Շիրիմ պղծողներուն ներողութիւնը

Ընդհանրապէս քրտաբնակ տարածք մըն է երկրի հարաւ արեւելեան շրջանի քաղաքներէն Մարտինը ու իր գաւառները։ Նոյն վայրը քրիստոնեայ ասորիներու պատմական հայրենիքն է, որ կը կոչեն նաեւ «Թուր Ապտին»։ Ասորիներ այսօր ալ այս տարածքի վրայ կ՚ապրին մոլեռանդ քիւրտերու յատկապէս ալ իշխանութեան հետ գործակցող աշիրաթներու հալածանքը։ Տակաւին չէ յայտնաբերուած քաղդէացի Տիրիլ ամուսիններու դէպքը։ Այս առումով ալ յարմար նկատեցինք մեր տերիքցի բարեկամ Էյյիւպ Կիւվենի սոյն գրութիւնը բաժնել մեր ընթերցողներուն հետ։

ԷՅՅԻՒՊ ԿԻՒՎԵՆ

Շուրջ 30 տարի անցած էր մեծ եղեռնէն, հայոց ցեղասպանութենէն այս կողմ։ Մեր հայ բարեկամները իրենց ապրած սարսափին ազդեցութեան տակ էին։ Միշտ զգոյշ կը մնային։ Արդէն ուրիշ ճար մըն ալ չունէին։ Աւատատիրական համակարգը ոչ անցեալին, ոչ ալ այսօր դոյզն իսկ չէր խղճացած իրենց։ Հիմա ալ չեն խղճար։ Եթէ իրենց հարցնես նոյնիսկ կրնան ըսել, թէ ինչպէս պահած պահպանած են քանի մը ընտանիքները։ Մինչդեռ Պրուսա քաղաքէն ճամբայ ելլող հայ տարագրեալներէն 1,500 հոգի այս հողերուն վրայ սպաննուեցան։ Ափսոս որ մենք այս բարի մարդկանց զգայնութիւններէն օգտուեցանք եւ անվարան գործադրեցինք ֆէօտալ փառքերու ամենաբարբարոս եղանակները։ Մինչդեռ տարիներով իրենց հետ ապրած էինք, բայց աներեւակայելի տանջանքներու մատնեցինք զիրենք։ Այսօր ձեզի կը պատմեմ 1915-էն մինչեւ մեր օրերը ծածուկ մնացած դէպքերէն մէկը։

1942 թիւն է, Տերիքի մէջ երկու տարիէ ի վեր անձրեւ չէ տեղացած։ Այստեղի ժողովուրդի համար միակ ճարը անձրեւի համար աղօթել էր հաւաքաբար։ Բայց այդ աղօթքներն ալ ապարդիւն մնացին։ Աւելին՝ աղօթքի համար մէկտեղուածներէն ծագեցաւ սատանայական խորհուրդ մը։

Հրահանգը վճռողը օրուայ իշխանութիւններուն հետ լաւ կապեր հաստատած մոլլաները եղան։

«Եթէ մէկը նոր մահացած հայու մը գլուխը ջրհորը նետէ, իսկոյն անձրեւ պիտի տեղայ»։ Լուրը շուտով տարածուեցաւ։ Տերիքի հայոց գերեզմանատունը այս յիմար առաջարկին ծառայել ցանկացողներու ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։ Հազիւ քանի մը օր անցած էր, երբ Տերիքի հայոց ծանօթ դէմքերէն Ռըզգուլլահ Եոնթան մահացաւ։ Յաջորդ օր, որովհետեւ լուսաւորման սարքեր ալ չունէին, ձեռքով շօշափելով թաց հողը գտան։ Հողը թաց է ուրեմն նոր փորուած ըլլալու է խորհեցան։ Չէին գիտեր թէ սխալած էին։ Սկսան փորել այս վերջին թաղումէն բաւական առաջ մերած Դանիէլ Կեչերի շիրիմը։ Տակաւին մէկ օր առաջ հարազատները այցելած էին իրենց հօր գերեզմանը եւ ջրած էին հողակոյտին վրայ իրենց տնկած ծաղիկները։ Ահա այդ թացն էր որ սխալեցուց տխմար միտքէն տարուած մոլեռանդները։

Հասան Դանիէլի կամ ալ այդտեղ աւելի ծանօթ անունով Տանոյի դիակին։ Սկսան իրենց ձեռքի գործիքներով գլուխը մարմինէն անջատել։ Վզին տուած հարուածները պատճառ դարձաւ, որ դիակին աջ թեւը ինքնաբերաբար վեր բարձրանայ։ Պահ մը սարսափեցան այս անսպասելի շարժումէն, բայց յաջողեցան գլուխը մարմինէն անջատել։ Դրին տոպրակի մը մէջ եւ տարին Մալա Հեճի Միքայիլի տան պարտէզի աւազանը նետեցին։

Յաջորդ օր գաւառը ցնցուեցաւ դէպքը լսելով։ Հայերը զարհուրած էին։ Անգամ մը եւս փաստուած էր, թէ ծանր վտանգի տակ են իրենց հարեւաններուն պատճառաւ։ Հայ համայնքի առաջնորդները ժողով գումարելով պարգեւ խոստացան անջատուած գլուխը բերողին։ Լուրը շուտով տարածուեցաւ եւ տեղւոյն Ապահովութեան Ուժերն ալ խուճապի մատնուեցան։ Բաւական երկար ժամանակ ետք կտրուած գլուխը գտնուեցաւ եւ դարձեալ նոյն շիրիմը դրուեցաւ։ Այդ դէպքէն ետք Դանիէլի ընտանիքէն որու որ հանդիպին «Մալա Քաֆօ» այսինքն (կտրած գլուխի ընտանիք) կոչեցին։

Երբեմն ոմանք կ՚ելլեն «Մեր նախնիները հայոց ինչքերը գրաւած են, ներողութիւն կը խնդրենք» կ՚ըսեն։ Այս արտայայտութեան մէջ ես միայն ու միայն ստորին ծիծաղ մը կը տեսնեմ եւ ուրիշ ոչինչ։

Տերիքի ամէն մէկ քայլափոխին, ամէն մէկ քարին, ծառին, տունին, պարտէզին, արտին կամ աղբիւրին վրայ հայուն ճակտի քրտինքը կայ։ Այս գաւառը Տերիք որ եղաւ հայուն շնորհիւ էր։

Այս գրութեան հետ կը բաժնեմ հայու մը թալանուած տան լուսանկարը։ Յուշագրութիւն մը կար այդտեղ, որ այսօր չկայ։ Տէրերը չէինք կրցած պահպանել, գոնէ քարը պահէինք։ Ո՞ր մէկը գրեմ…։

Այսօր մեր համաքաղաքացիները լծուած են նոր շինութեան ներումէն օգտուելով անգամ մը եւս հայապատկան տարածքները իրենց անունով գրանցելու գործին։ Թէ մեղաւոր, թէ զօրաւոր, աւազակ, թալանող, ստախօս եւ կեղծաւոր…։

Մենք ո՞ր երեսով «ներողութիւն» կրնանք ըսել։ Չեմ հասկցած։…։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ