորական մը ունէր, որուն բացակայութիւնով գոյացած պակասը դեռ երկար ժամանակ կարելի պիտի չըլլայ լրացնել։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ